ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԸ.)
ՊԱՏԱՆԻՆՆԵՐՆ ՈՒ ԻՐԵՆՑ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ
Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ կ՚ունենայ երազներ, որոնք ցաւ ի սիրտ շատ անգամ կը մնան «երազ»ի կարգավիճակին մէջ: Երազներուն իրականութիւն չդառնալէն շատ աւելի տխուր երեւոյթ է սակայն տեսնել, որ յաճախ ծնողներ իրենց անկատար երազները կը փորձեն կեանքի կոչել իրենց զաւակներուն միջոցով: Օրինակ՝ մայր մը, որ փոքր ժամանակ ուզած ու երազած էր բժիշկ դառնալ, սակայն կեանքի պայմաններու բերումով չէր յաջողած իրականացնել այդ երազները, կը փորձէ իր զաւակը բժիշկ դարձնել՝ իր երազներուն մասամբ մը բաւարարութիւն տալու համար:
Այսօր աշխարհի վրայ ապրող դժբախտներուն մեծամասնութիւնը զոհն են իրենց ծնողներու երազներուն, որոնք «բարիք» անուան տակ մեծագոյն չարիքը կը հասցնեն իրենց զաւակներուն: Որպէս ծնողք պէտք է գիտակցիլ, որ մենք ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնենք անոնց երազները կեանքի կոչելու համար եւ ո՛չ թէ խեղդելով անոնց երազները մերը սերմանել փորձենք:
Յաճախ կը տեսնենք, թէ ծնողներ տակաւին մանուկը պատանի չդարձած «տղաս երբ մեծնայ» այս ինչը պիտի դառնայ կ՚ըսեն եւ ձեւով մը անոր ուղեղին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով մտածում մը եւ երազ մը սերմանել կը փորձեն, առանց մտածելու, որ մեր երազն ու մեր զաւակներուն ունեցած երազները կրնան ամբողջութեամբ տարբեր ու հակառակ ըլլալ:
Խօսինք մեր հայկական ընտանիքներուն մէջ տարածուած այս յոռի երեւոյթին ժխտական ազդեցութիւններուն մասին. երազներու պարտադրումը անոնց մօտ կրնայ ստեղծել ինքնավստահութեան պակաս, ինչպէս նաեւ ինքնավարութեան բացակայութեան զգացում։ Հոգեկան բարդ վիճակ մը կրնայ ստեղծուիլ անոր ներաշխարհէն ներս, գիտակցելով որ ան կ՚ապրի ուրիշներուն երազով՝ եւ ո՛չ իր: Այս մէկը «դժբախտ» ըլլալու զգացում մը կրնայ յառաջացնել անոր մէջ, որովհետեւ շատ անգամ անոնք ծնողքը չնեղացնելու սիրոյն լռութեամբ յանձն կ՚առնեն սեփական երազները խեղդել, ինչ որ բնականաբար իրենց մէջ կը ստեղծէ երազներու խորտակման ցաւի զգացումը եւ անոնցմէ խլել ուրախութեան զգացումը: Սեփական երազի փոխարէն ուրիշներուն երազներուն գոհունակութիւն տալը անոնց մէջ ուժը կը սպանէ եւ կամայ թէ ակամայ կը սկսի անկում ապրիլ անոնց կարողութիւններն ու ձիրքերը:
Ծնողներ իրենց երազներուն իրականացումը տեսնելու սիրոյն, յաճախ առանց նկատելու իրենց զաւակներուն մէջ կը սպաննեն տաղանդներ ու ձիրքեր. օրինակ՝ երաժշտութեան հանդէպ սէր ունեցող զաւակ մը երաժշտական ուսումէն հեռու պահելով, նկարչութիւն սիրող մանուկ մը արուեստի դասընթացքներէ հեռու պահելով անոնց երազներուն հարուած մը հասցուցած կ՚ըլլանք:
Պէտք է լաւապէս գիտնալ, որ մշտական դժգոհութիւնը եւ իրենց սեփական երազներուն ամբողջութեամբ հակառակ կեանք մը ապրիլը կրնայ հոգեկան առողջութեան վրայ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ: Ընտանիքի որոշումներով առաջնորդուող պատանի-երիտասարդ մը կ՚ապրի սահմանափակ կեանք մը, կորսնցնելով իր կեանքի չբացայայտուած հնարաւորութիւնները:
Գիտենք, որ յաճախ ծնողներ իրենց երազները կը պարտադրեն, որպէսզի իրենց զաւակները «հանգիստ» կեանք մը ունենան. գուցէ ծնողին ունեցած երազները աւելի նիւթականով պայմանաւորուած ըլլայ, սակայն եթէ մարդու երազները խեղդուին, ան նիւթապէս ինչքան ալ լաւ վիճակի մէջ յայտնուի, դարձեալ ուրախութիւնը հեռու պիտի մնայ իրմէ, որովհետեւ հոգին նիւթականէն աւելի առաջնահերթ արժէքներով կը սնուի: Հետեւաբար որպէս ծնողք պարզապէս պէտք է խորհուրդ տալ, սակայն չպարտադրել, չստիպել երազներու ոճիր, որովհետեւ այդ բոլորին արդիւնքն ու ազդեցութիւնը ամբողջ կեանք մը կրնայ արժել: Պէտք է յստակ տարբերութիւն ըլլայ խրախուսելուն եւ պարտադրելուն միջեւ, որովհետեւ ամէն կարծուած բարիք, կրնայ բարիք չըլլալ:
Վստահաբար ամէ՛ն մարդ կ՚ուզէ, որ իր զաւակը բարձր պաշտօններ զբաղեցնող անձ դառնայ, սակայն կեանքն ու ճշմարտութիւնը այդպէս չէ, որովհետեւ կեանքի բնականոն ընթացքը կը շեղի, եթէ ըլլար այդպէս։ Մեր փողոցները մաքրողները, բանուորները, շէնք բարձրացնողները նոյնքան կարեւոր են, ինչքան պաշտօններ զբաղեցնող մարդիկ, որովհետեւ այդ բոլորը փոխն իր փոխ իրարու պէտքերը կը լրացնեն: Այդ իսկ պատճառով բարձր պաշտօններու երազներ հիւսելու փոխարէն ծնողքը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ պատանիին ունեցած հետաքրքրութիւններուն. անոնք պատանի տարիքէն արդէն իսկ կրնան որոշել ու զգալի դարձնել, թէ ինչ բանը իրենց հաճոյք կը պատճառէ եւ ինչ բանը՝ ոչ: Անոնց մօտ յստակ կը սկսի դառնալ հետաքրքրութեան առարկան, որ յաճախ մեր երազներուն ամբողջութեամբ հակառակ կրնայ ըլլալ: Այս է պատճառը, որ այսօր դպրոցներուն մէջ գոյութիւն ունին գրական եւ գիտական բաժիններ, որովհետեւ թուաբանութիւն չսիրող մը չես կրնար ճարտարագիտութեան ոլորտ առաջնորդել, ո՛չ ալ գիր-գրականութիւն չսիրող մը՝ ուսուցչութեան ոլորտ:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ բնածին տաղանդներու կողքին մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ դպրոցը, ուսուցիչը եւ կամ ծնողքը՝ իրենց ապրելակերպով: Օրինակի համար, «վատ» թուաբանութեան ուսուցիչ մը ունենալը կրնայ մանուկը ամբողջութեամբ հեռու պահել թուաբանական եւ գիտական հետաքրքրութիւններէ եւ կամ կրնայ պատահիլ ամբողջութեամբ հակառակը. գիտութեան եւ թուաբանութեան մասին չմտածող պատանի մը ինքզինք ամբողջութեամբ ներգրաւուած գտնէ այդ նիւթին մէջ: Այս իսկ պատճառով սեփական երազներու կերտման մէջ մեծ դեր ունի շրջապատը՝ մանաւանդ մերօրեայ երիտասարդներու մօտ. այսօր համացանցը կը փորձէ տարբեր երազներ սերմանել անոնց մէջ, կեանքի օրինակ տալով այս կամ այն անձը, որ իր հանգիստ կեանքը կ՚ապրի «զարգացած» երկիրներու մէջ:
Տասնամեակներ առաջ պատանիներու երազն էր դառնալ զինուոր, օդաչու եւ կամ ուսուցիչ, մինչ այսօր գրեթէ բոլորին երազն է դառնալ յայտնի ու ճանչցուած մարդ մը՝ հարստութեամբ ու անսահման ունեցուածքով: Մերօրեայ աշխարհը անոնց մէջ եւս փոխած է շատ մը արժէքներ ու առաջնահերթութիւններ. որպէս ծնողք պէտք է ընդունիլ, որ մեր արժէքներն ու իրենց ունեցած արժէքները այսօր նոյնը չեն՝ ինչքան ալ փորձած ըլլանք մեր արժէքները անոնց փոխանցած ըլլալ:
Պէտք է ազատութիւն տալ պատանիին. պէտք է առիթ ընծայել, որպէսզի ան ուսումնասիրէ այս կամ այն ոլորտը, որովհետեւ երազները փոփոխական են. անոնք ո՛չ թէ մեր խօսքերով, այլ իրենց փորձերով ու որոշումներով պէտք է փոխեն այդ երազները եւ ո՛չ պարտադրանքով:
Մեր մաղթանքն է, որ ամէն մանուկ ու պատանի իրապէս յաջողի հասնիլ իր երազներուն. ըսենք, թէ ո՛չ մէկ մանուկ կամ պատանի կ՚երազէ գող կամ ոճրագործ դառնալ. բոլորն ալ դրական երազներ կ՚ունենան, սակայն ծնողներուն ձեռքն է այդ երազներու իրականցման համար պայքարիլ եւ կամ զանոնք խեղդելը. վստահ եղէք, որ աշխարհի վրայ ապրող ամէն գող ու չարագործ ունի չիրականացած երազ մը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Կը տեսնենք, թէ ոմանք անասուններու եւ կամ շուներու հետ կը պսակուին. այս մէկը բնակա՞ն երեւոյթ է:
Պատասխան.- Անասուններու հետ պսակուիլը ոչ մէկ հասարակութեան կողմէ օրինական օրէնք ճանչցուած եւ որպէս բնական ընդունուած է: Ամուսնութիւնը մշակութային եւ իրաւաբանօրէն ընդունուած միութիւն մըն է համաձայնող երկու մարդ արարածներու միջեւ:
Երբեմն տեղի կ՚ունենան խորհրդանշական արարողութիւններ եւ իրադարձութիւններ, ուր մարդիկ կ՚ամուսնանան կենդանիներու հետ. օրինակի համար, կենդանիներու իրաւունքներուն հանդէպ ուշադրութիւն գրաւելու համար եւ կամ բողոք բարձրացնելու համար: Յամենայնդէպս, ասոնք չունին իրաւական ուժ եւ չեն ընդունուիր որպէս օրինական ամուսնութիւններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024