«ՔԱՆԻ ԴԵՌ ԱՄՆ-Ը ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ, ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՐԲԵՔ ՍՏԻՊՈՒԱԾ Չ՚ԸԼԼԱՐ ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՌԱՆՁԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ Թել Աւիւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։ Պատերազմական ծանր իրավիճակի մէջ տեղի ունեցաւ պետական քարտուղարին ուղեւորութիւնը, որու շրջանակներէն ներս ան անցաւ նաեւ Յորդանան։ Պլինքընէն վերջ Իսրայէլի մէջ է նաեւ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին։ «Քանի դեռ ԱՄՆ-ը գոյութիւն ունի, Իսրայէլ երբեք ստիպուած չ՚ըլլար առանձին ինքզինք պաշտպանելու», յայտարարեց Էնթընի Պլինքըն՝ յստակօրէն ընդգծելով երկու երկիրներուն անխախտ զօրակցութիւնը։ Ամենաբարձր մակարդակի վրայ հնչած յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ Ուաշինկթըն արդէն գործնական գետնի վրայ ալ շարժման անցած է։ ԱՄՆ արդէն Իսրայէլին փութացուցած է ռազմական օժանդակութեան առաջին խմբաքանակը։ Միջազգային մամուլի հաղորդումներով, Իսրայէլի բանակը արդէն կը պատրաստուի ցամաքային գործողութեան մը ձեռնարկել Կազզէի մէջ։

Թուրքիան ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Անգարա միջազգային բեմահարթակի վրայ շարժման կ՚անցընէ իր բոլոր լծակները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան աշխարհի բազմաթիւ ղեկավարներուն հետ իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է։ Ազգային մեծ ժողովն ալ երէկ նոյն օրակարգով գումարեց դռնփակ ժողով մը, որու ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հանդէս եկաւ բացատրութիւններով եւ թրքական կողմի նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ լուսաբանութիւններով։

Նախագահ Էրտողան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ալ շեշտեց, որ Կազզէի մէջ ներկայիս հաց, ջուր եւ սնունդ չկայ։ «Այս բոլորը ներհակ են Մարդու իրաւանց համաշխարհային հռչակագրին։ Ո՞ւր է Արեւմուտքը։ Որեւէ նախազգուշական միջոց չեն առած։ ԱՄՆ կ՚ուղարկէ օդանաւերու ռազմանաւ մը։ Ամերիկան ո՜ւր է, Միջերկրականը, Իսրայէլ-Պաղեստինը ո՜ւր։ Ի՞նչ գործ ունիս այնտեղ։ Ամերիկայի նման երկրին ի՞նչ կը վայելէ՝ խաղաղութիւն հաստատել, թէ ոչ այնտեղ ծագած հրդեհը հրահրել», ըսաւ նախագահը։

Խորհրդարանի երէկուան դռնփակ ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ նաեւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որուն բովանդակութիւնը երեսփոխանական բոլոր խմբակցութիւններուն հաւանութեան արժանացաւ։ Այս առթիւ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի առկայ ողբերգութիւնը ա՛լ աւելի չխորանայ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ վերջին դէպքերը կը համարուին՝ 56 տարիէ ի վեր առկայ ապօրինի բռնագրաւման ու անոր առընչակից քաղաքականութիւններու ուղղակի հետեւանքը։ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս մշտական խաղաղութիւնը կարելի է միայն Իսրայէլ-Պաղեստին հարցի արդար լուծումով, ինչ որ պէտք է ըլլայ 1967 թուականի սահմաններուն հիման վրայ, նաեւ աշխարհագրական ամբողջականութեամբ, անկախ ու ինքնիշխան Պաղեստինի պետութեան մը գոյացումով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023