ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԱՐՑԱԽԻ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐԳԵԼՔ
Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրահանգած է երկրի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն՝ կասեցնել Արցախի հետ գործակցութեան ծրագրերը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Ֆրանսայի կառավարութիւնը Յուլիսի 2-ին հրապարակած է շրջաբերական մը, որ կը բովանդակէ մտահոգիչ հանգամանքներ։ Այս շրջաբերականը ուղարկուած է նահանգապետներուն, շրջանային բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսի եւ Ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազնըրի ստորագրութեամբ։
Շրջաբերականին մէջ նշուած է, թէ ֆրանսական տեղական որոշ մարմիններ վերջին ամիսներուն գործակցութեան համաձայնագրեր կնքած են այնպիսի միաւորներու հետ, որոնք ճանաչում չեն գտած Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ։ Մատնանշուած է, ապակեդրոնացեան համագործակցութիւնը օրէնսդրական գետնի վրայ կը պարտադրէ շարք մը կէտեր. օրինակ՝ գործակցութեան որեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է համապատասխանէ Ֆրանսայի միջազգային յանձնառութիւններուն։ Յատկապէս, տեղական մարմինները, բացի օրէնքով նախատեսուած պարագաներէն՝ չեն կրնար գործակցութեան համաձայնագիր կնքել օտար երկրի մը հետ, կամ այն միաւորներուն հետ, որոնք չեն ճանչցուած ֆրանսական պետութեան կողմէ։ Նման օրինակներու շարքին թուարկուած են Լեռնային Ղարաբաղը եւ Խրիմը եւ այն միաւորումները, որոնք հանդէս կու գան իբրեւ տարածքային միաւոր։
Ըստ շրջաբերականին, ֆրանսական տեղական մարմինները պէտք է տեղեկութիւններ փոխանցեն կեդրոնի ղեկավարութեան՝ ապակեդրոնացեալ գործակցութեան գծով արտաքին աշխարհին հետ իրենց նախաձեռնած քայլերուն կապակցութեամբ։