ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի պա­տուի­րա­կու­թիւննե­րուն մի­ջեւ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին բա­նակ­ցու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յի մէջ։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս հինգ ժամ տե­ւեց «Ան­գա­րա Փա­լաս» պե­տա­կան հիւ­րա­տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղո­վը։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թե­նէն Էօմէր Չե­լի­քի եւ ՃՀՓ­-էն Հա­լուք Քո­չի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ա­ռա­ջին տե­սակ­ցու­թիւ­նը։ Կ՚են­թադ­րուի, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն եւս չորս կամ հինգ ժո­ղով տե­ղի կրնայ ու­նե­նալ կու­սակ­ցա­կան պատուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։

Էօ­մէր Չե­լիք յայտ­նեց, թէ ե­րէ­կուան քննար­կում­ներուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի նիւ­թե­րու ընդ­հա­նու­րին շուրջ պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը հան­դէս ե­կած են ի­րենց վեր­լու­ծում­նե­րով։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015