ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԲ.)
ՏՈՒՆԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ
Դժբախտութիւնը ունինք յայտնելու, որ վիճակագրութիւններու համաձայն, ամբողջ աշխարհի վրայ տարեկան դրութեամբ աւելի քան ութ միլիոն մանուկ եւ պատանի կ՚անհետանայ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը յայտնէ, թէ իւրաքանչիւր հինգ երկվայրկեան մանուկ մը կամ պատանի մը կը մահանայ եւ մեծ հաւանականութեամբ ձեր այս տողերը ընթերցած ժամանակ աշխարհի տարբեր անկիւններ անբախտ մանուկներ ու պատանիներ իրենց աչքերը առ յաւէտ փակեցին:
Մանկավարժականօրէն փաստուած է, թէ մեծաւ մասամբ տունէն փախչող մանուկներու պատճառը տան մէջ տեղի ունեցող վէճերն ու բախումներն են, մանաւանդ եթէ այդ վէճերուն կը յաջորդէ հարուած ու ծեծ: Պատանիներ կ՚ուզեն հեռանալ թշնամական մթնոլորտէ: Նախապէս խօսեցանք, թէ տան մէջ եղած վիճաբանութիւնները մանուկ-պատանիին վրայ ինչպիսի ազդեցութիւն կ՚ունենան: Ընտանեկան ոչ-առողջ մթնոլորտը անոր ընտանիքի անդամներուն հետ ունեցած յարաբերութիւններէն անդին ազդեցութիւն կ՚ունենայ նաեւ իր արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ: Նման պարագաներու տունէն հեռանալը պատանիին համար կարելի է բնորոշել որպէս անվտանգութեան եւ ապահովութեան փնտռտուք: Թէեւ Հայաստանի մէջ տարածուած չէ, սակայն շատ մը պետութիւններ ունին հաստատութիւններ, նման պարագաներու պատսպարան եւ առողջ մթնոլորտ մը հայթայթելու համար պատանիներուն:
Այստեղ է, որ կը վերադառնանք մեր նախորդ նիւթին՝ յոռի երեւոյթներուն, որովհետեւ շատ անգամ անվտանգութիւն փնտռող մեր պատանիները առանց զգալու աւելի մեծ վտանգներու մէջ կը յայտնուին:
Տունէն հեռանալու միւս պատճառներէն մին մի քանի օրեր առաջ մեր խօսած խտրութեան ու անտեսումի նիւթն է. կը տեսնէք, թէ շատ պատանիներ տունէն կը հեռանան այն պատճառով, որ իրենք զիրենք հօր կամ մօր կողմէ անտեսուած կամ որպէս «չսիրուած զաւակ» կը զգան: Պատանիներ ամէն գնով կ՚ուզեն հեռու մնալ այնպիսի մթնոլորտէ, ուր կ՚ընդունուին որպէս «աւելորդ ներկայութիւն». այս մէկը ի զօրու է թէ՛ դպրոցական, թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքին մէջ եւ այս զգացումին որպէս հետեւանք շատ անգամ զարմանքով կը նային իրենց ծնողքի ապրած մտահոգութեան, որովհետեւ անոնք այդ մտահոգութիւնն ու հոգածութիւնը տունէն հեռանալէն առաջ կարիքը ունին եւ ո՛չ յետոյ:
Սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ իւրաքանչիւր երեւոյթ մանուկէ մանուկ կրնայ տարբերութիւններ կրել եւ հետեւաբար զարմանալի չէ տեսնել նաեւ մանուկներ, որոնք վերոյիշեալ երեւոյթներէն ոչ մէկը ապրած ըլլալով հանդերձ կը հեռանան տունէն: Պէտք է նկատի ունենալ, որ պատանիներու պարագային տունէն հեռանալը շատ անգամ գիտակցուած արարք մը ըլլալէ անդին կրնայ հոգեկան բարդոյթներու պատճառով յառաջացած ըլլալ: Նեղուած տրամադրութիւնը, ճնշուած զգալու երեւոյթը յաճախ պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի անոնք հեռանան տունէն եւ այս է պատճառը, որ ամէն անգամ կը կարեւորենք զաւակ եւ ծնողք երկխօսութիւնը, որովհետեւ միայն ու միայն առողջ երկխօսութեան ճամբով կրնաք գիտնալ անոնց զգացումներն ու մտածումները եւ անոր հիման վրայ լուծումներ առաջարկել: Միայն երկխօսութեան ճամբով կարելի է հասկնալ անոնց հոգեվիճակը. օրինակի համար, յաճախ կը տեսնենք, թէ տունէն կը հեռանան պատանիներ՝ որոնք դպրոցին մէջ բռնութեան կամ հասակակիցներու կողմէ ծաղրանքի կ՚արժանանան եւ այս պարագային տունէն հեռանալ յանձն կ՚առնէ այն մանուկը, որ իր ծնողքին հետ ունի ոչ-առողջ երկխօսութիւն:
Մեր նախորդ գրութեամբ խօսեցանք հասակակիցներու իր վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին. տունէն հեռանալու պատճառներէն մին կրնայ ըլլալ իր ընկերային շրջանակը. այսօր աշխարհի վրայ շատ են դէպքերը, ուր պատանիներ իրենց այս կամ այն ընկերոջ հետ տունէն հեռանալով կ՚անհետանան:
Այս բոլորը կը գրենք, որպէսզի մեր ծնողները հասկնան, որ զաւակ մը պահելը միայն նիւթական միջոցներ չի պահանջեր. շատեր իրենց ծնողական պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները լոկ նիւթական կը նկատեն, սակայն զաւակը նիւթականէն շատ աւելի կարեւոր բարոյական զօրակցութեան կարօտը ունի, ինչ որ աւելի առաջնահերթ է՝ քան նիւթականը: Այսօր կը տեսնենք, թէ նիւթապէս ապահով շատ մը ընտանիքներ իրենց նիւթական զոհողութիւնները առաջ բերելով կը բողոքեն. լաւ զաւակ ունենալը նիւթապէս ապահով ըլլալէն կախեալ իրողութիւն մը չէ, այլ մեծագոյն հարստութիւնը՝ որ ծնողք մը զաւակին կրնայ տալ, բարոյական զօրակցութիւնն ու ապահովութիւնն է, որովհետեւ զաւակին համար դրախտ է հոն՝ ուր հանգստութիւն եւ ապահովութիւն գոյութիւն ունի եւ այդ մէկը պէտք է ընտանիքը ըլլայ:
Ցաւ ի սիրտ (բարեբախտաբար Հայաստանի մէջ այնքան տարածուած չէ, սակայն գոյութիւն ունի), 21-րդ դարու որպէս յատկանիշ տունէն հեռացող պատանիներու պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ սեռական կողմնորոշման խնդիրը. մերօրեայ աշխարհը յաջողեցաւ լաւապէս քարոզել ու նոր սերունդին մէջ սերմանել միասեռականութեան որոմը. ընտանիքներու կողմէ մերժում եւ ժըխ-տական հակազդեցութիւն տեսնող պատանիներ կը հեռանան տունէն։ Ցաւ ի սիրտ, մի քանի ամիսներ առաջ Հայաստանի մէջ տեսանք, թէ ինչպէս երկու պատանի-երիտասարդ կամուրջէ մը նետուելով ինքնասպան եղան իրենց սեռական կողմնորոշումը ծնողքներու կողմէ մերժուելու պատճառով:
Այս բոլոր դժբախտ դէպքերը կանխելու համար է մանկավարժութիւնը։ Դժբախտաբար ամէն ծնողք կը կարծէ, թէ ինք «կատարեալ» ծնողք է. այդ կատարելութեան հասկացողութիւնը եւս յարաբերական է եւ յաճախ անոնց «կատարեալ» կարծածը կրնայ ամբողջութեամբ անկատարելութիւն մը ըլլալ:
Վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները կանխելու եւ միջամտելու համար կարեւոր է մեր զաւակներուն համար առողջ հաղորդակցութեան միջավայր մը ստեղծել: Մանաւանդ Միջին Արեւելքի մտայնութեամբ ապրող ծնողներ պէտք է հասկնան, որ մասնագէտի մը օգնութեան դիմելը վարկաբեկիչ երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ մերօրեայ զաւակները չե՛ն մեծնար այնպէս՝ ինչպէս մեծցան մեր ծնողները. ժամանակը իր հետ կը փոխէ նաեւ մտածելակերպը եւ այնպէս ինչպէս բժշկութիւնը, նոյնպէս ծնողք դառնալը տեւական հետապնդում եւ արդիականացում կը պահանջէ՝ առանց մշակութային եւ հասարակական արժէքները ոտնակոխ դարձնելու:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Աշխարհի մէջ, մանաւանդ դատական համակարգին մէջ արդարութիւն գոյութիւն ունի՞:
Պատասխան.- Արդարութիւն հասկացողութիւնը կրնայ տարբերիլ մշակոյթներու, իրաւական համակարգերու եւ անհատներու միջեւ: Թէեւ դատական համակարգեր նպատակ ունին արդար եւ անաչառ որոշումներ կայացնել, զերծ չեն թերութիւններէ, կողմնակալութիւններէ եւ համակարգային խնդիրներէ:
Շատեր կը պնդեն, որ դատական համակարգի ճիշդ գործելաձեւը կրնայ արդարութիւն ապահովել՝ պահպանելով օրէնքի գերակայութիւնը, սակայն շատ անգամ կրնայ գոյութիւն ունենալ տնտեսական կողմնակալութիւն, իրաւական ներկայացուցչութեան անհաւասար հասանելիութիւն եւ ներքին փտածութիւն, որոնք կը խաթարեն արդարադատութեան ձգտումը:
Արդարութեան ընկալումը կրնայ տարբերիլ նաեւ անհատական փորձի հիման վրայ. մարդիկ, որոնք փոխազդեցութիւն ունեցած են իրաւական համակարգի հետ, ատակ են աւելի արդար հա-մարուիլ, քան անոնք, որոնք անարդարութեան զոհ դարձած են:
Աշխարհի մէջ շարունակ փորձեր կը կատարուին բարելաւելու համար իրաւական համակարգը՝ թափանցիկութեան, հաշուետուութեան եւ հաւասարութեան հաստատման տեսլականով: Յամենայնդէպս, կատարեալ արդարութեան հասնիլը դժուար իրագործելի նպատակ է, ինչ որ նուիրուածութիւն եւ աշխատանք կ՚ենթադրէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան