ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ՝ ԸՍՏ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆԵՐՈՒ
Խնամքով պատրաստուած ժապաւէնի մը ցանկը կրնայ անսահման երջանկութեան աղբիւր ըլլալ։ Բայց երբեմն կը զգանք, որ բան մը կը պակսի։ Նման պարագաներու մէջ կրնայ օգտակար ըլլալ ծանօթանալ մեծանուն մտածողներու գաղափարներուն հետ: Այսպէս, եկէք տեսնենք, թէ ինչ յայտնած են մեծանուն փիլիսոփաներ երջանկութեան մասին:
«Չկայ ճանապարհ, որ կը տանի դէպի երջանկութիւն. ճանապարհը ինքնին երջանկութիւն է», Կաութամա Պուտտա: «Նպատակակէտը ճանապարհորդութիւնն է» մանթրայի նման, Պուտտայի երջանկութեան սահմանումը տեղ մը կա՛մ բանի մը հասնիլը չէ։ Ան երջանկութիւնը կը սահմանէ որպէս բաւարարուածութիւն, ինչ որ մարդ կը գտնէ կեանքը ապրելու մէջ: Պուտտա կը պնդէ, որ երջանկութիւնը կարելի է գտնել միայն մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին:
«Պէտք է զգոյշ ըլլանք ամէն ինչի պարագային, բայց սիրելու մէջ զգոյշ ըլլալը ամենաշատ կը վնասէ իսկական երջանկութիւնը», Պերթրան Ռասըլ։ Ուսողութեան եւ տրամաբանական մտածողութեան սիրահար Ռասըլի կերպարին հակասական կը թուի հետաքրքրուիլ նման վիճելի առարկայով մը: Այնուամենայնիւ, ան կը հաւատայ, որ երջանկութիւնը կարելի է գտնել սիրոյ ամբողջութեամբ յանձնուելով եւ ժամանակակից գիտութիւնը կարծես, թէ համաձայն է այդ գաղափարին։
«Երջանկութիւնը կը մեծնայ ուժի հետ. ան զգացում մըն է, որ կը յառաջանայ, երբ դիմադրութիւնը կը յաղթահարուի», Ֆրիտրիխ Նիցչէ։ Յայտնի փիլիսոփայ Նիցչէի համար երջանկութիւնը տեսակ մը վերահսկողութիւն է, ինչ որ մարդ ունի իր շրջապատի վրայ: Գերմանացի փիլիսոփան յաճախ գրած է մարդու կեանքի վրայ ուժի (եւ ուժի բացակայութեան) ազդեցութեան մասին: Մարդ «անհատ» դառնալու ազատութեան կը հասնի միայն դիմադրելու պարագային: Եւ այսպէս անձը կը դառնայ երջանիկ։
«Երջանկութիւնը ձեռք կը բերուի ոչ թէ աւելիին ձգտելով, այլ չափաւոր հաճոյք ստանալու կարողութեամբ», Սոքրաթես։ Մեծագոյն մտածողներէն մէկուն՝ Սոքրաթեսի կարծիքով, երջանկութիւնը կարելի չէ ձեռք բերել արտաքին պարգեւներով կամ ուրիշներու գովասանքով: Երջանկութիւնը կու գայ այն յատուկ, անձնական ձեռքբերումներէն, զորս մարդ կը շնորհէ ինքն իրեն:
«Այն մարդը, որ միայն ինքն է պէտք՝ երջանիկ ըլլալու համար, գտած է երջանիկ կեանքի ամենակարճ եւ գործնական ճանապարհը», Պղատոն: Զարմանալի չէ, որ Պղատոն իր ուսուցիչ Սոքրաթեսի նման կը բնորոշէ երջանկութիւնը։ Պղատոնի երջանկութեան ըմբռնումը աւելի շատ ուղղուած է անձնական զարգացման: Այն գոհունակութիւնը, որ մենք կը զգանք մեր ձեռքբերումներէն. օրինակ՝ աւելի շատ գիրք կարդալը կամ աւելի արագ վազելը երջանկութիւն կը պատճառէ: Պղատոնի կարծիքով՝ երջանկութիւնը կախեալ է մեզմէ: Արիստոտել կը հաւատար, որ երջանկութիւնը երեւոյթ մըն է, որով մենք կը դաստիարակուինք: Այլ խօսքով, ան առաջարկեց, որ մենք մեզի համար բան մը ստեղծենք եւ պատասխանատու ըլլանք անոր պահպանման համար:
«Եթէ դժգոհ էք, ուրեմն կ՚ապրիք անցեալով: Եթէ դուք մտահոգուած էք, ապա կ՚ապրիք ապագայով: Եթէ խաղաղութեան մէջ էք, ապա կ՚ապրիք ներկայ պահով», Լաօ Ցու։ Ոչ ոք վստահ է, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ է Լաօ Ցուն, զոր կոչած են «Ծերուկ»: Բայց այս իմաստութեան ցուցանիշը գոյատեւած է աւելի քան հազար տարի:
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ամենամեծ երջանկութիւնը կու գայ այն գործերէն, որոնք կը պահանջեն մարդու լիարժէք ուշադրութիւնը։ «Կեանքը հանելուկ չէ, այլ իրականութիւն է, որ պէտք է ապրիլ», կ՚ըսէ Քիքեկոր։ Դանիացի փիլիսոփան նաեւ կը հաւատար, որ երջանկութիւնը պահու մէջ է: Ան կը պնդէր, որ մենք կրնանք երջանկութեան հասնիլ, երբ դադրինք ներկայ պայմանները վերածել խնդիրներու եւ պէտք է սկսինք զանոնք տեսնել որպէս փորձառութիւն:
«Երջանկութիւնը կը նմանի թիթեռնիկի. որքան շատ փորձես բռնել, այնքան շատ կը փախչի։ Երբ ուշադրութիւն կը դարձնես այլ բաներու վրայ, ան կու գայ քու ուսի վրայ», յայտնած է Հենրի Տէյվիտ Թորօ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ