ԿՈՐՈՒՍՏ. ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԵՍՊԱՆ ՔՐԻՍՏԻԱՆ ՏԷՐ-ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
Հայկական դիւանագիտութիւնը երէկ ցաւալի կորուստ մը կրեց. ոչ եւս է դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան, որ կեանքէն հեռացաւ 72 տարեկանին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ գուժեց, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան կնքած է իր մահկանացուն։ Երկար տասնամեակներ ան անձնուիրաբար մաս կազմած էր Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան՝ իր գնահատելի աւանդը ներդնելով միջազգային հարթակներու վրայ երկրի ներկայացման ու անոր առաջնահերթութիւններու յառաջմղման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին ան պարգեւատրուած էր բազում շնորհակալագրերով, յուշամետայլներով, շքանշաններով։ Ծառայողական պարտականութիւնները լաւագոյնս կատարած ըլլալու համար արժանացած էր Ֆրանսախօսութեան ու մշակոյթներու երկխօսութեան հրամանատարի՝ «Փլէյատ» շքանշանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մխիթար Գօշ» շքանշանին։ Հանգուցեալը փորձառու դիւանագէտներու, գործընկերներու յարգանքն ու հարազատներու սէրը կը վայելէր։
Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան 1951 թուականին ծնած էր Ֆրանսայի մէջ։ «Փարիզ 7» համալսարանի պատմութեան եւ բանասիրութեան ֆաքիւլթէները աւարտած էր։ Անկախութեան առաջին իսկ քայլափոխին մաս կազմած էր հայկական դիւանագիտական անձնակազմին։ 1991-1992 թուականներուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս եղած էր Եւրոպայի վարչութեան պետ։ 1993-1996 թուականներուն եղած էր Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդականը, այնուհետեւ՝ արտակարգ դեսպանորդ ու լիազօր նախարար։ 1996-1998 թուականներուն Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ ու լիազօր նախարարը եղած էր։ 1998-1999 թուականներուն Փարիզի մէջ հայկական դեսպանատունէն ներս ստանձնած էր գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարի պաշտօնը։ 1999-2008 թուականներուն՝ բաւական երկար շրջան մը եղած էր Եւրոխորհուրդի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը։ 2008-2013 թուականներուն եղած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի խորհրդականը՝ ֆրանսախօսութեան հարցերով։ 2013-2019 թուականներուն եղած էր Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը։ 2019 թուականի տարեմուտէն ի վեր Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչն էր ՄԱԿ-ի Կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի կազմակերպութեան՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեանի յիշատակը վառ կը մնայ բոլորի յիշողութեան մէջ։