ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐԹԱԿ

Թեհրանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ՝ Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս «3+3» խորհրդակցութեան ձեւաչափին մէջ մէկտեղուեցան Թուրքիոյ, Հայաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները։ Սա այս ձեւաչափին մէջ ցարդ կազմակերպուած ամենաբարձր մակարդակով հանդիպումը եղաւ։ Վերջին անգամ շուրջ մէկուկէս տարի առաջ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը։ Նախարարներու երէկուան հանդիպումէն վերջ յայտնի դարձաւ, որ յաջորդ ժամադրութեան տանտէրը պիտի ըլլայ Թուրքիան՝ 2024 թուականի առաջին կէսին։

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Թեհրանի մէջ մէկտեղուեցան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի տանտիրութեամբ։ Հնգակողմանի բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ տեղի ունեցան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ուշագրաւ էր Հաքան Ֆիտան-Արարատ Միրզոյեան տեսակցութիւնը։ Արդարեւ, սա անոնց առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումն էր։ Միրզոյեան անպաշտօն հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պայրամովի հետ։ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին ալ հիւրընկալեց Թեհրանի ժողովի մասնակից նախարարները։ Այս ամբողջին մէջ Արարատ Միրզոյեանն ալ տեսակցեցաւ անոր հետ։

Թէեւ «3+3» անուանումը կը պահպանուի, սակայն տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի երէկուան ժողովէն ալ բացակայեցաւ Վրաստանը։ Բանակցութիւններէ վերջ ժողովական հինգ նախարարները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը:

Ֆիտան եւ Միրզոյեան Թեհրանի հանդիպման ընթացքին վերահաստատեցին՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները ի կատար ածելու պատրաստակամութիւնը։ Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանի եւ երկկողմանի ընթացիկ օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Բանակցութիւններու ընթացքին ալ Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Կովկասի մէջ կայունութիւնը հնարաւոր է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրով։ Ամիր Ապտուլլահիան շեշտեց, որ «3+3» ձեւաչափը կրնայ վերջ դնել Հարաւային Կովկասի առկայ մարտահրաւէրներուն։ Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը մեծ հաշուով լուծուած է։ Ան աւելցուց, որ Պրիւքսելն ու Ուաշինկթընը կը շարունակեն երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման գործընթացին ներթափանցելու փորձերը։ Ճէյհուն Պայրամով դիտել տուաւ, որ Պաքու շինիչ մօտեցում կ՚ակնկալէ Երեւանէն։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր հեռանկար մը բացուած է։ Այսպէս, տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ անհրաժեշտ է շահապաշտ, արդիւնքի միտուած ու փոխադարձ յարգանքով համագործակցութիւնը։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ Թեհրանի մէջ յայտնեց, որ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի պարագային՝ Հայաստան պատրաստ է մաս դառնալու տարածաշրջանային նախագիծերուն։ Իր խօսքով՝ ապագայ ծրագրերը կեանքի կոչել հնարաւոր չ՚ըլլար՝ առանց տարածաշրջանային համակեցութեան եւ միջազգային իրաւունքով սահմանուած կարմիր գիծերու նկատմամբ բոլորի յարգանքին։ Երեւան ներկայիս յատկապէս կը կարեւորէ երկաթուղային ենթակառուցուածքները իրարու համարկելու գործընթացը։ «Հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք փոխադրութեան ուղիներու մեր տարածաշրջանէն ներս հատումը՝ ներառեալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս, իւրօրինակ խաղաղութեան խաչմերուկ կրնայ դառնալ մեր բոլորին համար», ըսաւ Միրզոյեան։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ առկայ են շատ բարդ խնդիրներ, գոյութիւն ունի պատմութիւն եւ այդ խնդիրները պէտք է հասցէագրուին, այլապէս տարածաշրջանը դատապարտուած կ՚ըլլայ ընդմիշտ մնալ անցեալի մէջ։ Հարցերու կարգաւորումը կրնայ համագործակցութեան մթնոլորտ ապահովել՝ որպէս զարգացման կարեւոր երաշխիք։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Թեհրանի երէկուան հանդիպման։ «Մենք կ՚ողջունենք որեւէ բարեխիղճ յանձնառութիւն, որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան անկախ այն հանգամանքէն, թէ բանակցութիւնները ո՛ւր կ՚ընթանան կամ ո՛վքեր կը վարեն զանոնք», յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր, անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Ան աւելցուց. «Ասով հանդերձ, մենք կ՚ընդունինք Իրանի եւ Ռուսաստանի աշխարհագրական նուրբ հիմքը Հարաւային Կովկասի գծով, բայց այդ երկիրները վստահելի գործընկերներ չենք համարեր»։

ՅԱՋՈՐԴ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԷՍԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրները ներկայացուցին՝ Թեհրանի երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակուած՝ ինն կէտէ բաղկացեալ համատեղ յայտարարութիւնը, ուր նշուած է հետեւեալը.

1- Հաշուի առնելով երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահերու ու բարիդրացիութեան վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը՝ ընդգծուած է վէճերու խաղաղ կարգաւորման, ինքնիշխանութեան, քաղաքական անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, անձեռնմխելիութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու, սպառնալիքներու կամ ուժի կիրառման արգիլման կարեւորութիւնը եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բոլոր սկզբունքներու հիման վրայ մարդու իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը։

2- Միջազգային զանազան խնդիրներու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները արտայայտելով՝ քննարկուած են տարածաշրջանային առաւել կարեւոր խնդիրները եւ ընդգծուած է «3+3» խորհրդակցական հարթակի նման տարածաշրջանային հարթակներու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ շինիչ երկխօսութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման հնարաւորութիւններ ընձեռելու հարցին մէջ։

3- Ընդգծուած է տնտեսական համագործակցութեան դրական ազդեցութիւնը՝ փոխադարձ վստահութեան, ժողովուրդներու բարեկեցութեան եւ տարածաշրջանի կայունութեան ամրապնդման վրայ։

4- Կարեւորուեցան մշակութային համագործակցութիւնը, մարդոց միջեւ շփումները եւ համատեղ ծրագրերը կրթութեան, գիտութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի ոլորտներէն ներս։

5- Տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան ու տնտեսական զարգացման ամրապնդման նպատակով՝ կողմերը պիտի ամրապնդեն երկկողմանի եւ բազմակողմանի խորհրդակցութիւններն ու համագործակցութիւնը։

6- Նախարարները ողջունած են տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու զարգացման շարունակական գործընթացները։

7- Դրական գնահատելով հանդիպման արդիւնքները՝ նախարարները հաստատած են Վրաստանի իրաւահաւասար մասնակցութեան համար հարթակին բաց ըլլալը։

8- Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Կազզէի իրավիճակին շուրջ եւ ընդգծած՝ անմեղ քաղաքացիական անձերու վրայ յարձակումները անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը։

9- Հայաստանի Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան արտաքին գործոց նախարարները շնորհակալութիւն յայտնած են Իրանի արտաքին գործոց նախարարին՝ ընդունելութեան եւ այս հանդիպման բարեյաջող կազմակերպման համար։

Նախարարները պայմանաւորուած են «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը ունենալ Թուրքիոյ մէջ։ Հանդիպման թուականի յստակեցումը պիտի համակարգուի դիւանագիտական միջոցներով։

   

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2023