Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ԻՐԱՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան յայտարարեց, որ եթէ Կազզէի հատուածին վրայ Իսրայէլի յարձակումները չդադրին, ապա հակամարտութիւնը կրնայ ընդլայնուիլ եւ այլ կողմեր եւս կրնան ներգրաւուիլ։ «Եթէ սիոնիստական վարչախումբին կողմէ իրականացուած այս կազմակերպուած պատերազմական յանցագործութիւնները անմիջապէս չդադրին, ապա կրնանք որեւէ հաւանականութիւն պատկերացնել», ըսաւ ան՝ Պէյրութի մէջ ունեցած շփումներուն զուգահեռ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։
«Զաւեշտալի է՝ այն ժամանակ, երբ Ամերիկան ինքնազսպման կոչ կ՚ուղղէ կողմերուն, թոյլ կու տայ, որ կեղծ սիոնիստական վարչախումբի յանցագործները սպաննեն կանանց, երեխաներն ու խաղաղ բնակիչները Կազզէի մէջ», ըսաւ ան։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2023