ԺԽՏԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԸ՝ «ՄԻ՛ ԸՆԵՐ»

«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէ՛ք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 7)։

Պրահման սապէս կ՚ըսէ. «Ուրիշին մի՛ ըներ ի՛նչ որ ցաւ եւ վիշտ կը պատճառէ քեզի, եթէ քեզի ընէին»։

Պուտտա տարբեր ձեւով կ՚արտայայտէ նոյն կանոնը. «Ուրիշը մի՛ վիրաւորեր այնպէս՝ որ դուն վիրաւորուած պիտի զգայիր»։

Գոմբիւկիոս՝ Confucius կը պատուիրէ. «Ուրիշին մի՛ ըներ ի՛նչ որ չես ուզեր որ ուրիշը քեզի ընէ»։

Հինտու. «Ուրիշին հետ մի վարուիր այնպէս՝ որ քեզի անախորժ է այդ վարմունքը»։

Հիւմանիստ՝ Humanist. «Մի՛ ըներ բաներ՝ որոնք չես ուզեր որ քեզի ընեն»։

Զորօասթըր՝ Zoroaster, Zarathustra. «Ի՛նչ որ անհաճելի է քեզի, ուրիշին մի՛ ըներ»։

Այս կանոնը ժխտական կերպով դրական բան մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը թելադրէ, որ ուրիշին վնաս չպատճառենք, չվնասենք։

Եւ սակայն, այս կանոնը մարդս կ՚առաջնորդէ չէզոք ըլլալու եւ անտարբեր՝ դէպքերու եւ անձերու հանդէպ։

Արդարեւ, բարի ըլլալ՝ ո՛չ թէ միայն վիճակ կամ կեցուածք կ՚ենթադրէ, այլ եւ մա՛նաւանդ գործ կը պահանջէ։ Բարի մարդը այն չէ՝ որ բարի կ՚անուանուի, այլ այն՝ որ բարիք կը գործէ. օգտակար կ՚ըլլայ մարդոց եւ շրջանակին, բան մը կ՚աւելցնէ եղածին վրայ։

Արդարեւ, Աւետարանի «Բարի Սամարացի» առակին մէջ բացայայտուած է, թէ ո՛վ է իրական «բարի»ն։ Ուստի, «բարի» ըմբռնումը սերտ կերպով կապուած է «սէր» զգացումին հետ։ Այս իմաստով Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ Մեծագոյն սէրը այն սէրն է՝ որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Սէրը բարիք կը ստեղծէ. սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ, այս մասին ո՛չ մէկ տարակոյս, եւ քանի որ բարիքը սէրէն կը ծնի, ապա ուրեմն, «բարի» ըլլալու համար պէտք է բարիք գործել, եւ աս ալ կ՚իրականանայ աւելի քան զոհողութեա՛մբ։

Արդարեւ, «վնաս չպատճառել»՝ բարի ըլլալ չի նշանակեր, այլ պէտք է նաեւ՝ օգտակա՛ր ըլլալ։

Այսօր, շատեր, եւ դժբախտաբար, ուրիշին վնաս չհասցնել՝ բարի ըլլալու համար բաւական կը սեպեն։ Չէզոք ըլլալ, չըսելու համար անտարբեր, ընդհանուր մտայնութիւն մը եւ գործադրութիւն մը եղած կը տեսնուի։ Մտայնութիւնը սա է. «Ինծի եթէ վնաս մը չի սպառնար, վտանգ չի բերեր, ուրեմն ամէն ինչ կարգին կ՚ընթանայ, եւ մտահոգութեան պատճառ չկա՛յ, քանի որ որեւէ վտանգ չկա՛յ…»։

Արդեօք, այսպէս խորհողներ, առանց արտայայտելու, կը մտածեն նաեւ, թէ՝ իրենց համար վտանգ երբ գոյութիւն չունի, ուրիշին եկած վտանգը իրենց համար որեւէ արժէք չի ներկայացներ… Մարդ կրնա՞յ այդքան ստորնանալ եւ կորսնցնել իր «մարդ» ըլլալու հանգամանքը։ Մաղթենք եւ յուսանք՝ ոչ մէկը այդպէս խորհած է եւ մենք սխալած ենք այդպէս խորհելով…

Բայց սա ալ պէ՛տք է խոստովանինք, որ մենք զմեզ կ՚արդարացնենք, որ մէկուն ցաւին, վիշտին, դժբախտութեան, անօթութեան, հիւանդութեան, աղքատութեան, լքուածութեան պատճառը մենք չենք, ուրեմն պէտք չունինք մենք զմեզ մեղադրելու՝ որեւէ յանցանք վերագրելու, մտահոգուելու, քուն փախցնելու եւ օգնելու, կարեկցելու։

Մարդ, յաճախ ինքզինք արդարացնելու համար ամէն ճամբայ կը գործածէ եւ կը ջանայ, կը փորձէ միշտ իրաւացի ըլլալ։ Բայց չէզոքութիւնը, անտարբերութիւնը վնաս կը պատճառէ եւ այս իմաստով անիրաւութի՛ւն է. անարդարութի՛ւն է։

Յիսուս կը քննադատէ անտարբերութիւնը եւ կը պատուիրէ. «Ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ Արդարեւ, Յիսուս մի՛շտ դրական է եւ գործնական, քանի որ հաւատքը «հաւա՛տք» է, երբ ան կը գործադրուի։

Ի՛նչ որ կ՚ուզես որ մէկը քեզի ընէ՝ դո՛ւն ալ անոր նոյնը ըրէ։ Ա՛յս է մարդավայել վարմունքը՝ որ կը վերաբերի բոլոր մարդկութեան։ Մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով եւ այս պատճառով իւրաքանչիւր մարդ ստեղծուեցաւ զանազան կարողութիւններով։ Այսպէս սորվեցուց մեզի Յիսուս Քրիստոս։

Սէրը՝ բարիք, այսինքն գործնական պտուղ կ՚արտադրէ. բաժակ մը ջուրը՝ իր վարձքը պիտի ունենայ։ Հարցը սա է. եթէ Յիսուս այսօր գայ եւ ձեզի հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս կը փաստես քու սէրդ Իրեն հանդէպ, չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք։

Աշակերտները Յիսուսի կը հարցնեն. «Քու գալուստիդ եւ աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Զգոյշ կեցէ՛ք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ։ Վասնզի շատեր պիտի գան իմ անունովս եւ ըսեն.- ես եմ Քրիստոսը, եւ շատերը պիտի մոլորեցնեն»։

Բայց հարցը սա է, թէ՝ երբ Յիսուս գայ Իր ամբողջ փառքով, ամբողջ զօրութեամբ, արդեօք պիտի գտնէ՞ հաւատք երկրի վրայ…

Ո՜վ չ՚ուզե՞ր Յիսուս Քրիստոսը դիմաւորել ամբողջ հաւատքով Իր Գալուստին, ո՜վ չ՚ուզե՞ր հաւատքը ներկայացնել Յիսուս Քրիստոսի առջեւ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023