ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԵ.)
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿՌԻՒՆ ՈՒ ՄԱՆՈՒԿԸ
Իւրաքանչիւր զոյգ, տնտեսական, ընկերային ու կրթական ո՛ր մակարդակին վրայ ալ գտնուի, պէտք է լաւապէս հասկնայ, որ իրական կեանքը սիրահարութեան ժամանակ մեզ կուրացնող վարդագոյն կեանքին չի նմանիր եւ մեր կամքէն անկախ պայծառ օրերու կողքին կ՚ունենանք նաեւ մշուշապատ օրեր, ինչ որ մեր մարդկային ու բնական կեանքին մաս կը կազմէ:
Մշուշապատ օրերէն հեռու մնալը այնքան ալ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ չէ, ինչքան դարձեալ պայծառ դարձնելը եւ հոն է, որ մեր ծնողները կը ձախողին: Մարդկայնօրէն բնական է, որ ծնողներ ունենան տարաձայնութիւններ, բանավէճեր ու հակաճառութիւններ, որովհետեւ վերջապէս անոնք երկու տարբեր ընտանիքներէ գալով, տարբեր կրթութիւն ու ենթահող ունենալով կրնան կարծիքներու տարբերութիւն ունենալ եւ մարդկային կազմուածքէն առաջնորդուելով կրնայ տարբեր դրսեւորումներ ունենալ:
Երբեք մեր ծնողներուն մի՛ վիճաբանիք եւ կամ հակառակութիւններ մի՛ ունենաք պիտի չըսենք, որովհետեւ գիտենք, թէ կեանքը այնքան ալ վարդագոյն գոյն չունի եւ մանաւանդ ներկայ աշխարհը, իր վերիվայրումներով, իր տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւններով ցանկացած պահու խռովութիւններ կրնայ ստեղծել ընտանեկան յարկէն ներս, սակայն պէտք է լաւապէս գիտակցիլ, որ ընտանեկան կռիւները՝ ինչ չափի ու մակարդակի մէջ ալ գտնուին, կամայ-ակամայ մեր մանուկներուն վրայ իրենց ազդեցութիւնը կրնան ունենալ, որ շատերու մօտ բնական, իսկ շատերու մօտ լուրջ խնդիրներու կրնայ վերածուիլ:
Մանուկներուն մօտ յառաջացած խնդիրներուն մասին խօսելէ առաջ ամփոփ ձեւով խորհրդածենք, թէ մեր ընտանիքներուն մէջ ինչո՞ւ համար նման անախորժ պայմաններ կը ստեղծուին: Վիճաբանութիւններու հիմնական խնդիր կը նկատուի հաղորդակցութեան պակասը եւ կամ սխալ ոճը, որովհետեւ վատ հաղորդակցութիւնը փոքր խնդիրներն անգամ կրնայ վերածել աւելի մեծ վիճաբանութիւններու։ Իրականութեան մէջ հաղորդակցութեան ձեւը զոյգերու միջեւ բնական է որ տարբերի, որովհետեւ անոնք տարբեր ընտանիքներէ, տարբեր ուսումէ, տարբեր կրթութենէ եւ ենթահողէն կու գան եւ անոնց մէջ նոյնութիւն կարելի չէ փնտռել, սակայն գոյութիւն ունի անոնց մէջ սէր կոչուած հասարակաց զգացումը, որ կրնայ հաւասարակշռել այդ անհասկացողութիւնները: Դժբախտաբար, ընտանիքներուն մէջ հաղորդակցութենէն անդին վիճաբանութեան ու հակառակութեան պատճառ կը դառնայ նիւթական անհաւասարակշռութիւնը, ինչ որ ջղային ու դիւրագրգիռ վիճակ մը կը ստեղծէ: Տակաւին կարելի է պատճառները երկարել, սակայն մեր կենդրոնացումը առայժմ մանուկին հոգեկան վիճակն է:
Ընտանեկան վիճաբանութիւնները կրնան ազդել մանուկին հոգեկան, յուզական ու ընկերային կեանքին վրայ: Վիճաբանութիւններուն ու կռիւներուն բնոյթն ու յաճախականութիւնը մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մանուկի կազմաւորման մէջ: Այդ մէկը անոնց մօտ կրնայ յառաջացնել յուզական անհանգստութիւն. անոնք կրնան խաղաղ իրավիճակէ անցնիլ վախի անհանգիստ զգացումին եւ շատ անգամ այդ յուզական աշխարհը զիրենք կ՚առաջնորդէ ըլլալու ջղային ու անհանդարտ:
Յաճախ յիշեցինք, թէ ծնողներ իրենք պէտք է իրենց զաւակներուն սորվեցնեն յուզական աշխարհը հաւասարակշռել ու կառավարել, սակայն աւելիով յիշեցինք, որ խօսքերէ աւելի ծնողքը իր ապրելակերպով պիտի սորվեցնէ այդ ամէնը. պէտք է նկատի ունենալ, որ մանուկը իր ծնողքին արարքներէն պիտի սորվի ջղայնութիւնը կառավարելը, հետեւաբար ընտանեկան կռիւներուն ականատես, անոնք պիտի սորվին այն՝ ինչ կը տեսնեն: Անոնք կրնան ընդօրինակել ամէ՛ն վարքագիծ՝ որուն ականատես կը դառնան:
Ընտանեկան կռիւները պարզ ու բնական բնորոշեցինք, սակայն մեր երեւակայածէն շատ շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին անոնք մեր զաւակներուն վրայ. մանկավարժներու կողմէ փաստուած իրողութիւն է, որ յաճախ իրենց ծնողներուն վէճերուն ականատես եղող զաւակներ լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն իրենց ընկերային ու դպրոցական կեանքին մէջ. պարզ կարծուած բանավէճ մը նոյնիսկ կրնայ խանգարել մանուկին կենդրոնացումը եւ արգելք դառնալ անոր արդիւնաբեր ուսումնական կեանքին:
Խօսինք իրական կեանքէ վերցուած օրինակներով. օր մը դպրոցի մը ուսուցչական կազմը կը նկատէ, որ դասերուն մէջ աշխատասէր եւ ուշիմ աշակերտուհիներէն մին լրջօրէն անկում կ՚ունենայ իր արդիւնքներուն մէջ: Թեթեւ փոփոխութիւն մըն ալ կը նկատեն աշակերտին ընկերական կեանքին մէջ. կը նկատեն, թէ անոր դէմքէն հեռացած է նախկին խանդավառութիւնը: Ժամանակ մը ետք կը գիտցուի, թէ տան հայրը դաւաճանած է մօրը եւ այդ դաւաճանութիւնը մօր կողմէ բացայայտուած է: Այդ դաւաճանութեան կապուած բոլոր կռիւներն ու վէճերը տեղի ունեցած են աշակերտուհիին ներկայութեան, ինչ որ խորապէս ազդեցութիւն ունեցած է աշակերտուհիին ներաշխարհին մէջ: Վստահ եղէք, որ այդ աշակերտուհին իր նախկին վիճակին դարձնելը այնքան ալ դիւրին աշխատանք մը չէ՛ եւ հօր եւ մօր իրարու հանդէպ «հնազանդ» ըլլալ չըլլալէն աւելի կարեւոր վիճակ մըն է այդ աղջկան հոգեկան վիճակը:
Կռիւները մեր մանուկները կ՚առաջնորդեն անվստահութեան եւ մանուկի մը համար կարելի չէ երեւակայել աւելի վատ հոգեվիճակ՝ քան անվստահ ու անապահով ըլլալու զգացումը: Այդ զգացումը բնականաբար իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մանուկին եւ հասակակիցներուն միջեւ եղած յարաբերութեան վրայ եւս: Աւելին, ցաւ ի սիրտ, շատ անգամ անցնելով հոգեկան աշխարհը, կրնան ֆիզիքական հիւանդութիւններու ձեւով ի յայտ գան. կրնան մանուկին պատճառել գլխացաւ, ստամոքսային անհանգստութիւն եւ այլն:
Կը հրաւիրենք ծնողները, որպէսզի իրենց զաւակները իրենց կեանքի կեդրոնը դնեն եւ ամէն ձեւով ապրին անոնց առողջ կազմաւորման համար՝ նոյնիսկ զոհելով անձնականը, որովհետեւ ծնողք ըլլալը իր զոհողութեան պայմանները ունի եւ մանուկն ու անոր հոգեկան աշխարհը գերիվեր է ամէ՛ն մանրուքներէ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Անասունները մեզ կը հասկնա՞ն, երբ իրենց հետ խօսինք:
Պատասխան.- Կենդանիները ունին տարբեր աստիճանի ըմբռնում. անոնք կրնան հասկնալ ու ընկալել որոշակի ազդանշաններ, ձայնային ոճեր, մարմնական նշաններ եւ այլն:
Ընտանեկան կենդանիները, օրինակ՝ շուներն ու կատուները կրնան սորվիլ յատուկ բառեր կամ արտայայտութիւններ. ինչպէս՝ «նստիլ», «վազել» եւ այլն: Անոնք չեն կրնար հասկնալ լեզուական իմաստը, սակայն կրնան այդ կանչը սորվիլ եւ այդ մէկը կապել գործողութիւններու հետ:
Անոնց հասկացողութեան համար շատ կարեւոր է մեր մարմնական շարժումները (Body Language) եւ ձայնային աստիճանն ու թոնը. անոնք կրնան տարբերել մեր թոնայնութիւնն ու շարժումները եւ հասկնալ մեր զգացական աշխարհի վիճակը: Անոնք բառերը չեն հասկնար, սակայն կրնան հասկնալ մեր ուրախ, տխուր կամ զայրացած ըլլալը, հիմնուելով ձայնի թոնայնութեան վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան