ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ - ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ԼՈՒՄԱՆ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 19.1-11:
Պօղոս առաքեալին Գաղատացիներուն ուղղած նամակէն 2.1-10:
Մարկոսի Աւետարանէն 12.35-44:

Մարկոսի Աւետարանի 12.41-44-ին մէջ կը կարդանք.

* «Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ։ Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին։ Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ քանի մը դահեկան կ՚ընէ։ Յիսուս մօտը կանչեց Իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց.

-Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը»։

Այսօրուան մեր կեանքը որ վերածուած է ձեւով մը երեւութական կեանքի, այսինքն՝ ամէն ինչ կը գնահատուի կամ կ՚արժեւորուի արտաքինով, երեւոյթով, ի տես Աւետարանական վերը նշուած դէպքին, վստահաբար Տէր Յիսուս տուած վկայութեան ճիշդ հակառակ վկայութիւնը պիտի տար, այսինքն՝ պիտի գնահատէր ու պիտի մեծարէր այն հարուստները, որոնք առատ գումարներ կը նետէին գանձանակին մէջ, միւս կողմէ, պիտի անտեսէին ու նկատի պիտի չունենային այրի կնոջ նետած երկու լուման, զայն քիչ կամ աննշան համարելով…: Տէր Յիսուսի նայուածքն ու կեցուածքը սակայն, տարբեր են մեր նայուածքէն ու կեցուածքէն:

Մեր Տէրն ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի այստեղ տուած վկայութիւնը մեր բոլորին դիմաց մտածելու, տրամաբանելու, մեզ շրջապատող երեւոյթները գնահատելու կամ արժեւորելու տարբեր մօտեցում մը, տարբեր մտածելակերպ մը կը բանայ: Միշտ չէ որ շատը, կամ երեւացած բանը արժէքաւոր կամ նպատակայարմար է: Ընդհակառակը, շատ յաճախ տրուած քիչը, ընծայուած նուազագոյնը շատ աւելի խօսուն, շատ աւելի նպատակի ծառայող է, քան առատ կերպով տրուածը:

Տէր Յիսուս մեզի կու գայ սորվեցնելու, թէ տրուածին քանակը չէ՛ կարեւորը, այլ՝ մարդուն սիրտին դիրքը, տալու դրդապատճառն է կարեւորը: Մարդ կրնայ լաւ դիրքի, կոկիկ հարստութեան մը տէր ըլլալ, եւ առ ի պարտականութիւն, կամ մարդոց ի ցոյց աջ ու ձախ գումարներ նուիրաբերել, նոյնիսկ եկեղեցւոյ գանձանակին կամ եկեղեցիին նուիրել, պարզապէս միտում ունենալով ցոյց տալ իր արարքը, կամ գովասանքի խօսքեր լսելու ակնկալիքն ունենալով: Բնականաբար, այստեղ նուիրաբերուած գումարը եթէ ճիշդ մարդոց ձեռքին մէջ յայտնուի, ապա ճիշդ նպատակի համար կը գործածուի եւ օգուտ կու տայ եկեղեցւոյ, կամ հաստատութեան, կամ կառոյցին, բայց ցաւալին այստեղ այն է, որ նուիրողը ինք ո՛չինչ կը շահի բացի անցաւոր քանի մը գովասանական խօսքերէն, որ իր հոգիի փրկութեան համար ո՛չինչ կու տայ մարդուն:

Միւս կողմէ, երբ մարդ իր համեստ կարողութիւններէն կը նուիրաբերէ, հակառակ իր կարիքի մէջ ըլլալուն՝ կը նուիրաբերէ, այլ խօսքով երբ մարդ սրտանց կը նուիրաբերէ, գիտակցելով որ իր նուիրաբերումով օգուտ պիտի բերէ այլ մարդու մը, ապա կ՚արժանանայ Տէր Յիսուսի գովասանքին, որովհետեւ իր ունեցածէն սիրայօժար կերպով նուիրաբերեց, եւ ո՛չ թէ իր աւելցուքէն բաժին հանեց ուրիշներուն:

Արդարեւ, երբ ոեւէ մէկը կը փափաքի նուիրաբերութիւն մը կատարել, նախ ինքն իր ներսիդին թող լաւ մտածէ, թէ ի՞նչ բան է որ կը նուիրաբերէ, նոր միայն թող դիմէ այդ քայլին, որպէսզի օգուտը երկուստեք ըլլայ, որով թէ՛ ուրիշները օգտուին եւ թէ՛ ալ ինք երկինքի մէջ գանձեր դիզած ըլլայ (կարդա՛ Մտ 6.19-21):

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան այսպէս կը բացատրէ Տէր Յիսուսի Իր աշակերտներուն ըսած սա նախադասութիւնը. «Յիսուս ըսաւ Իր աշակերտներուն. “Վստահ գիտցէք, որ այդ աղքատ այրին բոլորէն աւելի նետեց գանձանակին մէջ”» (Մր 12.43):

1) Աշակերտներուն ուղղուած Տիրոջ այս խօսքը կրնայ ցոյց տալ, թէ անոնք իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցեր էին գանձանակին մէջ մեծահարուստներուն նետած մեծ գումարներուն վրայ եւ իրենց ուշադրութենէն վրիպած էր այրի կինն ու գանձանակին մէջ անոր նետածը: Յիսուս նկատելով ասիկա, Իր վերոյիշեալ խօսքով հրաւիրեց զիրենք՝ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու այրի ու աղքատ կնոջ վրայ, ինչպէս նաեւ անոր տուածին վրայ: Մարկոս Աւետարանիչը աւելի դիպուկ կերպով կը դնէ հարցը: Ան կը հաստատէ, թէ «Յիսուս մօտը կանչեց Իր աշակերտները» եւ խօսեցաւ անոնց այրի կնոջ ըրածին մասին (Մարկոս 12.43-44):

Արդ, ինչո՞ւ համար արդեօք Յիսուս նկատելէ ետք այրի կնոջ ըրած զոհողութիւնը, ուզեց նաեւ Իր աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնել անոր ըրած զոհողութիւնը: Ինչո՞ւ համար Յիսուս ուզեց որ Իր աշակերտները գիտնան պատահածը, գիտնան այրի կնոջ ու անոր տուածին մասին, գիտնան որ անիկա բոլորէն աւելի տուաւ, գիտնան որ միւս մեծահարուստները «իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց»: Յիսուս վկայեց այրի կնոջ վերաբերմունքին մասին ու խօսեցաւ աշակերտներուն այրի կնոջ տուած երկու լումային մասին.-

ա) Որպէսզի սորվեցնէր անոնց, թէ արտաքին երեւոյթներու վրայ հիմնուելով պէտք չէ դատել մարդիկը: Արտաքին երեւոյթները կրնան խաբել: Աշակերտները հաւանաբար տեսան գանձանակին մէջ մեծահարուստներուն նետած մեծ գումարները եւ խաբուեցան, մտածելով որ անոնց ըրածը մեծ հաւատքի արտայայտութիւն էր, մոռնալով որ անոնք կրնային փառամոլներ ու մարդոց գովասանական խօսքերն ու ծափահարութիւնը փնտռող մարդիկ ըլլալ:

բ) Որպէսզի անոնց սորվեցնէր՝ իրենց կեանքի ընթացքին գնահատել մարդոց կողմէ կատարուած փոքր զոհողութիւններն ու աննշան ծառայութիւնները: Այո՛, Քրիստոս կ՚ուզէ որ Իր հետեւորդները արժէք տան աննշան ծառայութեանց, գնահատեն մարդոց կողմէ մատուցուած փոքր ծառայութիւնները: Այդ փոքր ծառայութիւններուն շարքին են, օրինակ, գետնէն թուղթի կտոր մը վերցնելը, որ մեր հոգեկան մաքրութեան արտացոլացումն է. աւելի մեծին մեր աթոռը տալը, որ վեհանձնութեան արտայայտութիւն է. ծերուկին ինքնաշարժին դուռը բանալը, որ անզօրին հանդէպ սիրոյ նշան է. այցելու չունեցող մարդուն՝ այցելութիւն տալը, որ ողորմած սիրտի արդիւնք է, եւ այլն:

գ) Որպէսզի անոնց սորվեցնէր՝ թէ Աստուած չ՚անտեսեր փոքր զոհողութիւնները եւ Իր ուշադրութենէն չի վրիպիր կատարուած աննշան բարեգործութիւնները. ընդհակառակը, մարդոց նկատի չառածը՝ Աստուած նկատի կ՚առնէ: Մարդոց չնշմարածը՝ Աստուած կը նշմարէ: Աստուած մարդոց անտեսածը կը տեսնէ: Մարդոց համար կրնայ արժէք չներկայացնել աղքատի մը կողմէ եկեղեցիին տրուած չնչին գումար մը, բայց Աստուծոյ համար անիկա կրնայ աւելի ընդունելի ըլլալ քան մեծահարուստներուն տուածը:

դ) Վերջապէս, Յիսուս աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց այրի կնոջ ըրածն ու տուածը, որպէսզի սորվեցնէր անոնց, որ ոչ միայն պէտք է գնահատեն մարդոց կողմէ կատարուած աննշան բարեգործութիւններն ու մատուցուած պզտիկ ծառայութիւնները, այլ՝ իրե՛նք եւս պէտք է պատրաստ ըլլան մատուցելու նման փոքր ծառայութիւններ: Դիւրին էր աշակերտներուն համար իյնալ հպարտութեան մէջ եւ խումբին առաջնորդը ըլլալու երազներ հիւսել, մանաւանդ որ մէկ-երկու առիթներով Յիսուս խօսած էր Իր մահուան մասին: Եւ բնականօրէն, եթէ երբեք աշակերտները նման երազներ սնուցանէին իրենց միտքին մէջ, իրենց համար դժուար պիտի ըլլար փոքր ծառայութիւններու մասին խօսիլ կամ նման ծառայութիւններ մատուցանել:

2) Ինչպէս մեծահարուստ մարդիկը չէ որ գնահատուեցան Տիրոջ կողմէ, այլ՝ այրի կինը, նոյնպէս ալ, դատաստանի օրը մեծադիրք, մեծապաշտօն ու մեծահամբաւ մարդիկը չէ որ պիտի գնահատուին ու վարձատրուին, այլ անոնք՝ որոնք խոնարհ են եւ ունին խոնարհութեան գործեր, հեզ են եւ ունին հեզութեան արարքներ: Արդարեւ, մեծ պաշտօն ունեցողները չէ որ պիտի վարձատրուին, այլ՝ մեծ սիրտ ունեցողները: Մեծ համբաւ ունեցողները չէ որ պիտի գնահատուին, այլ՝ Տիրոջ անուան համբաւը տարածողները:

3) Յիսուս կը վկայէ, թէ «աղքատ այրին բոլորէն աւելի նետեց գանձանակին մէջ». սա ցոյց կու տայ, թէ Ան կը ճանչնայ սիրտը տաճար եկողներուն: Գիտէ թէ որո՛նք առատութեամբ ու սրտաբուխ կերպով կու տան եւ որո՛նք՝ ժլատութեամբ: Գիտէ թէ տաճար եկողներէն որո՛նք անկեղծ ու մաքուր աղօթողներ են եւ որո՛նք՝ կեղծաւոր ու անմաքուր: Ասոր ապացոյցը նոյնինքն Իր կողմէ պատմուած փարիսեցիին ու մաքսաւորին առակն է (Ղկ 18.9-14), ուր Յիսուս կը խօսի տաճար գացող երկու անձերու մասին. մին՝ Փարիսեցի, իսկ միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին եկաւ ինքզինք փառաւորելու Փառաւորեալին ներկայութեան, մինչդեռ մաքսաւորը եկաւ իր մեղքերը հրապարակելու՝ Անմեղին աչքերուն դիմաց: Յիսուս այս առակը պատմեց, ցոյց տալու համար մեզի, թէ Ինք կը տեսնէ ու կը ճանչնայ մարդոց սիրտերը եւ գիտէ, թէ որո՛նք ճշմարիտ աղօթողներ են, եւ որո՛նք՝ սուտ:

4) Հարցը այն չէ, թէ որքա՛ն տուաւ այրի կինը. հարցը այն է, թէ որքա՛ն պահեց ինքն իր համար: Ան ոչինչ պահեց ինքն իր համար: Շատեր շատ բան տուին, բայց շատ աւելի բաներ պահեցին իրե՛նց համար, իսկ այրի կինը քիչ տուաւ եւ ոչինչ պահեց ինքն իր համար (Ամբրոսիոս):

5) Կարեւոր չէ, թէ մարդիկ մեր տուածը կը տեսնեն թէ ոչ. կարեւորը այն է, որ Յիսուս Ինք կը տեսնէ ամէն ինչ, ինչպէս տեսաւ այրի կնոջ տուածը (Դադրոս Եակոբ Մալդի): Մարդիկ կրնան միայն տրուած մեծ գումարները տեսնել ու գնահատել, բայց Յիսուս տրուած փոքր գումարներն ալ կը տեսնէ ու կը գնահատէ: Մարդիկ կրնան միայն մեծ զոհողութիւններն ու աչքի զարնող գործերը նկատի առնել, Յիսուս սակայն աննկատելի բարեգործութիւնները կը նկատէ ու աննշմարելի զոհողութիւնները կը նշմարէ:

6) Յիսուս Ղուկասի 20-րդ գլխու վերջին համարով խստիւ դատապարտեց Օրէնքի ուսուցիչներուն վերաբերմունքը այրիներուն հանդէպ, իսկ 21-րդ գլխու սկիզբին, գիտակցաբար գնահատեց այրի կնոջ մը հեզութիւնն ու հաւատքը, ցոյց տալու համար, թէ Ինք կը նախընտրէ հարստահարուած տկար այրին, քան հարստահարող «զօրաւոր» մարդիկը:

«Միւսները բոլորն ալ իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց» (Ղկ 21.4):

1) Ինչո՞ւ համար մեծահարուստներուն տուածը ընդունելի չեղաւ: Որովհետեւ, ինչպէս Յիսուս Ինք կը հաստատէ, անոնք «իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ»: Աստուած չ՚ընդունիր որեւէ նուիրատուութիւն, եթէ երբեք անիկա մեր աւելորդ գումարներէն տրուած բան մըն է: Ան չ՚ընդունիր որեւէ ծառայութիւն, եթէ երբեք անիկա սրտաբուխ չէ: Չ՚ընդունիր որեւէ բարեգործութիւն, եթէ երբեք անոր շարժառիթը մարդասիրութիւնը չէ: Չ՚ընդունիր որեւէ ընծայ, եթէ երբեք անիկա մեր գեղեցկագոյնն ու ամենէն թանկագինը չէ: Ան չընդունեց Կայէնին նուիրած ընծաները, որովհետեւ անոնք իր ունեցած աւելորդէն էին, փաստօրէն, բնագիրը կը հաստատէ, թէ Կայէն «ժամանակ մը յետոյ երկրի պտուղէն Տիրոջ ընծայ բերաւ» (Ծն 4.3), այսինքն՝ ո՛չ թէ երկիրը իր պտուղը տալուն պէս, այլ՝ «ժամանակ մը յետոյ», որ կը նշանակէ, թէ երկրին առաջին բերքը ինքն իրեն համար պահեց:

2) Քրիստոս չընդունեց մեծահարուստներուն տուածը, որպէսզի սորվեցնէր Իր աշակերտներուն ու մեզի, թէ կատարեալ Աստուծոյ տուողը՝ պէտք է իր կատարեալը տայ: Կարելի բան չէ մեր աւելորդէն տալ Աստուծոյ՝ որ Իր նուազագոյնով կրնայ գոհացնել աշխարհի ու մարդկութեան բոլոր կարիքները: Կարելի բան չէ խոտելի բան տալ՝ ոչինչ խոտելի Ունեցողին: Կարելի բան չէ անպէտ բան տալ՝ մեր պէտքերը Գոհացնողին: Կարելի բան չէ մեր աւելցուքէն տալ Տիրոջ՝ որմէ է մեր ամբողջ ունեցածն ու ունեցուածքը: Կարելի բան չէ անառողջ բան շնորհել՝ մեզի առողջութիւն Շնորհող Արարիչին:

3) «Մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց»: Կային այրի կիներ, որոնց որոշ հարստութիւն մը թողուած կ՚ըլլար իրենց ամուսիններուն կողմէ, բայց այս այրի կինը այդպիսին չէր: Համաձայն Ղուկասի՝ անիկա աղքատ էր, իսկ համաձայն Մարկոսի, անիկա թշուառ էր, այսինքն՝ թշուառ ըլլալու չափ աղքատ (Մր 12.43): Հակառակ աղքատ ըլլալուն՝ տուաւ իր ամբողջ ունեցածը: Շատեր կը կարծեն, թէ պէտք է հարուստ ըլլալ, որպէսզի կարենանք օգնել ուրիշին: Բայց յիշեալ այրի կինը սորվեցուց մեզի, թէ կրնանք տալ կարիքաւորին նոյնիսկ երբ մենք կարիքի մէջ ենք: Կրնանք օգնել երբ մենք օգնութեան կարիքը ունինք: Կրնանք անօթի մը կերակրել նոյնիսկ եթէ երբեք երբեմն մենք կերակուրի պէտք կ՚ունենանք: Արդարեւ, եթէ հինգ հատ խնձոր ունինք՝ չե՞նք կրնար մէկ հատը տալ բնաւ չունեցողին: Եթէ երեք հատ շապիկ ունինք՝ չե՞նք կրնար մէկ հատը տալ բնաւ չունեցողին: Եթէ շիշ մը ջուր ունինք՝ չե՞նք կրնար անկէ գաւաթ մը տալ ծարաւ եղողին: Եթէ պզտիկ տուն մը ունինք, նոյնիսկ եթէ վարձքով նստած ըլլանք անոր մէջ, չե՞նք կրնար տուն չունեցող ու փողոցները մնացած անձ մը մի քանի օրուայ համար մեր քով առնել: Պէտք է հարո՞ւստ ըլլանք, որպէսզի օգնենք: Պէտք է մեր գրպանը հազա՞ր տոլար ունենանք, որպէսզի կարենանք տասը տոլար մը տալ կարիքի մէջ եղողին. եթէ հարիւր տոլար ունինք՝ չե՞նք կրնար տասը տոլարը աղքատի մը տալ: Պէտք է ջրհո՞ր ունենանք, որպէսզի կարենանք շիշ մը ջուր տալ մեր տունին աղբը հաւաքելու եկած մարդուն: Պէտք է հագուստներով լեցուն երկո՞ւ պահարաններ ունենանք, որպէսզի կարենանք հագուստի կտոր մը տալ անոր կարիքը ունեցողին: Այս այրի ու աղքատ կինը սորվեցուց մեզի, թէ կրնանք աղքատ ու կարիքի մէջ ըլլալ, բայց ատիկա պատճառ մը չէ որ չօգնենք մեզմէ աւելի աղքատին ու կարիքաւորին: Քրիստոսի համար մեծ ուրախութիւն է տեսնել աղքատներ, որոնք կ՚օգնեն ուրիշ աղքատներու: Քրիստոսի համար մեծ հրճուանք է տեսնել ողորմութեան կարօտ բայց ողորմութիւն տուող մարդիկ: Տիրոջ համար յատուկ արժէք ու կարեւորութիւն ունի աղքատներուն տուածը: Նման մարդիկ անսահմանօրէն պիտի գնահատուին երկրի Դատաւորին կողմէ՝ երկրաւորներու դատաստանին օրը:

4) Այրի կինը տուաւ բան մը, որուն կարիքը ինք ունէր: Կրնա՞նք ուրիշին տալ բան մը, որուն կարիքը մե՛նք ունինք: Ընդհանրապէս մարդիկ իրենց համար կը պահեն այն բանը, որուն կարիքը ունին, իսկ այն բանը որուն կարիքը չունին՝ անիկա է որ ուրիշներուն կու տան: Այրի կինը սորվեցուց մեզի, ո՛չ միայն տալ երբ մենք կարիքի մէջ ենք, այլեւ տալ այն բանը, որուն կարիքը ունինք մենք:

5) «Հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց»: Ասիկա Յիսուսի վկայութիւնն է կնոջ մասին: Նոր կտակարանին մէջ, այս այրի կինը այն քիչերէն է, որոնց մասին Յիսուս դրական վկայութիւն մը տուաւ: Ի՜նչ աւելի գեղեցիկ բան կայ, քան վկայուիլ Տիրոջ կողմէ: Ի՜նչ աւելի պատուական բան կայ, քան գնահատուիլ ու մեծարուիլ Արարիչին կողմէ: Մենք ալ ջանանք ամէն բան ընել, միայն թէ արժանի ըլլանք Տիրոջ գնահատանքին:

6) Կնոջ գնահատուիլն ու գովուիլը Յիսուսի կողմէ, եթէ երբեք մէկ կողմէ ցոյց կու տայ կնոջ առաքինի ըլլալը, միւս կողմէ սակայն, ցոյց կու տայ Յիսուսի ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ: Յիսուս հակառակ Իր անչափ մեծութեան՝ կրցաւ տեսնել մեծութիւնը այս կնոջ: Բարձրեալ էր Յիսուս, բայց տեսաւ այս խոնարհ կինը: Ամենազօր էր, բայց տեսաւ այս «տկար» կինը: Անտեսանելի էր, բայց տեսաւ մարդոց կողմէ անտեսուած այս կինը: Ի՛րն էր աշխարհն ու անոր ամբողջ հարստութիւնը, բայց տեսաւ աղքատ կնոջ՝ աղքատ գումարը: Մենք կրնա՞նք տեսնել մարդիկը, երբ բարձրանանք: Կրնա՞նք տեսնել աղքատը, երբ հարստանանք: Կրնա՞նք տեսնել խոնարհն ու համեստը, երբ դիրքի ու գահի տիրանանք: Կրնա՞նք տեսնել անգործը, երբ մեծ գործերու մէջ յաջողութիւն գտնենք:

7) Կինը «իր ամբողջ ապրուստը նետեց» եւ ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ան անձնուրաց ու եսամոռաց էր: Միայն իր անձը ուրացողը եւ իր «ես»ը մոռցողը կրնայ օգնել երբ ինք օգնութեան կարիքը ունի: Մենք կրնա՞նք բարեգործութիւն կատարել, երբ մենք կարիքը ունինք ուրիշին բարեգործութեան: Կրնա՞նք մենք զմեզ մոռնալ՝ յիշելու համար ուրիշը: Կրնա՞նք մենք զմեզ զրկել՝ օգնած ըլլալու համար այլ զրկեալի մը:

8) Ամբողջ ապրուստը նետելը ցոյց կու տայ, թէ ան Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ շատ մեծ վստահութիւն ունէր: Եթէ կինը չվստահէր Աստուծոյ հոգատարութեան՝ պիտի չկրնար վստահութեամբ իր երկու լումաները նետել գանձանակին մէջ: Տալ երբ մենք չունինք՝ Աստուծոյ նախախնամութեան ու հոգատարութեան վստահիլ կը նշանակէ: Այսօր շատ է թիւը այն հաւատացեալներուն, որոնք կը յայտարարեն թէ կը վստահին Տիրոջ, բայց գործնապէս ոչինչ կ՚ընեն, որ կրնայ ցոյց տալ, թէ իրենք կը վստահին Աստուծոյ:

9) Իր «ամբողջ ապրուստը» նետելը՝ ցոյց կու տայ, թէ ան «բոլորէն աւելի հարուստ էր, որովհետեւ բոլորէն աւելի նետեց գանձանակին մէջ, Տիրոջ իսկ վկայութեամբ: Ան հաւատքո՛վ հարուստ էր եւ ո՛չ թէ դրամականօրէն: Աստուած դրամ չի սպասեր մեզմէ, այլ՝ հաւատք» (Ամբրոսիոս):

10) Իր «ամբողջ ապրուստը» նետելը՝ ցոյց կու տայ, թէ մարդ կրնայ տալ նոյնիսկ իր կարելիութենէն աւելի: Ցոյց կու տայ նաեւ, թէ մարդ կրնայ աղքատ ըլլալ, բայց առատաձեռն: Պօղոս առաքեալ կը խօսի Մակեդոնիայի այն եկեղեցիներուն մասին, որոնք «հակառակ իրենց ծայր աստիճան աղքատութեան՝ չափազանց առատաձեռն եղան» եւ ան խօսքը շարունակելով վկայութիւն կու տայ ու կ՚ըսէ. «Ես կը վկայեմ, թէ կամաւոր կերպով տուին` իրենց կրցածին չափ եւ նոյնիսկ իրենց կարելիութենէն աւելի» (Բ.Կր 8.2-3):

11) Այրի կինը իր ամբողջ ունեցածը յանձնեց Աստուծոյ: Աշակերտները իրենց ամբողջ ունեցածը՝ հինգ հացն ու երկու ձուկերը յանձնեցին Յիսուսին (Մր 6.38-41): Սարեփթացի որբեւայրի կինը իր ամբողջ ունեցածը՝ մէկ բուռի չափ ալիւրը եւ քիչ մը իւղը, դրաւ Եղիա մարգարէին տրամադրութեան տակ (Գ. Թգ 17.12): Ասոնք մեզի կը սորվեցնեն, որ հաւատացեալներ պէտք է իրենց ամբողջ ունեցածը Աստուծոյ տրամադրութեան ներքեւ դնեն:

12) Ասկէ առաջ բացատրեցինք, թէ տաճարի գանձանակին մէջ նետուածը կը յատկացուէր աղքատներուն ու կարիքաւորներուն: Տաճարի գանձանակին մէջ դրամ նետողները կ՚ուզէին ողորմած ու ողորմութիւնը սիրող իբրեւ երեւիլ, բայց Յիսուս չհանդուրժեց անոնց այս ըրածը: Անոնք ուզեցին աղքատասէր իբրեւ հանդէս գալ, բայց Յիսուս անտեսեց անոնց «աղքատասիրութիւնը», որովհետեւ անոնք աղքատասէրներ չէին, այլ՝ անձնասէրներ ու փառասէրներ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2023