ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթավերջի Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը եկաւ միեւնոյն ժամանակ բնորոշել Հայ մշակոյթի շաբթուան սկիզբը։ Երէկ առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան պատարագեց եւ քարոզեց։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Արարողութեան մասնակցեցան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամներ, Էսաեան վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժիններու տնօրէնուհիները, կրթական մշակներ, դպրոցի աշակերտութենէն ներկայացուցիչներ, Էսաեան սանուց միութեան, «Մարալ» համոյթի եւ Շիշլի մարզակումբի միութեան վարչայիններ։

Ս. Պատարագի մուտքի թափօրին մաս կազմեցին Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբի փոքրիկները, մինչ կրօնական արարողութիւններու աւարտին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Թարգմանչաց վարդապետներու վարքին եւ Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան աշխատութեանց։ «Պէտք է լաւ հասկնանք, թէ այս սուրբ վարդապետները այբուբենի գիրերը օգտագործեցին հայ ժողովուրդը միաւորելու համար։ Հետեւաբար, իրենց առաքելութիւնը միաւորելու եւ նմաններով զօրանալու անհրաժեշտութիւնը կը յիշեցնէ։ Մենք եւս անոնց շնորհիւ կը յիշենք, թէ մենք նոյն նախնեաց զաւակներն ենք», ըսաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Քարոզի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ երգչախումբը երգեց «Որք զարդարեցին» շարականը եւ պատարագիչ հայր սուրբը արտասանեց արձակման աղօթքը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2023