ԱԹԷՆՔԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ա­թէն­քի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ կիպ­րա­հա­յոց Նա­րեկ վար­ժա­րա­նի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Թաշ­ճեա­նի պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ ի­րեն հան­դի­սա­ւո­րա­պէս շնոր­հուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ոս­կէ մե­տայ­լը՝ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ ու­նե­ցած մեծ ա­ւան­դին հա­մար։ Իր շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քին մէջ դես­պան Ղա­լա­չեան նշեց, որ Հա­յաս­տա­նէն հե­ռու ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նած իւ­րա­քան­չիւր հայ հե­րոս կը հա­մա­րուի, իսկ հա­յա­պահ­պան­ման ու հայ­րե­նա­նուէր գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող ա­մէն հայ՝ կրկնա­կի հե­րոս։ Հա­կիրճ ներ­կա­յաց­նե­լով պար­գե­ւատ­րեա­լին հա­րուստ կեն­սագ­րու­թիւ­նը՝ դես­պա­նը ընդգ­ծեց, որ ի դէմս Թաշ­ճեա­նի՝ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան բարձ­րա­գոյն պար­գե­ւը կը շնոր­հուի իր ար­ժա­նի եւ լիի­րաւ տի­րոջ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Թաշ­ճեանն ալ ար­տա­սա­նեց իր սրտի խօս­քը՝ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­լով Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նին, կիպ­րա­հայ հա­մայն­քի պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վարդ­գէս Մահ­տե­սեա­նին, դես­պան Ղա­լա­չեա­նին, իր գոր­ծա­կից ըն­կեր­նե­րուն եւ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն։ Թաշ­ճեան, որ վաս­տա­կա­շատ կրթա­կան մշակ մըն է, կանգ ա­ռաւ ինք­նու­թիւն պահ­պա­նե­լու եւ իբ­րեւ հայ ապ­րե­լու ու գոր­ծե­լու պատ­գա­մին վրայ, զոր ժա­ռան­գած էր իր ծնող­նե­րէն։ Այդ պատ­գա­մը ան փոր­ձած է իր կրթա­կան ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին փո­խան­ցել սե­րուն­դէ սե­րունդ՝ Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան, Նա­րեկ վար­ժա­րան­նե­րուն եւ Լի­բա­նա­նի զա­նա­զան դպրոց­նե­րու կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ։ Թաշ­ճեան ի­րեն հա­մար խրա­խու­սա­կան հա­մա­րեց տրուած պար­գե­ւը։

Վար­դան Թաշ­ճեան կիպ­րա­հայ հա­մայն­քի ա­նուա­նի ու բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծիչ­նե­րէն մին է։ Շուրջ քսա­նեօթ Նա­րեկ կիպ­րա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նը ըլ­լա­լէ վերջ, 2009 թուա­կա­նին ստանձ­նած է հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը, զոր կը վա­րէ ցայ­սօր։ Աշ­խա­տանք տա­րած է նաեւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դին մօտ՝ որ­պէս Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պա­տուի­րակ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2015