ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրը փուլ առ փուլ կեանքի կը կոչուի յաջողութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախընթաց օր սկսաւ այս ծրագրին շրջագծով նախատեսուած համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացքը։ Աշխարհի եօթ երկիրներէն՝ Ռուսաստանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Վրաստանէն, Ուքրայնայէն, Պուլկարիայէն, Սպիտակ Ռուսիայէն եւ Էսթոնիայէն մասնակիցներ ունի այս դասընթացքը։ Ծրագրի մեկնարկային հանգրուանին անոնք մէկ-տեղուեցան Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագրերու վարչութեան պետ Գագիկ Կանջումեանի հետ։ Պատասխանատուները դասընթացքի մասնակիցներուն ներկայացուցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը, կանգ առնելով ընթացիկ աշխատանքներուն, բազմակողմանի ծրագրերուն եւ գերակայ ուղղութիւններուն վրայ։ Նախարարութենէն ներս համայնքային գործի կազմակերպիչներուն համար նախատեսուած են համայնքային խնդիրներու լայն քննարկումներ։ Մասնակիցները պիտի ներկայացնեն իրենց կազմակերպութիւններուն, համայնքային կառոյցներուն խնդիրները, հայապահպանման ուղղութեամբ իրականացուող իրենց գործունէութիւնը։ Անոնք պիտի շօշափեն նաեւ նախարարութեան հետ համագործակցութեան վերաբերեալ ծրագրերու նոր մօտեցումները։
Յառաջիկայ օրերուն այս դասընթացքի մասնակիցները պիտի հիւրընկալուին Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ կառավարութեան շարք մը ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Անոնք պիտի այցելեն երկրի շարք մը կրթական հաստատութիւնները, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի գրասենեակը, Երեւանի Պատմութեան թանգարանը։ Դասընթացքի մասնակիցները պիտի ծանօթանան 2015-ի ոգեկոչման ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովներու աշխատանքներուն եւ այս բոլորի աւարտին մասնակցութիւն պիտի բերեն «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի փակման հանդիսաւոր արարողութեան։
Իրենց համար նախատեսուած են նաեւ դասախօսութիւններ՝ սփիւռքեան առաջնորդներու հմտութիւններուն, համացանցի վրայ հայագիտութեան արդի մարտահրաւէրներուն, հայոց պատմութեան հիմնահարցերուն, հայրենադարձութեան ծրագրերուն, ազգային երաժշտութեան եւ այլ նիւթերու շուրջ։