ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ՄԱՐԴԻԿ

Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս այս առաւօտ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որով նորընտիր քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան։ Քաղաքապետական խորհուրդի՝ աւագանիի ժողովին ընթացքին Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան կատարեց իր երդումը եւ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար։

Երդման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքեր։ Նիկոլ Փաշինեան եւս հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Տիգրան Աւինեան աւագանիի յատուկ նիստի ընթացքին երդուելու ժամանակ ձեռքը դրաւ Ն.Ք. 782 թուականի Էրեբունի-Երեւան հիմնադրման սեպագիր արձանագրութեան վրայ։ Պաշտօնամուտին նորընտիր քաղաքապետը շեշտեց, որ անասելի մեծ է իր ստանձնած պատասխանատուութիւնը։ Իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով՝ Տիգրան Աւինեան ընդգծեց, որ մշակուած է բարեփոխումներու ծրագիր մը՝ մայրաքաղաքի համաչափ զարգացման համար։

«Ամենօրեայ աշխատանքով պէտք է հոգալ՝ մէկ միլիոնէ աւելի բնակչութեամբ քաղաքին, որու խնդիրները բազմազան են, որոշ պարագաներու մէջ հրատապ ու անյետաձգելի, երբեմն նաեւ երկարաժամկէտ լուծման կարօտ։ Քաղաքը յարմարաւէտ կ՚ըլլայ բոլոր երեւանցիներուն՝ տարեցներուն, երեխաներուն, յատուկ կարիքներ ունեցող մարդոց, ինչպէս նաեւ հիւրերուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար», ըսաւ Տիգրան Աւինեան։

Բաց աստի, նորընտիր քաղաքապետը կարեւորեց անվտանգ Երեւան մը ունենալու նշանակութիւնը ու թուարկեց, թէ ինչ քայլեր նախատեսուած են այս ուղղութեամբ։ «Մեր մայրաքաղաքի անձնագիրը համարուող այս սեպագիր արձանագրութեան դիմաց կը վստահեցնեմ, թէ ծառայած եմ ու պիտի ծառայեմ Երեւանին ու երեւանցիին՝ քանի Երեւանը առաջին հերթին մարդիկ են», աւելցուց ան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023