ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ սաստիկ պատերազմի մթնոլորտին մէջ կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային ուղեւորութիւն մը։ Շփումներու առաջին փուլին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ տեսակցելէ վերջ, Էնթընի Պլինքըն հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Պետական քարտուղարը աւելի վերջ Ամմանի մէջ ընդունուեցաւ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին, իսկ Տոհայի մէջ ալ՝ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Սանիի հետ։ Ի շարունակութիւն Պլինքըն Ռիատի մէջ մէկտեղուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սալման էլ Սաիտին հետ։ Պետական քարտուղարի տեսակցած ղեկավարներու շարքին էր նաեւ Պահրէյնի գահաժառանգ Սալման պին Համիտ էլ Խալիֆա։

Իր կարգին, ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինն ալ այցելեց Իսրայէլ։ Սա զօրակցութեան այցելութիւն մըն էր, որ զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Իսրայէլի բանակը ցամաքային գործողութեան մը կը պատրաստուի։ «ԱՄՆ Իսրայէլին պիտի տրամադրէ ինքնապաշտպանութեան համար անհրաժեշտ ամէն ինչ», ըսաւ Օսթին։

Մինչ Իսրայէլի բանակը Կազզէի ժողովուրդին կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի լքէ տարածքը, լարուածութիւնը զգալի կը դառնայ նաեւ Երուսաղէմի մէջ, ուր Իսրայէլի ոստիկանութիւնը երէկ սահմանափակեց Մեսճիտի Աքսայի մէջ ուրբաթի աղօթքի մասնակցութիւնը։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անշեղ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ իրադարձութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Էրտողան տեսակցութեան ընթացքին ֆրանսացի պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց, որ արեւմտեան երկիրները հետամուտ պէտք է ըլլան լարուածութիւնը թուլացնելու ուղղեալ քայլերու ու պէտք է հեռու մնան այնպիսի ջանքերէ, որոնք խաղաղութեան չեն նպաստեր։

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Շիւքրիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ շփումներ ունեցաւ՝ առկայ տագնապալի իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2023