ՆԱԽԱՆՁԻ ԴԵՐԸ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ
Մարդկային կեանքի մէջ նախանձը մեծ դեր կը կատարէ։ Մեծութեան եւ հպարտութեան ձգտողներ չեն սիրեր ուրիշներուն գեղեցիկ եւ հրապուրիչ խօսքերը եւ փառաւորուիլը։ Կարծես, ասիկա ցաւ կը պատճառէ անոնց։ Մինչդեռ իրապէս սիր-տով մաքուրները եւ անկեղծ խոնարհները երբեք չեն ձգտիր մեծութեան, բայց իրենց մաքուր գործերը կը մեծցընեն զիրենք։
Աննախանձ հոգին լաւ խօսելու եւ գործելու առջեւ ո՛չ միայն կը հիանայ անոնց, այլեւ կը գնահատէ զանոնք։ Ապա ինքնաքննութեամբ կը կատարէ իր ներքին ախտաճանաչումը եւ կը ձեռնարկէ ինքնաբժշկութեան։
Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ մասնագէտ հոգեբաններ ցոյց կու տան, որ «նախանձ»ը մարդուս ինքնավստահութեան պակասին արդիւնքն է։ Մարդ երբ ինքնավստահ է՝ ուրիշի հետ ինքզինք բաղդատելու եւ յետոյ անոր հետ մրցելու պահանջքը չի զգար։ Ինքնավստահ մարդուն միակ մրցակիցը ի՛նքն է եւ ո՛չ ուրիշները։
Ինքնավստահ մարդը երբեք չի նախանձիր ուրիշներուն յաջողութիւնը կամ գեղեցիկ գործերը, քանի որ գիտէ իր յատկութիւններուն եւ կարողութեան չափը եւ կշիռը եւ գիտէ նաեւ, որ ուրիշը նախանձիլ իր յատկութիւններուն եւ կարողութիւններուն վրայ որեւէ առաւելութիւն պիտի չունենայ։ Խորհեցէ՛ք սիրելի՜ներ, ո՞վ ուրիշը նախանձելով առաւելութիւն մը կրցած է ապահովել իր ունեցածներուն վրայ՝ բարոյապէս կամ նիւթապէս։ Ո՛չինչ։
Ուրեմն, ինչո՞ւ նախանձիլ։ Ուրեմն, ինչո՞ւ ուրիշի հետ անիմաստ եւ ապարդիւն մրցակցութեան մը մէջ մտնել, եւ թէ «անպարկեշտ» մրցակցութեան մը մէջ։
Հոս, հա՛րկ է նշել, որ ամէն պարկեշտ, անկաշառ եւ օրինաւոր մրցակցութիւն արդար է եւ իրաւացի։ Ուստի, պէտք չէ՛ շփոթել պարկեշտ մրցակցութիւնը եւ նախանձէ մղուած մրցակցութիւնը։ Իրօք, պարկեշտ եւ արդար մրցակցութիւնը օգտակար է մարդկային յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան ընթացքին, բայց նախանձէ մղուած մրցակցութիւնը արգե՛լք է յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան, եւ այս իսկ պատճառով՝ վնասակա՛ր է։
Նախանձը, արդարեւ, ընկերային համերաշխութեան ալ վնաս կը պատճառէ. անիրաւ շահերու առիթ կ՚ընծայէ, շահեր՝ որոնք վնասներ են իրականին։
Նախանձը՝ ատելութեան եւ նախատինքի ծնունդ կու տայ. նախանձոտը ի վերջոյ ինքն իրեն վնաս կը հասցնէ։ Դո՛ւք, սիրելի՜ներ, բնաւ հանդիպա՞ծ էք մէկու մը՝ որ նախանձով որեւէ նպաստաւոր գործ կատարէ եւ շահ ապահովէ։ Նախանձոտը, նախանձելով ինքզինք կը մաշեցնէ, կը սպառէ եւ ո՛չինչ կ՚ապահովէ։
Ըսինք, նախանձը, որքան անվստահութեան պակասի արդիւնք, նոյնքան եւ տկար, թոյլ նկարագրի ալ հետեւանք է։ Հաստատ եւ անխախտ նկարագիր ունեցող մէկը երբեք չի՛ նախանձիր, նախանձի զգացումը անծանօթ է եւ օտար անոր համար։ Եւ այս իմաստով նախանձոտ ըլլալ կամ ո՛չ, մարդուս նկարագրին ալ ստուգանիշներէն մէկը եւ կարեւորագոյնն է։ Եւ իրապէս, երբ յայտնի է, թէ նախանձով որեւէ բան ձեռք պիտի չձգուի, ապա, մարդիկ ինչո՞ւ կը նախանձին։ Ինչո՞ւ իրենք զիրենք կը մաշեցնեն եւ ուրիշներու ալ նեղութիւն կը պատճառեն…
Այնքան ատեն որ մարդ իր անյագ «Ես»ին գերին է, պիտի շարունակէ նախանձիլ։ Բայց մարդ նաեւ պէտք է գիտնայ, որ «Ես»ը իր ամենէն մեծ թշնամին է, եւ ան որ չի կրնար չափ եւ կշիռի տակ առնել իր «Ես»ը, նախանձի վատ զգացումէն տարուելով կը կորսնցնէ ոչ միայն իր անհատական արժէքը եւ արժանապատուութիւնը, այլ նաեւ՝ ընկերային յարգութիւնը եւ մեծարանքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 13, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024