ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԴ.)
ԾԵԾՆ ՈՒ ՄԱՆՈՒԿԸ
Մանուկը ուղղութեան բերելու համար ամէն ծնողք ունի տարբեր համոզում ու միջոց, սակայն ընդունինք թէ ոչ, մեր հայկական ընտանիքներէն ներս անոնցմէ ամենէն տարածուած միջոցը ծեծն է: Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ բռնութիւնը դաստիարակութեան միջոցներէն մէկն է եւ ներկայ աշխարհի այլասերուած դրութեան դիմաց շատեր կը հաւատան, թէ այդ բռնութիւնն ու ծեծի դաստիարակութիւնն է, որ կը յաջողի Միջին Արեւելքի մէջ ընտանիք հասկացողութիւնը ամուր պահել:
Ցաւ ի սիրտ, մեր հայ ընտանիքներուն մէջ եւս կը տեսնենք ծեծի գոյութիւնը. շատեր կը հաւատան, թէ հայկական աւանդական ընտանիքները այդ ձեւով է, որ կրնան դաստիարակուած սերունդներ առաջ բերել. սակայն այնպէս ինչպէս այս յօդուածաշարքին սկիզբը յիշեցուցինք, նոյնպէս կ՚ուզենք այստեղ յիշել, որ հայ ժողովուրդը ունեցած է մտաւորականներ, որոնք զարգացած երկիրներէն շատ շատ աւելի առաջ դատապարտած ու բարձրաձայնած է ծեծին ունեցած ժխտական ազդեցութիւնները. Ռեթէոս Պէրպէրեան այս խօսքերը գրած է մեր թուականէն 129 տարիներ առաջ՝ 1894 թուականին. «Ծեծը գազանական եղանակ մ՚է յուղղութիւն բերելու»: Պէտք է նկատի ունենալ, որ Ռեթէոս Պէրպէրեան այս մէկը կը գրէր այն ժամանակ, երբ գոյութիւն ունէր Տէր Թոդիկի դպրոցը, ուր ծեծը կ՚ընդունուէր որպէս մանուկն ու պատանին կրթութեան բերելու լաւագոյն միջոց: Պէրպէրեան եւ անոր շուքին տակ գտնուող մի քանի գրողներ, ամէն ձեւով կը փորձէին ծեծը դուրս վանել մեր կեանքէն:
Մանուկը դաստիարակելու համար գոյութիւն ունի երկու ձեւ.- բարոյական դաստիարակութիւն եւ ծեծի դաստիարակութիւն. յաճախ մեր հայ ընտանիքները կը հաւատան, որ բարոյական դաստիարակութեամբ փոխանցել չյաջողուած արժէքները ծեծի ճամբով կարելի է փոխանցել, սակայն միշտ պիտի յիշեցնենք, որ ծեծը պարզապէս վախ կը յառաջացնէ եւ ո՛չ կրթութիւն։ Կրթութիւնը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ մանուկը իրապէս հասկնայ ու համոզուի, թէ ինչու համար պէտք չէ կատարել այս կամ այն մէկը: Օրինակի համար, մանուկը ուրիշին խաղալիքը իւրացուց. ծեծի ճամբով կարելի է մանուկը «առաջնորդել», որպէսզի խաղալիքը վերադարձնէ, սակայն այն այդ մէկը պիտի կատարէ, որովհետեւ մայրը ջղայնացաւ ու զարկաւ եւ ո՛չ թէ ուրիշին սեփականութիւնը յարգելու արժէքը սորվելուն համար: Վստահ եղէ՛ք, որ արժէքը սորվեցնելէ ետք ան շատ աւելի քիչ պիտի իւրացնէ ուրիշին ունեցած խաղալիքը՝ քան ծեծի ազդեցութեան տակ, որովհետեւ ծեծը պահն է որ կը «փրկէ», իսկ բարոյական դաստիարակութիւնը՝ ամբողջ կեանք մը կ՚ունենայ իր ազդեցութիւնը:
Այս նրբութիւնն է պատճառը, որ տարբերութիւն կը ստեղծէ դաստիարակութեան, կրթութեան եւ ուսումի միջեւ. մեր ծնողները յաճախ ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի մեր պզտիկները ուսում ստանան, կարծելով որ ուսումի ճամբով կարելի է «մարդ» դառնալ. աշխարհի ամենէն բարձր ուսում ստացողն անգամ եթէ չունենայ բարոյական դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, պարզապէս կրնայ դառնալ ուսեալ չարագործ մը, որովհետեւ ուսումը չէ՛ որ մարդը մարդ կը դարձնէ՝ այլ բարոյական դաստիարակութիւնը, որ առաջնահերթ է միւս բոլոր ուսումներէն: Բարոյական դաստիարակութիւնը սկիզբ կ՚առնէ ընտանիքէն, դպրոցէն եւ ապա շրջապատէն. ծնողներ չկարծեն, թէ իրենց զաւակները դպրոց ղրկելով դաստիարակուած զաւակներ կ՚ունենան, որովհետեւ այդ կրթութեան սկզբնաղբիւրը իրենց մօտ է:
Ծեծի ճամբով իրենց զաւակները դաստիարակել փորձող ծնողները առաջին հերթին պէտք է լաւապէս հասկնան, որ մանուկը չունի կարողութիւնը մտածելու այնպէս՝ ինչպէս իրենք կը մտածեն եւ հետեւաբար այնպէս ինչպէս ուսուցիչը, նոյնպէս ծնողքը պարտի իր զաւակն ու իր սեփական ներաշխարհը զանազանել իրարմէ։ Պէտք է հասկնալ, որ մենք ինչ հոգեկան վիճակի մէջ ալ գտնուինք, մանուկները ունին իրենց աշխարհը, իրենց պէտքերն ու բնական արարքները եւ կարելի չէ անոնցմէ «գիտակցութիւն» ակնկալել: Հետեւաբար ծեծը մանուկին համար ո՛չ մէկ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ՝ եթէ անոր չյաջորդէ իմաստալից բարոյական կրթութիւն մը:
Ճիշդ է, ծեծի դէմ ենք, սակայն ներկայ ընտանիքներուն մէջ ալ յաճախ կը տեսնենք ծեծի պակասութեան ժխտական ազդեցութիւնները. շատ մը ծնողներ ծեծէ հեռու մնալն ու տկարանալը նոյնացուցած կ՚երեւին. մանուկը տեսնելով որ ո՛չ մէկ ձեւով ծեծի կ՚արժանանայ, կը քառապատկէ իր չարութիւններն ու անկրթութիւնները: Իրականութեան մէջ չծեծելն ու իշխանութիւնը ձեռքէ ձգելը տարբեր բաներ են եւ շատ անգամ ծնողներ ծեծի կը դիմեն իրենց կորսնցուցած իշխանութիւնը դարձեալ ձեռք բերելու համար: Այս անհաւասարութեան պատճառը ամենէն սկիզբն է. ամենէն սկիզբէն ծեծի եւ իշխանութեան հաւասարակշռութիւնը ստեղծելը վերջաւորութեան անոր փնտռտուքէն հեռու կը պահէ ընտանիքները:
Այս բոլորը մենք կը գրենք ծնողներու համար եւ ո՛չ մանուկներուն, որովհետեւ ամէն բա՛ն կախեալ է ծնողքէն. անոնք է որ պէտք է գիտնան հաւասարակշռել պատիժն ու վարձատրութիւնը։ Ըստ Ռ. Պէրպէրեանի, ծեծը մանուկին մօտ կը ստեղծէ ատելութիւն, վախ եւ երկչոտութիւն: Այս պարագային պէտք է տրամաբանականօրէն մտածել, որ հակառակն ալ պիտի ստեղծէ անվախութիւն, աներկչոտ վիճակ. այդ է պատճառը որ հաւասարակշռութիւն կը պահանջենք ծնողներէ:
Արուեստ է ծեծէն հեռու մնալով հանդերձ ծեծի ազդեցութեան տակ զաւակ մեծցնելը, որովհետեւ անոր յոռի երեւոյթները ցաւ ի սիրտ կը տեսնենք այսօր. կը տեսնենք, թէ զաւակներ ինչպիսի անկրթութեամբ դէմ կու գան իրենց ծնողներուն, խօսքով ու գործով՝ շատ անգամ ծեծելու աստիճան, որովհետեւ իր զաւակը չծեծող ծնող մը կրնայ զաւակներու կողմէ ծեծի արժանանալ, որովհետեւ ծեծի բացակայութիւնը առանց բարոյական դաստիարակութեան մեծագոյն վնասը կը դառնան մեր զաւակներուն համար:
Այս բոլորը կը գրենք, որպէսզի մեր երիտասարդութեան մէջ արթննայ գիտակցութիւն, զաւակ լոյս աշխարհ չբերելէ առաջ լաւապէս մտածելու եւ խորհրդածելու առիթ ունենայ, որովհետեւ զաւակ բերելը դժուար բան մը չէ. զաւակը լաւապէս դաստիարակելն է դժուարը: Այդ դաստիարակութեան պակասի պատճառով է, որ այսօր ունինք ոճրագործներ, գողեր ու այլ չարագործներ. եթէ ամէն ծնողք իրապէս յաջողած ըլլար բարոյական դաստիարակութիւն փոխանցել, այսօր աշխարհը դրախտ կը դառնար. հետեւաբար աշխարհը դժոխքի վերածողը անարդարութիւնը եւ կամ ողորմածութեան պակասը չէ. պարզապէս պակասն է բարոյական դաստիարակութեան:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Ինչո՞ւ համար պետական գործիչներ կը հարստանան, մինչ ժողովուրդը կը շարունակէ աղքատ մնալ:
Պատասխան.- Քաղաքական գործիչներու հարստացումը եւ միւս կողմէ ժողովուրդին աղքատ վիճակի մէջ ապրիլը բարդ խնդիր է: Պատճառը շատ անգամ կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնն է. որոշ քաղաքական գործիչներ կը շահագործեն իրենց պաշտօնները եւ հանրային շահերը իրենց սեփական շահերուն կը վերածեն: Անոնց իշխանութեան վրայ գտնուիլը շատ անգամ առիթ կու տայ, որպէսզի անոնք որդեգրեն որոշումներ՝ որոնք յօգուտ իրենց շահերուն են: Քաղաքական գործիչներու եւ ժողովուրդի միջեւ եղած թափանցիկութեան պակասութիւնը առիթ կու տայ, որպէսզի անոնք կատարեն իրենց գործերը, որովհետեւ գոյութիւն ունի հաշուետուութեան բացակայութիւն: Այս խնդիրի լուծումը կը պահանջէ համակարգի փոփոխութիւն, աւելի մեծ թափանցիկութիւն, ապականութեան ու կաշառակերութեան դէմ պայքար եւ արդարացի քաղաքականութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/24/2025
- 04/24/2025