«ՀԱՄԱՍ»Ն ՈՒ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԿԱԾԸ

Ի՞նչ պատճառներով Իսրայէլ կը յետաձգէ Կազզէի ցամաքային գործողութիւնը։ Վերջին օրերուն ամենատարբեր հարթակներու վրայ վերլուծութիւններ կը հրապարակուին այս կապակցութեամբ։ Ռազմական նշանակութենէն անդին խնդիրը ունի քաղաքական ծալքեր, որոնք կապուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բաց յորդորներուն հետ։ «Համաս»ի ձեռքը կան գերիներ, որոնք ԱՄՆ-ի քաղաքացիներ են։ Սպիտակ տան եւ նախագահ Պայտընի վարչակազմին համար սա չափազանց կարեւոր է՝ ո՛չ միայն անոնց ապահովութեան, այլեւ՝ ազատ արձակման առումով։ Նոյն մօտեցումներով ԱՄՆ օգտուեցաւ Քաթարի դերէն եւ կարողացաւ երկու գերիի ազատ արձակումը ապահովել։ Աւելի վաղ ալ նոյնը եղած էր եւ դարձեալ մայր մը եւ իր դուստրը ազատ արձակուած էին։

Գերիներու խնդիրը անմիջականօրէն կը կապուի ԱՄՆ-ի ապագայ նախագահական ընտրութիւններուն հետ։ Յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն մեծագոյն քուէն կապուած պիտի ըլլայ այս գերիներու ազատութեան հետ։

Հարկ է յիշեցնել, կարեւորելով գերիներու հիմնահարցը՝ ԱՄՆ գրեթէ ամիս մը առաջ Իրանի հետ գործարք մը կատարեց ու մեծագումար փրկագինի մը դիմաց ապահովեց ազատութիւնը իր քաղաքացիներուն, որոնք կը գտնուէին Իրանի բանտերուն մէջ։ Այսպէսով, անշուշտ, որ պարզ ու յստակ կը դառնայ, որ մինչեւ գերիներու հարցին ամբողջական լուծումը դժուար թէ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը ձեռնարկէ Կազզէի ցամաքային գործողութեան։

Ռազմական գործողութեան այս խնդիրը ներքին նշանակութիւն ունի նաեւ Իսրայէլի տեսակէտէ։ Նեթանիյահու մինչեւ այդ մեծ գործողութիւնը՝ ամբողջական պատասխանատուութիւնը կ՚ուզէ դնել բանակին վրայ։ Իսկ բանակին մէջ կայ թեւ մը, որ վստահ է, թէ հակառակ բոլոր տեսակի հանգամանքներուն՝ Կազզէ ներխուժումը պէտք է ըլլայ քաղաքական վերնախաւի վճիռով։ Այս բարդ եւ բաւական լարուած մթնոլորտին մէջ, ի հեճուկս ընդհանրացած կարծրատիպերուն, Իսրայէլ չունի առաջուան հաստատակամութիւնը՝ մանաւանդ, որ երկարատեւ ռազմական գործողութիւն մը որեւէ կերպով չի բխիր իր շահերէն։

Միւս կողմէ, «Համաս» ի՞նչ հիմքերով գործադրութեան դրաւ իր գրոհը եւ արդեօք անոր ռազմական թեւի պատասխանատուները ի՞նչ ծրագրով մը իրականացուցին այն յարձակումը, որ աննախատեսելի էր վերլուծաբաններու համար։

Այս հարցումները ներկայիս յաճախ կը քննարկուին, ինչպէս Իսրայէլի փորձագիտական շրջանակներուն, այնպէս ալ արաբական մամուլին կողմէ։

Գրոհի ազդեցութիւնը ցնցիչ էր։ Իսրայէլի բանակը, յատուկ ջոկատայինները, գաղտնի սպասարկութիւնն ու քաղաքական վերնախաւը տակաւին նոր դուրս կու գան այդ ցնցումէն։ Զուգահեռաբար Իսրայէլ կարողացաւ վերատիրանալ այն տարածքներուն, որոնք անցած էին «Համաս»ի ձեռքը։

Հոս, անշուշտ, գաղտնաբառ մը կայ եւ այդ մէկը առաւելաբար «Համաս»ին կը վերաբերի, որովհետեւ կասկածէ վեր է, թէ այդ կազմակերպութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը նոյնպէս մեծ շոք մը ապրած էր, երբ Կազզէի մերձակայ շրջաններուն մէջ Իսրայէլի զօրանոցներ մէկ-մէկ «Համաս»ի ձեռքը կ՚անցնէին։

Այո՛, «Համաս»ի զինեալները կային, պատերազմ կը մղէին, բայց բացակայ էր ինքը՝ «Համաս»ը, որովհետեւ գետնի վրայ պատահած իրադարձութիւնները, արձանագրուած յաջողութիւնն ու յառաջխաղացումը չէին զուգակցուեր համապատասխան քայլերով։

Ուրեմն, այս պարզ ու հասկնալի տրամաբանութեան վրայ հիմնուելով կ՚ըլլան դիտարկումներ եւ հարց կը տրուի, որ ի՞նչ պատրաստած էր «Համաս», եթէ հաշուարկած ըլլար, որ այսքան արագ յաջողութիւն մը պիտի ունենար նա՛խ զօրակայաններ գրաւելով, ապա հարիւրաւոր գերիներ Կազզէ տանելով։ Եւ կամ հաշուի չէր նստած այդ իրականութեան հետ, կամ ալ ինչ-որ տեղ եւ ինչ-որ առումով կար յստակ դաւաճանութիւն մը։

Այստեղ բնաւ գաղտնիք չէ, որ նման մեծ գրոհի մը պարագային անհնար է, թէ պատրաստուած գործողութիւնը չունենայ շրջանային տարողութիւն։ Տակաւին ուր մնաց այս գործողութիւնը, երբ անոր հիմնական ուժի աղբիւրը Իրանն է։ Թէ ի՞նչ շահեցաւ Իրան այս բոլորէն։ Հարցման պատասխանելէ առաջ հարկ է հաշուի նստիլ՝ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի Պէյրութի ներկայացուցիչ՝ Ահմէտ Ապտիւլհատիի յայտարարութիւններուն հետ։ Պաղեստինցի գործիչը չէր կարողացած իր պաղարիւնութիւնը պահել եւ հակադարձած էր ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի մշտական ներկայացուցիչի խօսքերուն, ըստ որոնց Թեհրան այս պատերազմին պիտի չմասնակցի՝ այնքան ժամանակ, որ Իրանի տարածքները հարուածի չենթարկուին։ Ապտիւլհատի ըսած էր, որ իրենք դաւաճանութեան ենթարկուած են։ Այո՛, ի զարմանս շատերուն, ըստ Ապտիւլհատիի Իրան դաւաճանած էր «Համաս»ին։ «News Week»ի մէջ արձագանգ գտած այս յայտարարութիւնը, կու գայ խառնել բազմաթիւ խաղաքարտեր։ Մինչ «Համաս»ի ղեկավարութեան այլ ներկայացուցիչներ անտեսելու կու տան այս խօսքը, անդին արաբական աշխարհը կը ջանայ հասկնալ բուն կացութիւնը։

Բոլոր հանգամանքներու լոյսին տակ այսօր աւելի քան յստակ է, որ տեղ մը, պահու մը թել մը կտրուած է։ Այդ թելին կտրուիլը ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունի այն խնդիրներուն հետ, որոնց ընդմէջէն կ՚անցնի «Համաս» այս օրերուն եւ որոնք, ըստ երեւոյթին, վերջ մը պիտի չունենան։

Ու հոս է նաեւ, որ կը ծագի ամենամեծ հարցումը։ Որո՞ւ համար «Համաս» դիմեց այս խելագար քայլին։ Ո՞վ օգտուեցաւ այդ արկածախնդիր քայլէն ու աւարտին «Համաս» ինչպէ՞ս պիտի ներկայանայ սեփական ժողովուրդին եւ իր ընտրողներուն, երբ Կազզէն ընդհանրապէս փլատակ դարձած է եւ այնտեղ զոհուած են 7 հազարէ աւելի անմեղ պաղեստինցիներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023