Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Երեւանի Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Պելլա Իսահակեան։ 2004 թուականէն ի վեր տուն-թանգարանի տնօրէնուհին էր Ռուզան Սարեան, որ Մարտիրոս Սարեանի թոռնուհին է։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նորանշանակ տնօրէնուհին 2005 թուականէն ի վեր կ՚աշխատի թանգարանին մէջ։ Սկիզբին ան աւագ գիտաշխատող էր, իսկ աւելի վերջ ցուցահանդէսներու կազմակերպման բաժնի վարիչը եղած էր։
Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի աշխատակազմը այս փուլին շնորհաւորած է նորանշանակ տնօրէնուհին՝ մաղթելով, որ ան շարունակէ զարգացնել ու ծաղկեցնել մեծ վարպետին տունը, պահպանել ու ծանօթացնել անոր թողած հարստագոյն ժառանգութիւնը։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023