ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԵՐ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
Հետաքրքրական է եւ նոյնչափ շահեկան՝ թղթատել հին բայց չհինցած հայ մամուլի էջեր եւ բաղդատել զանոնք ներկայի հետ, հասկնալու համար ժամանակակից կեանքը։ Մենք կը ներկայացնենք սեպտեմբեր 1910 թուականէն էջեր, եւ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը թողունք անոնց բաղդատութիւնը ներկային հետ…
ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐԸ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԻ ՍՈՎԸ
Բրովիտէնսի (Ամերիկա) հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Սելանիկի նախորդ հովիւ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ներշապուհ, հայրապետական կոնդակով, եւ այս առթիւ յիշեալ քահանային ալ հայրապետական կոնդակ մը ուղղուած է։ Պատրիարքարանէն հեռագրուեցաւ ճանապարհածախուց համար, եւ կը յուսացուի որ Արժ. Տ. Հայրը յառաջիկայ շաբթու ճամբայ ելլէ դէպի նոր պաշտօնատեղին։
Ժամանակ էր որ Բրովիտէնսի պատուական հայ գաղութին ամիսներէ ի վեր ըրած խնդրանքը կատարուէր։ Այս շաբթու իսկ խմբագրութիւնս նամակ մը կը ստանար նոյն քաղաքի Ազգ. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութենէն, որ Բրովիտէնսի եւ գրեթէ բոլոր Ամերիկայի հայերուն ազգ. հոգեւոր բարձրագոյն իշխանութենէն կարծես անտեսուած ըլլալը կը յայտնէր ցաւօք սրտի. կը ծանուցանէր թէ տարին հազիւ անգամ մը, եւ ան ալ հազար դժուարութեամբ, կարող կ՚ըլլան հայ եկեղեցական մը ձեռք ձգել կրօն. արարողութիւններ կատարելու եւ Ս. Պատարագ մատուցանել տալու համար։
Երեխաներ երկար ատեն կը մնան - շատ անգամ ալ կը մեռնին - առանց մկրտութեան, ննջեցեալներ կը թաղուին առանց եկեղեցականի եւ պսակներ կը կատարուին օտար եկեղեցականներու ձեռամբ։
Եւ այս տեղի կ՚ունենայ այնպիսի քաղաքի մը մէջ, ուր իբր 3000 հոգիի հայ գաղութ մը կայ՝ որուն 400-ը ընտանիք կազմած։
Նամակագիրները վհատութեամբ դիտել կու տային թէ նոյն գաղութը կրօնապէս լքուած է, իբրեւ թէ հայութեան անպէտ մէկ մասը կազմած ըլլար, մինչ այս պատուական գաղութը, Մայր Հայրենիքին ամէն ցաւերուն վշտակից, լիաբուռն նպատակած է միշտ ինքնաբերաբար, բաց ի կրթական գործին համար եղած զոհողութիւններէն, յատուկ միութիւններու ձեռքով։
Ուրախ ենք, որ հայրապետական տնօրինութիւնը ճիշդ ժամանակին կը հասնի, ցուցընելու համար թէ սխալ է լքումի կարծիքը, եւ հոգեւորապէս մխիթարելու այդ հեռաւոր պատուական գաղութը, ձեռամբ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ներշապուհի նման կարող եւ բանիմաց եկեղեցականի մը, որ վստահ ենք թէ պիտի կրնայ ամէն կերպով գոհ ձգել ժողովուրդը, եւ Հայ Ս. Եկեղեցւոյ փարախը վերադարձնել, ի խնդիր հոգեւոր մխիթարութեան օտար եկեղեցիներու դիմել հակամիտող հաւատացեալները։
Այս առթիւ տեղն է յիշեցնել երկնաւոր Վարդապետին խօսքը.
«Հունձք բազումք են եւ մշակք սակաւք. աղաչեցէք զՏէր հնձոց զի հանցէ մշակս ի հունձս իւր»։
Կարող եկեղեցականի սով կայ բացարձակ, ներքին գաւառներու թէ արտասահմանի մէջ։ Եկեղեցական բարեկարգութեան հետ մէկտեղ, եւ անկէ ալ առաջ, ստիպողական է խորհիլ ընդհ. եկեղեցականութեան. - եւ մասնաւորապէս քահանայութեան - զարգացման վրայ, կարող, «ներկայանալի» (représentable) եկեղեցականներ պատրաստելու անհրաժեշտ պէտքին վրայ։
«ՏԱՃԱՐ», 18 սեպտեմբեր 1910
«ԲԱ՞Ց ԹԷ ԳՈՑ»Ի ԽՆԴԻՐԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ
Ֆրէզնոյէն ուղղուած թղթակցութեան մը մէջ կը կարդանք, թէ Վերացման Ս. Խաչի կիրակին նոյն քաղաքի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղւոյն հայ գաղութն ընդհ. ժողով գրաւելով, գրեթէ միաձայնութեամբ համամտութիւն յայտներ է Ն.Ս. Օծութիւն Ամենայն Հայոց Վեհ. Հայրապետին կոնդակի ոգիին, որով՝ բացի եկեղեցիին փակ մնալը կը տրամադրէ քաղաքական-կուսակցական հաւաքոյթներու առջեւ։ Նոյն թղթակցութեան մէջ իրաւամբ կը դիտուի հայութեան հոգեբանական վիճակը, որով հայ ազգն ամէն զրկանքի, բռնութեան կը հանդուրժէ եւ չի միանար դիմադրելու համար, բայց երբ իր Եկեղեցիին կը դպչին, յանկարծ կ՚ընդվզի եւ միահամուռ կուրծք կու տայ։
Թղթակիցն ի վեր կը հանէ նաեւ որ դաշնակցականք խիստ ցանցառ թիւ մը ունին հոն, եւ Ամերիկայի Հայ-Լուսաւորչական դաշնակցականը «բացի գոցի» խնդրոյն մէջ հետեւուած ուղղութեան չի համակրիր, եւ «գէշ քաղաքականութիւն» մը կ՚անուանէ զայն։
«ՏԱՃԱՐ», 16 հոկտեմբեր 1910
Անցեալը եւ ներկան բաղդատել՝ յառաջդիմութեան համար անհրաժե՛շտ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 23, 2023, Իսթանպուլ