ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՁԱՅՆԸ
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը այս օրերուն վերստին առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն հարուածներ հասցնել։ Վարչապետարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ վերջին օրերուն երկրէն ներս ալ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները թափով յառաջ տարուած են։ Երկրի 34 քաղաքներուն մէջ 1050 հոգի առնուած է հսկողութեան տակ։ Մինչ այս բոլորը կը շարունակուին, ահաբեկիչներն ալ կը ջանան իրականացնել նոր բռնարարքներ։ Այս շրջագծով երէկ Մուշի մէջ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Մանազկերտի մէջ յարձակման մը ենթարկուելով նահատակուեցաւ ոստիկան զօրաց տեղւոյն հրամանատարը՝ հազարապետ Արսլան Քուլաքսըզ։ Դէպքի պահուն նահատակեալ հազարապետին մօտ էին նաեւ ընտանիքին անդամները։ Հանրային կարծիքը բառին բուն իմաստով ցասումով կ՚ընկալէ այս բոլոր տմարդի ահաբեկչական արարքները, իսկ նահատակներու յուղարկաւորութիւններուն ընթացքին կ՚ապրուին խորապէս ցնցիչ տեսարաններ։
Միջազգային գետնի վրայ Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ հանդէս գալ բազմակողմանի ջանքերով։ Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕ-ի խորհուրդը այսօր արտահերթ ժողով մը կ՚իրականացնէ Թուրքիոյ հրաւէրով։ Բաց աստի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ համագործակցութիւնն ալ կ՚ընթանայ եւ հանրային կարծիքը աստիճանաբար տեղեակ կը դառնայ գլխաւոր առանցքներուն։ Ամերիկեան եւ թրքական մամուլը վերջին օրերուն մատնանիշ կ՚ընէ Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծուելիք ԻՇԻՊ-է մաքրագործուած գօտիի մը խնդիրը։ Սա ուղղակիօրէն Անգարայի կողմէ յամառօրէն պահանջուած թռիչքներու համար փակ, մասնաւոր գօտին չէ ուղղակիօրէն, սակայն գործնականին մէջ կրնայ փոխարինել այդ մէկը, որովհետեւ վերջին հաշուով ԻՇԻՊ-է մաքրագործուած տարածքի մը կը վերաբերի խօսքը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ Եփրատի արեւմուտքին 109 քիլօմեթր երկարութեամբ տարածքի մը մէջ պիտի ստեղծուի այդ ԻՇԻՊ-է մաքրագործուած գօտին։ Սուրիոյ չափաւոր ընդդիմութեան զօրքերուն հակակշռին տակ պիտի թողուի այդ տարածքը։ Հարկ է նշել, որ այդ զօրքերը նախապէս մարզուած էին ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ համագործակցութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ շրջանը թռիչքներու համար փակ պիտի ըլլայ՝ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերն ալ պիտի չկարենան օդէն ռմբակոծել այդ գօտին։ Եթէ գաղթականներու նոր ալիքներ ըլլան, ապա անոնք նոյնպէս պիտի տեղակայուին այդ գօտիէն ներս։ Այսպէսով, միեւնոյն ժամանակ, ճնշումը պիտի նուազի Հալէպի ժողովուրդին վրայ։ Քիլիսի եւ Ճերապլուսի ուղղութեան մաքրագործումով սկիզբ պիտի առնէ այս ծրագիրը։
Այս մթնոլորտին մէջ, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանին ալ «Անատոլու» գործակալութեան տուաւ հարցազրոյց մը։ Ան համոզուած է, թէ ՓՔՔ կազմակերպութիւնը սխալ ընթացքի մը մէջ է։ Արդարեւ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը խաղաղ լուծման համար առաւ կարգ մը դրական քայլեր, սակայն կարգ մը կողմերը չկրցան արժեւորել այս հնարաւորութիւնը։ «Զէնքերու թողուելուն առումով Էօճալանի եւ ՀՏՓ-ի անզօր թողուիլը կը համարուի ՓՔՔ-ի ղեկավարութեան մեծ սխալը», ըսաւ Պարզանի եւ աւելցուց, թէ իրենք կը փափաքին անվտանգութեան ու կայունութեան տեւականացումը։ Ան համոզուած է, թէ ՓՔՔ խափանարարած է լուծման գործընթացը։
Միւս կողմէ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ երէկուան Նախարարաց խորհուրդի ժողո-վէն վերջ երեկոյեան հարցազրոյց մը տուաւ կարգ մը հեռուստակայաններուն։ Ահմէտ Տավուտօղլու ըսաւ, թէ Թուրքիա այլեւս մէկ շաբաթ առաջուան Թուրքիան չէ, հետեւաբար բոլորը պէտք է գործեն ըստայդմ։ Գործողութիւնները պիտի շարունակուին, որքան ատեն, որ զինեալները չլքեն երկիրը։ «Մեր ձեռնարկած գործողութիւնները ժողովուրդին, ժողովրդավարութեան եւ օրինականութեան ձայնը կը հանդիսանան։ 121 երկրի եւ միջազգային կառոյցի կողմէ մեզի հասաւ ցաւակցութիւն, զօրակցութիւն եւ համագործակցութեան պատգամ։ Այս պայքարը յառաջ մղելու համար մենք ունինք միջազգային եւ ազգային նեցուկ», ըսաւ Տավուտօղլու եւ աւելցուց, թէ ընտրութիւններուն յաջորդած շրջանը ոմանց կողմէ հնարաւորութիւն նկատուեցաւ ահաբեկչութեան եւ քաոսի համար։
Բաց աստի, կառավարութեան կողմէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը երէկ վերջին գործողութիւններու ընթացքին կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար այցելութեան փութաց ՃՀՓ-ի եւ ՄՀՓ-ի կեդրոնները։ Երկու կուսակցապետները՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ Տեւլէթ Պահչելի իրաւասուներուն կողմէ ուղղակի տեղեկութիւն քաղեցին՝ վաղը նախատեսուած Ազգային մեծ ժողովի արտահերթ նիստին ընդառաջ։