ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ արարողութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, սա նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած անդրանիկ Ս. Պատարագն էր։ Նորին Ամենապատուութեան առընթերակայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի։ Արարողութեան մասնակցեցան մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ հայրեր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ նշեց, թէ հաւաքական կեանքի մէջ խնդիրներ վաղուց եղած են ու միշտ կ՚ըլլան։ Այդ բոլորը միշտ լուծման կը կարօտին եւ անոնց կը յաջորդեն նորերը, հերթականները, ինչ որ պէտք է բնականոն համարել։ Ան բացատրեց, որ Ե. դարուն ալ պարագան նոյնն էր, երբ լեզուի խնդիր մը կար։ Տառերու չգոյութեան պատճառով այդ ժամանակ կը տուժէր Հայ Առաքելական Եկեղեցին։ Քրիստոնէութեան ուսուցումը դժուար էր, որովհետեւ հայոց գիրերը չկային եւ ժամանակ կը վատնուէր թարգմանութեամբ։ Ասոր համար անհրաժեշտ էր հայերէն այբուբենի մը գոյութիւնը եւ անոր միջոցաւ մշակոյթ ունենալը։ «Հայոց Սահակ Կաթողիկոսն ու Վռամշապուհ թագաւորը այս կենսական գործին ձեռնարկեցին Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի միջոցաւ։ Անոր տքնաջան աշխատանքով ունեցանք մեր Ոսկեդարը եւ մեր մշակոյթը։ Մշակոյթ բառը կու գայ մշակելէ եւ մենք միշտ՝ օրօրոցէն մինչեւ գերեզման մշակուելու պէտք ունինք։ Ընտանիքէն պէտք է սկսի մշակուելու այս աշխատանքը։ Առողջ եւ կարգին մշակոյթով առողջ նոր սերունդներ կրնանք ունենալ։ Ասիկա կ՚ըլլայ միայն մեր ընտանիքներուն եւ վարժարաններուն միջոցաւ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատգամին մէջ։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքեց բացօթեայ սիրոյ սեղան մը, որուն շուրջ ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2023