ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Գ.)

ՆԱԽԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

Հիմա որ մանուկը արդէն իսկ սկսած է խօսիլ, ճանչնալ շրջապատն ու առարկաները, սկսած է կազմել իր բնաւորութիւնները եւ ձեռք բերած իր «որոշում»ները՝ այո կամ ոչ ըսելու, կու գայ երրորդ ամենէն կարեւոր շրջանը՝

Գ.- ՆԱԽԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ (4-6 տարեկան).- Նախադպրոցական այս շրջանը մանուկի մը զարգացման ամենէն կարեւոր փուլն է: Առաջին ու հիմնական տարբերութիւնը անոնց մօտ մարմնական է. այս ժամանակաշրջանին մանուկը կը սկսի հասակ առնել, աւելիով կշիռք ստանալ ու մարմնական յստակ փոփոխութիւններ զգալ: Այս ժամանակաշրջանին կը սկսին կազմաւորուիլ անոնց մկանները, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որպէսզի անոնք ըլլան աւելի աշխոյժ՝ վազեն ու ցատկեն շատ աւելի մեծ ինքնավստահութեամբ:

Մարմնական փոփոխութիւններու առընթեր կը տեսնենք, որ անոնց մօտ կը փոխուին նաեւ իրերու եւ առարկաներու հանդէպ եղած գործածութիւնը. օրինակի համար, կը սկսին մկրատը շատ աւելի ճիշդ ձեւով գործածել՝ քան մանկական նախորդ շրջանները: Մարդկային երեւոյթներ՝ ինչպէս օրինակ, ջուր խմել, ուտել եւ այլն շատ աւելի գիտակցուած ու ճիշդ ձեւով կը սկսին կատարել՝ քան նախորդ շրջանները:

Այս ժամանակաշրջանը մանուկներուն համար մեծ փոփոխութեան շրջան է, որովհետեւ անոնք կամաց կամաց ցերեկային քունի դրուածքէն դուրս գալով կը սկսին աւելիով վարժուիլ գիշերային քունին. կը սկսին աւելիով հասկնալ առողջութեան ու հիւանդութեան, մաքրութեան ու աղտոտութեան յստակ տարբերութիւնները: Կը հաւատանք, որ այս ժամանակաշրջանին ձեռք բերած գիտելիքներով է, որ կը կազմուի ապագայ 6-10 տարեկան մանուկի «ինքնութիւն»ը, որ տակաւին իր յստակ գիծերը չունի եւ կամաց կամաց կը սկսի կազմուիլ:

Նախադպրոցական այս ժամանակաշրջանին մանուկներ կ՚ընդլայնեն իրենց խօսակցութեան բառապաշարը: Կը սկսին նոր բառեր սորվիլ եւ գործածութեան մէջ դնել, միաժամանակ սրբագրելով լեզուական այն սխալները՝ որոնք կը կատարէին նախորդ ժամանակաշրջանին. նախադպրոցական ժամանակաշրջանին մանուկներ աւելի ատակ կ՚ըլլան նոր բառեր սորվելու եւ շատ անգամ առանց իմաստը հասկնալու կը կրկնեն իրենց մեծերէն լսած բառերը. այս է պատճառը, որ ծնողքը պէտք է ուշադիր ըլլայ իր գործածած բառամթերքին, որովհետեւ մանուկը նոյնութեամբ կրնայ ընդօրինակել եւ պարզ ու սովորական բառերու կողքին գործածել նաեւ վատերը՝ ինչ որ ծնողքին կողմէ քննադատելի կը թուի՝ առանց նկատելու որ իրենք են այդ բառերը սորվեցնողներն ու օգտագործողները: Լեզուականին կողքին կը սկսի կոկուիլ նաեւ անոնց մտածելակերպն ու երեւակայական աշխարհը:

Այդ երեւակայութեան աճն է, որ յաճախ մանուկները կը մղէ պատմելու դէպքեր՝ որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չեն ունեցած. անոնք կը սկսին պատմութիւններ յօրինել ու իրենց երեւակայական աշխարհը ստեղծել։ Օրինակ, կրնանք տեսնել այդ տարիքի երկու մանուկներ, որոնք իրենց հօրը «հերոսութիւն»ներուն մասին կը խօսին. օրինակ՝ «Հայրս կրնայ այս շէնքը օդը հանել» եւ այլն։ Այս ժամանակաշրջանին կը զարգանայ երեւակայելու եւ ստեղծագործելու իրենց հմտութիւնը. կը սկսին թուղթի վրայ նկարել մարդիկ, իրեր ու անհասկնալի բաներ՝ որոնք իրենց համար պատկեր մը կը ներկայացնեն եւ մեզի համար անհասկնալի նկարի մը մէջ իրենք կրնան մեքենայ, շէնք, կատու, շուն եւ այլ բաներ տեսնել ու պատկերացնել:

Երեւակայութեան այդ հմտութեան կը միանայ մտապէս հասուննալու պահը. անոնց մօտ կը զարգանայ թիւերու, գոյներու եւ ձեւերու հմտութիւնը. անոնք արդէն իսկ կը սկսին ճանչնալ թուանշանները, առարկաները իրենց չափերու կարճով դասաւորել եւ զանազանել կլորը եռանկիւնէն, քառակուսին քառանկիւնէն եւ այլն:

Երեւակայութեան, ստեղծագործութեան, ինչպէս նաեւ մտապէս զարգանալու կողքին այս ժամանակաշրջանին կը զարգանայ նաեւ անոնց յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը: Նախորդ շրջաններուն իր հետ պատահածները մանուկը այնքան կրնայ չյիշել, ինչքան նախադպրոցական շրջանի երեւոյթներն ու դէպքերը. նախորդ շրջանին բնազդաբար ու անզգալաբար կատարուած երեւոյթները կը սկսին դառնալ կեդրոնացուած ու մտածուած արարքներ, որոնց ճիշդ կամ սխալ ըլլալը մանուկը արդէն իսկ սկսի զանազանել ու հասկնալ: Օրինակի համար, երկու տարեկանին պնակը գետին նետելով փշրող մանուկը կրնայ չհասկնալ, թէ իր պատճառով պնակը փշրուեցաւ, սակայն նախադպրոցական այս շրջանին անոնք լաւապէս կը գիտակցին եւ նոյնիսկ կ՚ունենան գիտակցութիւնը, որ նման երեւոյթ մը կրնայ ջղայնացնել ծնողները եւ բարկութեան արժանանալ:

Այս ժամանակաշրջանին մանուկին մօտ կը զարգանան հասակակիցներու հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնները. անոր մօտ կը զարգանան զգացումները. օրինակի համար, նախադպրոցական շրջանին մանուկը կրնայ իր մէկ հասակակիցը աւելի սիրել՝ քան միւսը եւ կամ մէկը ընդհանրապէս չսիրել. սիրելու կամ չսիրելու համար հիմնական պատճառներու կարիքը չկայ, պարզապէս մանուկին զգացումներուն եւ ունեցած յարաբերութիւններուն հետ կապ ունի այս երեւոյթը, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ այլեւս մանուկը կ՚ունենայ իր որոշումները, նախընտրութիւններն ու կարծիքները:

Այս ժամանակաշրջանին մանուկը կը սկսի հասկնալ նաեւ ուրիշներուն զգացումները. օրինակ՝ հասակակիցի մը տխրութիւնը, վիշտը եւ այլն. նախորդ շրջանին արդէն իսկ անոնք սկսած էին հասկնալ ջղայնութեան եւ ուրախութեան տարբերութիւնները, սակայն այս շրջանին ձեռք կը բերեն իրենց յուզական աշխարհը կառավարելու երեւոյթը: Անոնց մօտ ի յայտ կու գայ բաժնեկցելու երեւոյթը եւ յանկարծ կը տեսնէք, թէ լացող հասակակիցի մը ան կը մօտեցնէ իր գնդակը եւ կամ խաղալիքը՝ զինք ուրախացնելու եւ յուզական վիճակը փոխելու համար:

Ամենէն վերջին փոփոխութիւնը ինչ որ անոնք կ՚ապրին, անկախութիւնն ու որոշում կայացնելու երեւոյթն է. այս տարիքին անոնք կը սկսին հակառակիլ իրենց ծնողներուն, կը մերժեն հագուիլ այս կամ այն հագուստը եւ իրենց նախասիրածը կը պարտադրեն. այլ խօսքով՝ անոնք կ՚ուզեն իրենց ինքնավարութիւնը աւելիով ամրացնել՝ այս կամ այն երեւոյթին մասին ունենալով իրենց մտածումներն ու «որոշում»ները, ինչ որ անվնաս պայքար մը կը ստեղծէ ծնողքին եւ մանուկին միջեւ:

Այս ժամանակաշրջանին մանուկին համար ստեղծուած առողջ մթնոլորտ մը պիտի օգնէ, որպէսզի ան դառնայ աւելի հասուն, ազնիւ ու խելացի եւ մեծապէս ազդեցութիւն ունենայ իր ապագայ կեանքին համար:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -374-

Մանուկը հայելին է ընտանիքին, այդ իսկ պատճառով մանուկ մը եթէ դրական կամ ժխտական բան մը ընէ՝ պատճառը ո՛չ թէ մանուկին, այլ ծնողքին մէջ պէտք է փնտռել:

Աւելի հասկնալու համար պատմենք հետեւեալը.

Ընտանիքի մը մէջ տան հայրը ամէն անգամ կ՚օգնէ կողակիցին՝ տան մաքրութեան պարագային: Ամէն անգամ երբ կինը տունը կը մաքրէ, տան ամուսինը ձեռքով գորգը կը բարձրացնէ՝ որպէսզի կողակիցը կարողանայ գորգին տակը եւս մաքրել:

Այս երեւոյթը մի՛շտ կը կրկնուի. օր մը տան հայրը կը բացակայի տունէն, իսկ տան մայրը կ՚որոշէ տան մաքրութիւն կատարել: Մայրը յանկարծ կը տեսնէ, որ մանուկը՝ իր հօրը նմանակելով գորգը վեր կը բարձրացնէ՝ որպէսզի մայրը այդ մասը եւս մաքրէ:

Իրականութեան մէջ մանուկը այդ մէկը կրնայ անգիտակցաբար կատարած ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ դաստիարակութեան մաս կը կազմէ եւ այդպէս տեսնելով է, որ մանուկը իր ինքնութիւնը կը կերտէ: Այդ է պատճառը, որ կարեւոր է հաւասարակշռել մանուկներուն դիմաց մեր արտայայտութիւններն ու շարժուձեւերը, որովհետեւ անոնք մեզմէ օրինակ վերցնելով իրենց ապագայ ինքնութիւնը կը կազմեն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2023