ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

​Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 22.15-24:
Պօղոս առաքեալին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն 1.1-14:
Ղուկասի Աւետարանէն 8.17-21:

Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

«Չկայ ծածուկ բան՝ որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ։ Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կ՚ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐՆ ՈՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

Յիսուսի մայրն ու եղբայրները Իրեն եկան, բայց խուռն բազմութեան պատճառով չկրցան Իրեն մօտենալ։

Լուր տուին Իրեն, ըսելով.

-Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ՚ուզեն Քեզ տեսնել։

Յիսուս ըսաւ.

-Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն»։ 

Աւետարանական այս հատուածին մէջ կան գլխաւոր մի քանի գաղափարներ, որոնք այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ պիտի բաժնեկցինք:

ա. ՉԿԱՅ ԾԱԾՈՒԿ ԲԱՆ՝ ՈՐ ՉՅԱՅՏՆՈՒԻ ԵՒ ԿԱՄ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆ՝ ՈՐ ՉԳԻՏՑՈՒԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ ՉԳԱՅ:

Տէր Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ Իր աշակերտներուն եւ Իր հետեւորդներուն «Ճրագին օրինակը» տալէն ետք, ուր ի միջի այլոց կ՚ըսէ.

«Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ եւ կամ կը դնէ մահիճի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները տեսնեն» (Ղկ 8.16): Ահաւասիկ, այս խօսքերը ըսելէն ետք է, որ կ՚ըսէ, թէ չկայ ծածուկ բան՝ որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ:

Մեր ներկայ ժամանակներուն դժբախտաբար խաբէութիւնը, կեղծիքն ու շողոքորթութիւնը լայն տարածում գտած են մարդկային ընկերութիւններուն մէջ եւ այդ երեւոյթները ճնշող ներկայութիւն դարձած են մարդոց առօրեայէն ներս:

Երկար ժամանակ ընկերային յարաբերութիւն եւ շփում կ՚ունենաք զանազան մարդոց հետ, սակայն կեանքի մէկ հանգրուանին՝ յատկապէս այն պահերուն երբ առաւելաբար այդ մարդոց՝ ձեր ընկերներուն կարիքը, զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը զգաք, կը յայտնաբերէք, որ ձեր չորս կողմը մարդ չէ մնացած, աւելին շատ յաճախ ձեր ներկայ այդ վիճակին մէջ յայտնուելուն գլխաւոր դերակատարները այսպէս կոչուած ձեր ընկերները եղած են: Ասիկա մեր ֆիզիքական կեանքին կապուած:

Նոյնն է պարագան հոգեւոր կեանքին մէջ: Մարդիկ յաճախ եկեղեցի կ՚երթան, մոմ կը վառեն, սրբապատկերներու դիմաց կանգնելով արցունք կը թափեն, երկար կ՚աղօթեն, ուխտագնացութիւններու կը մասնակցին, մատաղ կ՚ընեն, նոյնիսկ երբեմն-երբեմն նիւթական օգնութիւն կը տրամադրեն կարօտեալներուն… այս բոլորը անոնց մտածել կու տայ, թէ իրենք հոգեւորապէս ամուր հիմքերու վրայ են եւ ապահով են ամէն տեսակի փորձութիւններէ, սակայն առաջին փորձութեան կամ դժուարութեան երբ հանդիպին, անմիջապէս յուսահատութեան գիրկը կ՚իյնան, կը սկսին մեղադրել իրենց շրջապատը, իրենց հոգեւոր հօր, նոյնիսկ կը մեղադրեն զԱստուած, ըսելով այսքան ժամանակ է որ առաքինի ու աստուածահաճոյ կեանքով կ՚ապրէի, ինչո՞ւ թոյլ տուրիր՝ ո՜վ Աստուած, որ նման փորձութեան ու դժուարութեան մատնուիմ…

Այս վերաբերմունքը, արդարեւ, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ինքնախաբէութեան արդիւնք: Ճիշդ է, որ այդպիսիները վերը մեր յիշատակած բոլոր բաները կը կատարեն՝ եկեղեցի երթալ, աղօթել, եւ այլն, սակայն այդ բոլորը կ՚ընեն, կը կատարեն ո՛չ թէ սրտանց, անկեղծութեամբ, այլ՝ պարզապէս իրենց եսին բաւարարութիւն տալու համար, այլ խօսքով, ստանան՝ չարը այդ մարդոց աչքերը խաբէութեան քօղով շղարշած կ՚ըլլայ, որպէսզի կարծեն, թէ լաւ ու առաքինի գործեր կը կատարեն, մինչ իրականութեան մէջ իրենց եսին փառաբանաքն ու ինքնագովութիւնն է որ կ՚ընեն, ուրիշ ոչինչ:

Այս պարագային այնքան խօսուն է Տիրոջ ըսածը թէ՝ չկայ ծածուկ բան՝ որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ: Ասիկա անշուշտ անձնական կեանքի, մարդուն ներաշխարհին մասին:

Նոյնը կը վերաբերի մարդուն՝ իր նմաններուն հետ յարաբերութեան պարագային: Շատ յաճախ մարդիկ իրենք զիրեն մաքուր, սուրբ եւ առաքինի ցոյց կու տան մարդոց աչքին, մինչ իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակն է: Յատկապէս հոգեւորականներու պարագային, տարիներով կ՚աշակերտիք հոգեւորականի մը, կը հետեւիք անոր քարոզներուն, անոր թելադրութիւններուն ու խրատներուն, սակայն յանկարծ այդ հոգեւորականին մասին կը լսէք լուր մը, որ առաջին պահուն չէք ուզեր հաւատալ, որովհետեւ այդ հոգեւորականը ձեզի համար երկար տարիներ իսկական տիպար եղած է, սակայն յաջորդող նոյն ժխտական լուրերը կը ստիպեն ձեզ տեղ մը կանգ առնելու, մտածելու ըսուածներու մասին, հետաքրքրուելու եւ յայտնաբերելու, թէ դժբախտաբար ըսուածները կը համապատասխանեն ճշմարտութեան… Բնականաբար, ճշմարիտ հաւատացեալները չեն դատապարտեր ու չեն մեղադրեր տուեալ հոգեւորականը, ընդհակառակը կը շարունակեն աղօթել անոր համար, բայց այլեւս կը զգուշանան անկէ, որպէսզի յանկարծ իրենք ալ չսայթաքին: Մինչ, հաւատքով քիչ մը տկար եղողները եւ կամ նոր հաւատքի կեանքի մէջ մտնողները կը գայթակղին եւ այդ գայթակղութիւնը կրնայ անոնց կորուստի պատճառ դառնալ:

Այստեղ խնդիրը, սակայն, ո՛չ թէ հաւատացեալներն են, այլ հոգեւորականը ինք, որ այս նախադասութիւնը՝ չկայ ծածուկ բան՝ որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ, թերեւս տասնեակ անգամներ, նոյինիսկ հարիւր անգամէ աւելի կարդացած ըլլան, սակայն ոչինչ հասկցած, կամ գիտակցութեան չեն եկած, որ թէեւ իրենք արտաքնապէս իր հաւատացեալներուն մօտ դրական կերպարի օրինակ ձգած է, սակայն Աստուած գիտէ իր ի՛նչ ըլլալը, անդին, իր՝ խաւարին, մութիւն կամ գաղտանաբար գործած գործերը օր մը չէ օր մը լոյս աշխարհ պիտի գան…, եթէ այս աշխարհի մէջ երեւան գան՝ այդ իր օգուտին համար կ՚ըլլայ, որովհետեւ առիթ կ՚ունենայ գիտակցելու, ապաշխարելու եւ զղջալու, սակայն եթէ այս աշխարհէն մեկնի իր այդ «լաւ» համբաւով, ապա հանդերձեալին՝ Վերջին Դատաստանի ժամանակ պատիժէն պիտի չկարենայ զերծ մնալ, աւելին՝ առիթ պիտի չունենայ ապաշխարելու եւ զղջալու:

Այստեղ մենք հոգեւորականի կերպարի մասին խօսեցանք, բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ աշխարհականներու փոխյարաբերութիւններուն, պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք մեր արարքներուն մէջ, անկեղծ ու թափանցիկ, միշտ մեր միտքին մէջ ունենալով, թէ նոյնիսկ եթէ յաջողինք մարդիկը խաբել, զԱստուած խաբել չենք կրնար, որովհետեւ՝ չկայ ծածուկ բան՝ որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ:

բ. ՈՒՆԵՑՈՂԻՆ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ, ԻՍԿ ՉՈՒՆԵՑՈՂԷՆ ՊԻՏԻ ԱՌՆՈՒԻ ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՅՆ՝ ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ԿԱՐԾԷ ԹԷ ՈՒՆԻ:

Ընդհանրապէս մենք այս տողը կարդալով անմիջապէս կը տարուինք մտածելու նիւթականին մասին, մինչ իրականութեան մէջ նիւթականէն աւելի հոգեւոր եւ իմացական կեանքի մասին է, այլ խօսքով մարդուն տրուած հաւատքին, շնորհքներուն, իմաստութեան եւ հնարաւորութիւններուն մասին է:

Արդարեւ, մարդ եթէ իրեն տրուած հաւատքը չծաղկեցնէ, պտղաբեր չդարձնէ, ապա իր ունեցած հաւատքը պիտի առնուի եւ տրուի ուրիշի մը, որ հաւատք ունի, ո՛չ միայն ունի, այլ՝ կ՚օգտագործէ իր հաւատքը իր կեանքին մէջ, կը ծաղկեցնէ զայն, պտղաբեր կը դարնձնէ՝ մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր բերք տալով (տե՛ս Մր 4.20):

Օրինակ, մարդ մը կրնայ փայլուն միտք ունենալ, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով նախըտնրէ առանձնութեան մէջ ապրիլ, հեռու ընկերութենէն: Բնականաբար, այդ մարդուն միտքը ժամանակի ընթացքին պիտի սկսի խամրիլ եւ յետագային եթէ ուզէ ալ գործածել զայն՝ ապա իր միտքը պիտի դաւաճանէ իրեն, որովհետեւ պէտք եղած ձեւով չէ գործածած զայն:

Անդին, ուրիշ մը լաւ ձայն կրնայ ունենալ, որով կրնայ զԱստոած փառաբանել ու օրհներգել, սակայն, փոխանակ զԱստուած օրհներգելու կը սկսի սատանային «օրհներգել»… բնական չէ՞, որ այս մարդուն վերջն ալ՝ եթէ չգիտակցի իր ընտրած սխալ ճանապարհին ի՜նչ պիտի ըլլայ:

Մէկ ուրիշը, ըսենք՝ հոգեւորական մը, քարոզելու շնորհք ունի, սակայն չի՛ սիրեր քարոզել, պատճառաբանելով թէ մարդոց հետ չ՚ուզեր շփուիլ… բնական չէ՞, արդարեւ, որ այդ շնորհքը պիտի առնուի իրմէ եւ տրուի ուրիշի մը, որ թէեւ նոյն շնորհքը կամ պատրաստութիւնը չունի քարոզելու, սակայն ինքն իր վրայ կ՚աշխատի, Աստուծոյ միշտ կ՚աղօթէ, որպէսզի օգտագործէ զինք՝ Իր խօսքը տարածելու համար, եւ Աստուած տեսնելով այդ մարդուն պատրաստակամութիւնը եւ յամառութիւնը, ապա անոր պիտի շնորհէ քարոզելու տաղանդ եւ օգտագործէ զինք Իր փառքին համար:

Լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան այս համարին մասին հետեւեալը կ՚ըսէ.

«Ինչի՞ մասին կը խօսի Յիսուս:

Ունեցողը՝ հաւատք ունեցողն է: Եթէ մէկը հաւատք ունի՝ ի՞նչ բան պիտի աւելիով տրուի իրեն:

Դարձեա՛լ հաւատք:

Հաւատքը մարդ էակին մէջ իր լիութեամբը կամ լեցունութեամբը չի յայտնուիր: Հաւատքը շնորհք մըն է, որ կրնայ աճիլ եւ աւելնալ, կրնայ նաեւ նուազիլ եւ պակսիլ: Գիտէք, որ հաւատքը վստահութիւն է: Ինչպէս որոշ բաներու հանդէպ մեր վստահութիւնը կրնայ աճիլ եւ աւելնալ, կամ նուազիլ եւ պակսիլ, նոյնն է պարագան առ Աստուած մեր վստահութեան»:

գ. ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐՆ ՈՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ:

Այս հատուածը շատերու համար գայթակղութեան առիթ դարձած է եւ կը դառնայ տակաւին: Ուրիշներ, այս հատուածը սխալ ըմբռնելնուն պատճառով, տարուած են սխալ մեկնութիւններ կատարելու, որով մարդոց ուշադրութիւնը եւ կեդրոնացումը շեղած են ճշմարտութենէն:

Մէկ բան յստակ է, որ Տէր Յիսուս չէ՛ր կրնար Իր մայրը՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը անարգել կամ անպատուել, այն ալ՝ հրապարակայնօրէն: Այստեղ, պարզապէս Տէր Յիսուս Իր չորս կողմը եղած մարդոց եւ անոնց միջոցով ամբողջ մարդկութեան ուզեց պատգամ մը փոխանցել, որը հետեւեալն էր.

-Մայրս եւ եղբայրներս բոլոր անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն:

Մայրիկ Աստուածածինը այս խօսքին թերեւս նախակարապետ գործադրողը եղաւ, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին ըսաւ.

-Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ (Ղկ 1.38):

Այս նախադասութիւնը կարդալով, բնականաբար կարելի չէ մտածել, թէ Տէր Յիսուս Իր վերոնշեալ արտայայտութեամբ անարգական վերաբերմունք ցուցաբերեց Իր մօր՝ Աստուածածինի վերաբերալ, ընդհակառակը, Ան միշտ հնազանդ էր Իր մօր եւ հոգատար անոր նկատմամբ, որով բոլոր մարդկութեան ծնողյարգութեան եւ ծնողասիրութեան գերագոյն Օրինակն ու Տիպարն է Տէր Յիսուս: Այս խօսքին վկայութիւնը դարձեալ Տիրջոմէ է որ կը քաղենք, երբ խաչին վրայ մահը դիմաւորելու ժամանակ իսկ, դառնալով Իր սիրասուն մօր եւ Իր սիրելի աշակերտին՝ Յովհաննէսին, ըսաւ անոնց.

-Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ:

-Ահաւասիկ մայրդ:

Եթէ Տէր Յիսուս վերը մէջբերուած հատուածին լոյսին տակ իր Մայրը անարգեց կամ անպատուեց, ապա ի՞նչ կարիք պիտի զգար Իր այս աշխարհէն մեկնումէն ետք յանձնել զայն Իր ամենէն մտերիմ ընկերոջ, աշակերտին՝ Յովհաննէսին, արդեօք այս բոլորին մէջ հակասութիւն պիտի չըլլար: Դարձեալ կը կրկնենք, Տէր Յիսուս Իր՝ Մայրս եւ եղբայրներս բոլոր անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն, արտայայտութեամբ ուզեց մարդկութեան պատգամ փոխանցել, թէ անոնք որոնք կը հետեւին Իրեն, կ՚ընդունին զԻնք որպէս Տէր եւ Փրկիչ եւ կը գործադրեն Անոր պատուիրաններն ու թելադրութիւնները, բանականաբար կը դառնան Անոր մայրն ու եղբայրները:

Դարձեալ դիմենք լուսահոգի Զարեհ Սրբազանին եւ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը բացատրէ այս հատուածը:

Սրբազան Հայրը կը գրէ.

* Անկասկած, Յիսուս Իր մօր նկատմամբ մեծ սէր եւ յարգանք ունէր։ Հետեւաբար, թիւրիմացութիւն կ՚ըլլայ Իր այստեղ ըսածը բառացիօրէն առնելը։

Գալով իր «եղբայրներ»ուն, այսինքն՝ զարմիկներուն, Յովհաննէսի Աւետարանին 7-րդ գլուխէն գիտենք, որ անոնք Յիսուսի առաքելութիւնը դեռ չէին հասկցած եւ թերեւս Յիսուսի հաւատացողներ ալ չէին:

Երբ Մարկոսի Աւետարանին 3-րդ գլուխը կարդանք, կը տեսնենք որ Յիսուս տասներկու առաքեալները ընտրելէ ետքը՝ տուն կը դառնայ, սակայն ժամանակ չ՚ունենար ուտելու, որովհետեւ անմիջապէս ժողովուրդ կը հաւաքուի Իր շուրջ։ Եւ Իր ընտանիքի անդամները «խելագարեր է» կ՚ըսեն ու ճիգ կ՚ընեն, որ Ան ժողովուրդը ձգէ եւ Իր ճաշին դառնայ (Մկ 3.20-21)։ Աւետարանիչը չի յստակացներ, թէ որո՞նք էին այն «ընտանիքի անդամները», բայց անհաւանական չէ, որ անոնք Իր զարմիկները ըլլային, այսինքն՝ Յակոբոսը, Յոսէսը, Սիմոնը եւ Յուդան (Մտ 13.55)։

Հաստատօրէն կարելի է ըսել, որ Յիսուս Իր սեփական ընտանիքը չէր մերժեր։ «Ահաւասիկ մայրս ու եղբայրներս։ Որովհետեւ ո՛վ որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ՝ ան է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս» խօսքով՝ կ՚ուզէր պատգամել որ Իրեն եղբայր, քոյր կամ մայր ըլլալը կը կայանար երկնաւոր Հօր կամքը կատարելուն մէջ։

Յիսուս այս առիթով երկու ճշմարտութիւն կը սորվեցնէ։

Առաջինը Իր եւ Իր առաքելութեան մասին։ Երկրորդը՝ թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ հաւատքի հրաւէրը լսողին առաջնահերթ ընելիքը:

Առաջինը:

Յիսուս անուղղակիօրէն մեզի կ՚ըսէ, որ Ինք աշխարհ եկաւ ո՛չ թէ ֆիզիքական ընտանիք կազմելու, այլ Աստուծո՛յ ընտանիքը կազմելու:

Իրաւ ընտանիքը ի՞նչ բանի վրայ կը հիմնուի:

Սիրոյ եւ փոխադարձ հնազանդութեան:

Յիսուս ալ սորվեցուց, թէ հաւատքի ընտանիքին հիմը՝ առ Աստուած եւ նմանին հանդէպ սէրն է: Երկրորդ կարեւոր տարրը հնազանդութիւնն է: Յիսուս Իր օրինակով սորվեցուց, որ մարդ էակը պէտք է հնազանդի երկնաւոր Հօր կամքին: Առանց այդ հնազանդութեան՝ մարդիկ չեն կրնար փոխադարձաբար, այսինքն՝ իրարու հանդէպ հնազանդ ըլլալ:

Երկրորդը:

Ո՛վ որ առ Աստուած եւ իր նմանին հանդէպ սէր ունի, նաեւ հնազանդութիւն ունի։ Հետեւաբար, անդամ է Աստուծոյ ընտանիքին՝ իբր Յիսուսի եղբայրը, քոյրը եւ մայրը։

Յիսուսի այս խօսքը այնքա՜ն յստակ պատգամ ունի՝ այսօրուան կարգ մը անհատապաշտ մեկնաբանութիւններուն:

Քրիստոնէական հաւատքը ընտենեկա՛ն հաւատք է, այսինքն՝ Աստուծոյ ընտանիքի՛ն հաւատքն է: Աստուած Իր Որդին չղրկեց անհատներ փրկելու: Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրարմէ անջատ՝ անհատ փրկուածներու բազմութիւն չէ, այլ իրարու հոգեւորապէս կապուած հարազատներու ընտանիք է, զանազան անդամներու միացում է եւ միութիւն է Աստուծոյ կամքին ներքեւ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2023