ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՍՏԱՑՈՅՑ
«Ոտքի՛ Հայաստան» նախաձեռնութեան անդամները երէկ փորձեցին ցոյց մը ընել Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Ծանօթ է, որ այս ցոյցերու շարքը սկսած է Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացմամբ եւ ցուցարարները կը պահանջեն համապատասխան որոշման յետս կոչուիլը։ «Ոտքի՛ Հայաստան»ի անդամները մտադիր էին նստացոյց մը իրականացնել հրապարակին վրայ, նաեւ նստացոյցը տեղափոխել հրապարակի կեդրոնը։ Նկատի ունենալով, որ հրապարակը շատ բանուկ կէտ մըն է, ոստիկանութիւնը թոյլ չտուաւ այդ նստացոյցի իրականացման։ Կազմակերպիչները նոյնիսկ մտադիր էին նստացոյցը տեղափոխելու հրապարակի կեդրոնական հատուածը։ «Ոտքի՛ Հայաստան»ի աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ կ՚անցնին աշխոյժ գործողութիւններու հանգրուան եւ կը նախատեսեն հրապարակին վրայ հերթով իրականացնել նստացոյցեր, մայրաքաղաքի կեդրոնի կարգ մը բանուկ փողոցներուն մօտ երթեւեկը ատեն-ատեն դիտումնաւոր ձեւով կաղացնելով։ Ցուցարարները այսպէսով կը նախատեսէին հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւել, իսկ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ ատեն-ատեն վէճեր ալ յառաջացան ցուցարարներուն եւ ժողովուրդին, մանաւանդ վարորդներուն միջեւ։
«Ոտքի՛ Հայաստան»ի անդամներէն Դաւիթ Սանասարեան երէկ երեկոյեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարեց, թէ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի նստին Հանրապետութեան հրապարակի կեդրոնին։ Ան շեշտեց, որ իրենք պիտի չերթան բախումներու։ Ըստ Սանասարեանի, իրենց նպատակն է ժողովուրդը իրազեկելն ու մարդիկ ոտքի հանելը։