ՊԻՇՔԵՔԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պիշքեքի մէջ, ուր կը գտնուէին ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, Ալիեւի հետ հանդիպման առթիւ Փութին շեշտեց, որ թիւ մէկ հարցը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակն է։ Ան շեշտեց, որ քննարկման նիւթ կը դառնայ հարցերու ամբողջական համալիրը՝ ներառեալ, այսպէս կոչուած, զգայուն խնդիրները։
Մինչ այդ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեան չէր մասնակցած Պիշքեքի երէկուան գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս տեսակցեցան Փութինն ու Ալիեւը։ Յառաջիկայ շաբաթ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ Թոյվօ Քլաարին հետ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ առկայ հրատապ օրակարգի այլ նիւթերուն։