ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վերջին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը այլ խորհուրդով մը պատած է Հայաստանի մթնոլորտը, որ Արցախի կորուստով պայմանաւորուած՝ տխուր էր եւ յուսակտուր: Մայր Աթոռէն սփռուած աղօթքը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասին համալրումը լաւի ակնկալութեան յոյսեր սփռեցին:

Հինգ եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան եւ օծումի յաջորդ օրը անոնք մատուցեցին իրենց ուխտի սուրբ պատարագները:

Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգի բարձրագոյն աստիճանին արժանացած եպիսկոպոսներուն հետ փորձեցինք զրուցել հայութեան համար ծանր այս օրերուն արժանի ու նուիրական այդ կոչումը ստանալու իրենց զգացողութիւններուն մասին: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան ուխտի իր պատարագը մատուցեց Վաղարշապատի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ: Միջնադարեան նշանաւոր այս սրբավայրը բազում պատարագներ տեսած է, եւ ամէն պատարագէ ետք, կարծես առաւել վեհաշուք կը դառնայ անոր տեսքը: Իր քարոզին մէջ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան յիշեցուց նաեւ, որ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին բազում ոգեշնչումներու առիթ դարձած է եւ անոր նմանութեամբ կառուցուած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի մայր տաճարը՝ Ս. Վարդան եկեղեցին: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ, որոնք նախորդ օր ալ մասնակից եղած էին իրենց սիրելի առաջնորդի օծումին եւ ձեռնադրութեան:

Նորաօծ եպիսկոպոսը իր կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկուն՝ ուխտի պատարագին մտաբերեց մանկութեան օրերը, ըսելով, որ այս օրերուն մանաւանդ շատ կը յիշէ մանկութիւնը՝ Երեւանի փողոցներուն մէջ, եւ այդ ժամանակ էր, որ ինք ուխտագնացութեան մը ձեռնարկած էր ու այդ ճանապարհին էր, որ Աստուած կանչած է զինք՝ ծառայելու իր եկեղեցիին: Ուխտագնացութեան ճանապարհին Աստուծոյ ձայնը լսելէ ետք, ան ըսաւ, որ արդէն միշտ Աստուած իր ձեռքը բռնած առաջնորդած է:

Ներկայացնելով իր հոգեւոր գործունէութենէն դրուագներ՝ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան Աստուծոյ հանդէպ երախտագիտութեան, գոհունակութեան եւ փառաբանութեան զգացումներուն զուգահեռ իր որդիական շնորհակալութիւնները յայտնեց ծնողքին, ընտանիքին, որոնք մանկութենէն սկսեալ քաջալերած են, որպէսզի քայլ առ քայլ հասնի այս մեծ խորհուրդին: Ան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին, որ ինչպէս ինք ըսաւ. «Ձեռքը դրած է իմ գլխուս վրայ, եւ իմ օծակից եղբայրներուս գլխուն վրայ եւ օծած է մեզ եպիսկոպոս իշխան Հայ Եկեղեցւոյ»: Շնորհակալութիւններ յայտնեց իր դասախօսներուն, ուսուցիչներուն, ուսումնակից եղբայրներուն, շատ-շատերուն, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հաւատացեալ հայերուն՝ անոնց սիրոյ, քաջալերանքի, նուիրումի համար: Պատարագէն ետք ան իր առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։

*

-Սրբազան Հայր, ձեր օծումը համընկնեցաւ հայութեան համար դժուարին եւ ծանր այս օրերուն, այդ առումով ինչպիսի՞ն են ձեր զգացողութիւնները:

-Այո՛, մեր ազգի համար այս ծանր օրերուն, երբ մենք ազգովին ականատես եղանք Արցախի կորստեան, ինծի համար, որպէս հայ մարդ, հայ հոգեւորական, իրաւապէս, ցաւը մեծ է: Ես իմ քարոզիս մէջ ալ նշեցի, որ Աստուած զիս կանչած է ուխտագնացութեան ճանապարհին. երբ ես 14 տարեկան էի՝ 14 օր քալեցի Երեւանէն մինչեւ Գանձասար, սուրբ վանք: Ու այսօր, երբ Հայաստանի մէջ եմ, իսկ հնարաւորութիւն չկայ Գանձասար երթալու, ինծի համար եւ մեր ժողովուրդին համար, անշուշտ, մեծ ցաւ է: Եւ այս իրավիճակին մէջ է, որ հոգեւորականի, առաջնորդի, եպիսկոպոսի առաքելութիւնը կը կարեւորուի եւ կ՚ընդգծուի, որ մենք կոչուած ենք մեր ժողովուրդին մանաւանդ այս մռայլ օրերուն աստուածային լոյսը փոխանցելու: Կոչուած ենք փոխանցելու, որ Աստուած՝ մեզ սիրող հայրը, կը հասկնայ մեր ցաւը եւ մեզի հետ կը սգայ: Կոչուած ենք փոխանցելու, որ Աստուած պէտք է տեսնէ մեր ազգի, մեր ժողովուրդի հետ կատարուած բոլոր անիրաւութիւնները եւ որ այս աշխարհին մէջ եւ երկինքին մէջ արդարութիւն մը գոյութիւն ունի: Եւ որպէս հոգեւորական, որպէս եպիսկոպոս, կոչուած ենք քարոզելու Աստուծոյ խօսքը, բերելու Աստուծոյ խօսքին մխիթարութիւնը մեր ժողովուրդին, ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը Ս. Աւետարանը դրաւ մեր ուսերնուս՝ ըսելով, որ Աստուած իր միածին որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ղրկեց աշխարհ մեզի համար, քանի որ կը սիրէր մեզ: Եւ Յիսուս Քրիստոս խաչուեցաւ, չարչարուեցաւ մեր մեղքերուն համար եւ Աստուած Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ կը հասկնայ մեր ցաւը, տառապանքը եւ մեզի հետ կը քալէ այդ տառապանքի ճանապարհով:

Գիտէք, որ անցեալ տարի ես ինքնաշարժի շատ ծանր արկած ունեցայ եւ այդ վերականգնողական ընթացքին քանի՜ցս, քանի՜ցս ես զգացի Աստուծոյ աներեւոյթ ձեռքին ներկայութիւնը իմ կեանքիս մէջ: Ան ուժ տուաւ ինծի, առաջնորդեց եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհիւ մեր ժողովուրդի աղօթքներուն, այսօր ալ ձեռնադրուեցայ որպէս եպիսկոպոս Հայ Եկեղեցւոյ եւ ահաւասիկ անդրանիկ պատարագս մատուցանեցի Ս. Հռիփսիմէ այս գեղահրաշ տաճարին մէջ:

-Մեր ապրած այս օրերուն առընչուող մտահոգութիւններով ալ կը վերադառնաք սփիւռք, որուն հայեացքը մշտապէս յառած է Մայր Հայաստանին: Սփիւռքահայերուն ի՞նչ պիտի փոխանցէք, ի՞նչ ունիք ըսելիք Հայաստանէն դառնալով:

-Սփիւռքի մեր ժողովուրդը, այո՛, իր հայեացքը միշտ յառած է դէպի Մայր Հայաստան, որովհետեւ մեր ինքնութեան, մեր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն ակունքը այստե՛ղ է, եւ այստեղէ՛ն մենք սնունդ կ՚առնենք: Եւ ամէն իրողութիւն, իրադարձութիւն մայր հայրենիքին եւ Արցախին մէջ, ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կ՚ազդէ սփիւռքահայութեան վրայ: Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ ու մեր թեմ, մեր ժողովուրդին իմ պատգամս ու իմ առաքելութիւնս պիտի ըլլայ, որ մենք, իբրեւ ժողովուրդ, որպէս հայ քրիստոնեաներ աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ՝ հզօրանանք: Հզօրանանք մանաւանդ՝ սփիւռքի մէջ, որպէսզի կարողանանք մեր օժանդակութիւնը աւելիով բերել մեր հայրենիքին: Այս օրերուն մենք հասկցանք, որ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին իրապէս սփիւռքը ամբողջովին կեդրոնացած էր մայր հայրենիքին օգնելու եւ օժանդակելու գործին վրայ, բայց ինքը՝ սփիւռքն ալ տկարացաւ: Այսօր տկար է մեր սփիւռքը եւ ատոր համար ալ մենք կոչուած ենք կրկին մեր ուշադրութիւնը ուղղելու սփիւռքի համայնքներուն վրայ եւ հզօրացնելու, որովհետեւ հզօր սփիւռք կը նշանակէ հզօր հայրենիք եւ հզօր հայրենիք կը նշանակէ հզօր սփիւռք: Ուրեմն, ձեռք ձեռքի տուած, պէտք է նորէն ոտքի կենանք, ինչպէս մեր նախնիք, անցան ցաւի, տառապանքի միջով, եւ ոտքի կեցան, շարունակեցին արարել, մենք ալ, այսօր, այս դժուարութիւններէն, այս նեղութիւններէն, զրկանքներէն յետոյ ոտքի պիտի կենանք Տիրոջ օրհնութեամբ եւ շարունակենք մեր յաւերժ ընթացքը:

-Նաեւ օտարներո՛ւն այս օրերուն մեր ձայնը հասցնելու կարեւորութեան մասին ի՞նչ կ՚ըսէք, մանաւանդ դուք՝ ձեր ծառայութեան մէջ ունիք ատոր անմիջական հնարաւորութիւնը:

-Այդ պատճառով է նաեւ, որ ըսի, թէ մենք տկար ենք, սփիւռքի ձայնը թոյլ կը հնչէ՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Խորհուրդի, Եւրոպայի մէջ եւ այլուր, որովհետեւ պէտք է մենք հզօր ըլլանք, որպէսզի օտար պետութիւնները հաշուի նստին մեզի հետ: Եւ գիտէ՛ք ինչպէս է այդ կարգը՝ աշխարհի մէջ նկատի կ՚առնեն քուէարկութեան ձայները եւ երբ տեսնեն կազմակերպուած հզօր հայ համայնք, այն ժամանակ լսելի կ՚ըլլայ մեր ձայնը եւ մենք կը կարողանանք մեր ազգային խնդիրները, հարցերը բարձրացնել միջազգային հարթակներու վրայ՝ զանազան պետութիւններու քով: Ուրեմն այս առումով ալ մենք պէտք է քաջալերենք մեր երիտասարդները, մեր խելացի հայորդիք, որպէսզի ներգրաւուին զանազան միջազգային կազմակերպութիւններու, երկիրներու քաղաքական, գիտական, ասպարէզներէն ներս, տնտեսութեան մէջ, առհասարակ՝ բոլոր ոլորտները, որպէսզի մենք ունակ ըլլանք եւ մեզի հետ հաշուի նստին:

-Այս ամէն ինչը կարծես ինչ-որ չափով կը կատարուի, բայց ամէն անգամ մենք կրկին կը յայտնուինք վատ վիճակի մէջ ու նորէն կը յուսահատինք, կ՚ընկճուինք, ա՛յդ պարագային ի՞նչ ընել:

-Ընկճուած վիճակէն դուրս գալու ելքը աշխատանքն ու աղօթքն է: Գեղեցիկ խօսք մը կայ, կ՚ըսէ՝ աղօթէ այնպէս, կարծես ամէն ինչ կախուած է Աստուծմէ եւ ջանասիրէ այնպէս, կարծես ամէն ինչ կախուած է քեզմէ: Մենք պէտք է ե՛ւ աղօթենք ե՛ւ աշխատինք: Եւ հիասթափութիւնը, յուսալքուածութիւնը, ընկճուածութիւնը… ասոնք թերահաւատութեան նշաններ են: Մենք իրաւունք չունինք ընկճուելու, յուսահատելու: Եթէ մենք կը հաւատանք մեր Տէր Աստուծոյ, կը վստահինք մեր Տէր Աստուծոյ եւ մեր ուժերուն, ապա ինչքան ալ դժուարին իրավիճակ ըլլայ, պէտք չէ թերահաւատութեան նշաններ ցոյց տանք, այլ պէտք է առաջ նայինք:

-Ձեր օծակից եղբայրներուն ի՞նչ կ՚ըսէք, որովհետեւ իրենցմէ ամէն մէկն ալ պիտի վերադառնայ տարբեր երկիր մը եւ շարունակէ իր առաքելութիւնը:

-Իմ օծակից եղբայրներէս ես խնդրած եմ, որ աղօթեն ինծի համար: Իմ լծակից եղբայրներս են՝ մենք Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ միասին ենք, ես ալ կ՚աղօթեմ իմ եղբայրներուս համար, ամէն մէկը կարեւոր առաքելութեամբ մը այս օրերուն պիտի մեկնի իր թեմ եւ անոնցմէ երկուքն ալ՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւն: Բոլոր տեղերն ալ խնդիրներ կան, դժուարութիւնները, նեղութիւնները ամեէնուր են, ու այս աղօթական միութեամբ, եղբայրական սիրով աղօթակից ըլլալով իրարու՝ կարողանանք յառաջ ընթանալ եւ Աստուծոյ օգնութեամբ մխիթարութիւն բերել մեր ժողովուրդին եւ մեր առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարենք:

ՀՈԳԵՒՈՐ ԾՆՈՂԸ՝ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՍՎԱՃԵԱՆ

Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, աւազանի անունով Արամ, ծնած է 1981 թուականի մայիսի 15-ին՝ Երեւան, Միհրան եւ Մանեայ Պարսամեաններու ընտանիքին մէջ: 1987-1997 թուականներուն ուսանած է մայրաքաղաքի Լէոյի անունը կրող թիւ 65 միջնակարգ դպրոցին մէջ:

1997-2002 թուականներուն ուսանած եւ գերազանց յառաջադիմութեամբ աւարտած է Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը:

2001 թուականի դեկտեմբերի 25-ին, ձեռամբ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեանի, ձեռնադրուած է սարկաւագ:

2002-2003 թուականներուն ուսանած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։

Ճեմարանը աւարտած է գերազանց յառաջադիմութեամբ՝ պաշտպանելով աւարտաճառ՝ «Առ եւ ի նախդիրներու իմաստային առումները ըստ Եղիշէի «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմին» մատեանի» թեմայով:

2003-2004 թուականներուն աշխատած է որպէս Վեհափառի գաւազանակիր-գործավար:

2003 թուականի օգոստոսի 31-ին, ձեռամբ հոգելոյս Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:

2004-2007 թուականերուն ուսանած է Սթրազպուրկի Մարկ Պլոկ պետական համալսարանի Կաթոլիկ Աստուածաբանութեան բաժինին մէջ:

2007 թուականին գիտական «Մասթըր» աստիճանի համար ներկայացուցած եւ պաշտպանած է աւարտաճառ «Յանուն մշակոյթի աստուածաբանութեան. Հաւատքի լոյսը եւ յայտնութեան կերպարը Հանս Ուրս ֆոն Պալթազարի «Փառքը եւ խաչը» շարքին մէջ» խորագրով՝ արժանանալով գերազանց գնահատականի:

2005 թուականի ամրան Իրլանտայի մայրաքաղաքը Տապլինի մէջ մասնակցած է «Միջազգային կրթական կեդրոնի» կողմէ կազմակերպուած անգլերէնի եւ անգլիական մշակոյթի եռամսեայ դասընթացքներուն:

2007-2008 թուականներուն աշխատած է նախ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան մէջ՝ իբրեւ փոխ-դիւանապետ, ապա՝ Մայր Աթոռի «Գարեգին Ա. Աստուածաբանական եւ հայագիտական կեդրոն»ին մէջ, որպէս փոխ-տնօրէն:

2007-2008 թուականներուն Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը դասաւանդած է «Քրիստոնէական բարոյախօսութիւն» առարկան, ստանձնելով նաեւ ճեմարանի Տեսական աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչի պարտականութիւնները։

2008 թուականին հովուական առաքելութեամբ երեք ամիսով պաշտօնավարած է Պելժիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրիւքսել, իսկ 2010 թուականին՝ վեց ամիս Ֆրանսայի Նիս քաղաքը։

2008-2011-ին իբրեւ փոխ-դիւանապետ՝ վարած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան՝ «Եկեղեցի եւ պետութիւն» յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնի պաշտօնը:

2011 թուականի մարտի 24-ին պաշտպանած է Վարդապետական աւարտաճառ՝ «Լինել Աստուած. Մարդու աստուածացման եռաստիճան ճանապարհը ըստ Սուրբ Ներսես Շնորհալիի վարդապետութեան» թեմայով եւ մարտի 27-ին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ ստացած է վարդապետական աստիճան՝ ձեռամբ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեանի։

2011-2013 թուականներուն պաշտօնավարած է Զուիցերիոյ հայոց թեմէն ներս՝ որպէս առաջնորդական տեղապահ։

2013 թուականի յունիսի 1-ին նշանակուած է Հարաւային Ֆրանսայի փոխ-առաջնորդ, իսկ նոյեմբերի 1-ին՝ Ֆրանսայի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ ընտրուած է առաջնորդական տեղապահ՝ պաշտօնավարելով մինչեւ 2014 թուականի նոյեմբերի 1-ը։

2015 թուականի յուլիսին մեկնած է ծառայութեան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմ։

2015-2017 թուականներուն պաշտօնավարած է Իլինոյս նահանգի Պելվիլ քաղաքին մէջ, որպէս Ս. Շողակաթ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

2017-2019 թուականներուն հրաւիրուած է Նիւ Եորք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդարան, ծառայելու որպէս քարոզչական եւ կրթական բաժանմունքներու տնօրէն եւ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարի լուսարարապետ։

2019 թուականի յունուարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ։

2021 թուականին վերադարձած է Նիւ Եորք, ծառայելու որպէս քարոզչական եւ կրթական բաժանմունքներու տնօրէն:

2022-ի մայիսի 6-ին ընտրուած է առաջնորդ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023