ԱԿԱԹԱ ՔՐԻՍՏԻԻ 11 ՕՐԵԱՅ ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄԸ (Ա.)

Անգլիացի յայտնի գրող Ակաթա Քրիստի, որ յայտնի է իր քրէական վէպերով, 1926 թուականի դեկտեմբերին ապրեցաւ իր պատմուածքներու նման իրադարձութիւն մը։

Ակաթա Քրիսթի՝ գրականութեան անմոռանալի անունը եւ «սպանութիւններու թագուհին», կը շարունակէ առեղծուածային կերպար մնալ իր ստեղծագործութիւններով եւ կեանքով՝ կենդանութեան օրօք։ Քրիստի, որ հմտօրէն հեղինակած է սպանութիւնները եւ զանոնք ներկայացուցած՝ իր ընթերցողներուն, 1926 թուականին շատ անհանգիստ շրջան մը կ՚ապրէր։ Սոյն թուականի դեկտեմբերի 3-ին, յայտնի գրողը յանկարծ անհետացաւ։

Հանրայայտ գրողի առեղծուածային անհետացումը, որ տեւեց 11 օր, 96 տարուան ընթացքին ծնունդ տուաւ զանազան տեսութիւններու։ Իր խորհրդաւոր անհետացումը նաեւ ժապաւէններու եւ հեռուստաշարերու նիւթ դարձած է։ Բայց 11 օր ոչ ոք կրցաւ բացատրել յայտնի գրողի վայրը։ Այնքան որ, Քրիստիի անհետացումը մեծ արձագանգ ստեղծեց Լոնտոնի մէջ եւ 11 օրեայ որոնումներ սկսան ամբողջ երկրի մէջ՝ նոյնիսկ իր դիակը գտնելու համար:

1926 թուականի դեկտեմբերին Քրիստի կը փորձէր յաղթահարել ամուսնոյն դաւաճանութիւնը, նաեւ խորապէս կը սգար երկու տարի առաջ մահացած մօր ցաւը։ Հեղինակը, որ իր քարիէրի գագաթնակէտին հասած էր, կը ճնշուէր թէ՛ իր հրատարակչի եւ թէ ընթերցողներու ակնկալիքներու տակ՝ «Ռաճըր Աքրոյտի սպանութիւնը» խորագրեալ գիրքի մեծ յաջողութենէն յետոյ։ Այս անհետացման վերաբերեալ պատմաբան Լիւսի Ուորսլի կրկին բացաւ դէպքի վարագոյրները, որ դեռ եւս առեղծուածային կը շարունակէ մնալ։ Ի՞նչ ապրած է Քրիստին շուրջ 90 տարի առաջ: Ո՞րն էր ճշմարտութիւնը տեսութիւններով շրջապատուած այս դէպքի ետին։

1926 թուականի դեկտեմբերին յայտնի գրողի ամուսնութիւնը Արչի Քրիստիի հետ ամենեւին լաւ չէր ընթանար։ Պատմաբան Լիւսի Ուորսլի պնդած է, որ Քրիստի դեկտեմբերին պայքարած է ջղային խանգարումներու դէմ եւ ճգնաժամը սրած է, երբ ան եւ իր ամուսինը տեղափոխուած են Սանինկտէյլի իրենց 12 սենեակնոց առանձնատունը, որ կը կոչուէր Սթայլս: Ճգնաժամի պատճառը այն էր, երբ Արչին Ակաթային խոստովանեցաւ, որ սիրահարուած է Նենսի Նիլ անունով երիտասարդ կնոջ մը: Կարծես սա բաւարար չէր, ամուսնալուծութեան նախաշեմին յայտնուած յայտնի գրողին հերթական հարուածը հասցուցած էր մօր մահը, որ զինքը ամենաշատ գնահատող անձն էր։

Ակաթա Քրիստին 11 օրուան անհետացումէն յետոյ վերջապէս կը գտնուի առողջ եւ ապահով՝ պանդոկի մը մէջ։ Սակայն ան չէր կրնար յիշել վերջին երկու շաբաթը։ Զինք որոնողները եզրակացուցին, որ տունէն դուրս գալէ յետոյ ան գացած է Լոնտոն, բայց ճանապարհին թողած է իր ինքնաշարժը, այնուհետեւ ուղղուած է Հարոկէյթ եւ առանց ճամպրուկի մնացած է քաղաքի պանդոկներէն մէկուն մէջ: Ան իր անունը արձանագրել տուած էր որպէս՝ Թերեզա Նիլ՝ իր ամուսնոյն սիրուհիին անունով։ Երկրորդ շաբթուան ընթացքին զինք ճանչցած են պանդոկի աշխատակիցները եւ իրավիճակի մասին յայտնած են ոստիկանութեան։ Լիւսի Ուորսլի նախ պնդած է, որ յայտնի գրողը կորսնցուցած էր յիշողութիւնը եւ այս պատճառով անհետացած։

Քրիստի ո՛չ մէկուն ըսած է, թէ ուր կը գտնուէր կամ ինչ կ՚ընէր այդ 11 օրուան ընթացքին։ Այնքան որ, իր ինքնակենսագրութիւնը նոյնիսկ չնչին տեղեկութիւն չի պարունակեր իր անհետացած 11 օրերու մասին։ Ուորսլի շարունակած է նշել հետաքրքրական հաւանականութիւն մը՝ ըսելով, որ Քրիստիի՝ «ես յիշողութեան կորուստ ունեցայ» յայտարարութիւնը կրնայ արտացոլել իրականութիւնը եւ իր կեանքի խոր խառնաշփոթը կրնայ ծնունդ տուած ըլլալ նման դէպքի մը իրականացման:

Ուորսլի ըսած է նաեւ, որ Քրիսթիի այն ժամանակուայ խօսքերուն՝ «Ես պարզապէս կ՚ուզէի, որ կեանքս աւարտէր», պէտք չէ աննկատ անցնիլ եւ Քրիստի հետեւեալ միտքերը փոխանցած է այն ​​ժամանակ անձնասպանութեան մասին. «Ամբողջ գիշեր ինքնաշարժս աննպատակ քշեցի։ Ես ունէի այս բոլորին վերջ տալու անորոշ գաղափարը: Ես հետեւեցայ ինծի ծանօթ ճանապարհներով եւ յանկարծ յայտնուեցայ գետի մը ափին, Մէյտընհետի մօտ: Կը մտածէի գետ ցատկելու մասին, բայց քանի որ լաւ լողորդ էի, գիտէի, թէ պիտի չխեղդուիմ։ Յետոյ նստայ իմ ինքնաշարժը եւ գացի նախ Լոնտոն, յետոյ Սանինկտէյլ եւ վերջապէս Նիւլենտս Քորնըր»։ Ինչ ալ պատահած ըլլար այս ճամբորդութեան ընթացքին, Քրիստին, որ կը տառապէր յոգնածութենէ եւ տխրութենէ, ըստ Ուորսլիի վարկածներէն մէկուն, որոշած էր մեկուսանալ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023