ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՄԱՀԱՑԱԾ Է՝ ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՇԱՀԱՆ ՍՐԿ. ՔԷՕՍԷԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Շահան Սրկ. Քէօսէեան։ Ան նախկին պոլսահայ մըն էր, որ երկար տասնամեակներէ առաջ մեկնած էր Սուրբ Քաղաք։ Գատըգիւղի մէջ հասակ առած Շահան Սրկ. Քէօսէեան մեծցած էր հայկական նահապետական ընտանիքի մը աւանդապահ եւ եկեղեցասէր մթնոլորտին մէջ։ Երիտասարդ տարիքին այդ մթնոլորտը թէ՛ գործօն եւ թէ խրախոյս դարձած էր, որպէսզի Շահան Քէօսէեան քայլերը ուղղէ դէպի Սուրբ Երուսաղէմ, ուր ձեռնադրուած էր սարկաւագ։ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքին երկար տասնամեակներ ծառայած էր հաւատարմօրէն եւ նախանձախնդրութեամբ։ Հայոց վանքի մուտքի դրան պատասխանատուութիւնը վստահուած էր իրեն։ Ան իր նուիրումով ու հաւատով այդ գործը կատարած էր հետեւողականօրէն։

Շահան Քէօսէեան Երուսաղէմի մէջ կազմած էր ընտանիք մը, սակայն որոշ ժամանակ առաջ իր լուսահոգի կողակցին կորուստով ապրած էր մեծ ցնցում։ Վերջին շրջաններուն առողջութիւնը վատթարացած էր եւ բժշկական խնամքի տակ առնուած էր հիւանդանոցի մէջ։ Դժբախտաբար, այդ բոլորը այլեւս մնացին անբաւարար եւ Շահան Սրկ. Քէօսէեան երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ առաւ՝ մեծ յուզում պատճառելով իր սիրելիներուն, որոնք զինքը պիտի  յիշեն իր բարի եւ ուրոյն նկարագրով։

Երուսաղէմի մէջ արդէն տեղի ունեցած է՝ հոկտեմբերի 6-ին մահկանացուն կնքած Շահան Սրկ. Քէօսէեանի յուղարկաւորութիւնը։ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները աղօթած են անոր յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար եւ իր անշունչ մարմինը ամփոփած՝ տեղւոյն հայկական գերեզմանատան մէջ, որ երկար տասնամեակներու նուիրեալ սպասարկութենէն վերջ հանդիսացած է հանգուցեալին վերջին հանգրուանը։

Շահան Սրկ. Քէօսէեան հնարաւորինս կապ կը պահէր իր ծննդավայրին հետ։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը կ՚այցելէր քաղաքս, իսկ Պոլիսէն Սուրբ Քաղաք մեկնած ուխտաւորներուն համար միշտ կամաւոր ուղեցոյց մըն էր եւ հայոց վանքէն ներս սիրայօժար օգնական մը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Շահան Սրկ. Քէօսէեանի հոգւոյն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր ընտանիքին ու համայն սիրելիներուն՝ մասնաւորապէս իր սիրեցեալ եղբօր՝ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան նախկին ատենապետ եւ մեր սիրելի բարեկամ Խաչիկ-Գլխադիր Քէօսէեան ամոլին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023