150-ԱՄԵԱԿ ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ
Գրական վերլուծական յօդուածներով արեւմտահայ միտքի վրայ ազդած մեր մեծերէն մէկուն՝ եղեռնազոհ գրող, հայագէտ, թարգմանիչ Արտաշէս Յարութիւնեանի 150-ամեակն է:
Իր կենսագրութիւնը մանրամասն կը կարդանք 1937 թուականին Փարիզի մէջ «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» հրատարակչական ընկերութեան տպագրած գիրքերէն մէկուն մէջ, ուր ամփոփուած են Արտաշէս Յարութիւնեանի արձակ էջերէն ու քերթուածներէն: Կ՚ըսուի, թէ Արտաշէս Յարութիւնեանի աւազանի անունն էր Պօղոս՝ մեծ հօրը անունով: Իսկ Արտաշէս անունը ան ստացած է վարժարանին մէջ, ուր սովորութիւն կար տղոց անունները փոխելու հայ պատմական անուններու: Ծնած է Մալգարա՝ 1873 թուականի հոկտեմբերին: Իր կենսագրականին մէջ ի միջի այլոց նկարագրուած է նաեւ Մալգարան, որ Ռոտոսթոյի հիւսիս-արեւմտակողմը, բլուրի մը կողին վրայ, շատ մաքուր օդով եւ ջուրով, գեղեցիկ ու բերրի դաշտերով եւ տպաւորիչ տեսարաններով գիւղաքաղաք մըն էր: Հայերը հոն հաստատուած էին աւելի քան երկու հարիւր տարիէ ի վեր եւ տիրացած՝ տնտեսական շատ լաւ դիրքերու: Արհեստները եւ վաճառականութիւնը իրենց ձեռքն էին մեծ մասով: Արտաշէս Յարութիւնեանի նախահայրերէն Սերովբէ Յարութիւնեան 1825 թուականներէն սկսեալ նշանակալի դիրք մը գրաւած էր Մալգարայի մէջ՝ շնորհիւ իր նրբամտութեան եւ խոհեմութեան: Անոր մէկ որդին՝ Արտաշէսի մեծ հայրը, Պօղոս աղա Սերովբեան, աւելի նշանաւոր եղած է: Օծտուած էր իմացական արտակարգ կարողութիւններով եւ ֆիզիքական ու բարոյական բարձր յատկութիւններով: Անոր զաւակը՝ Յարութիւն Պօղոսեան, ինքն եւս նահատակ՝ իր զաւկին Արտաշէսին պէս, օժտուած էր ազնիւ յատկութիւններով եւ յարգուած էր ամէնուն կողմէ: Իր մտաւորական կարողութիւններով եւ բացառիկ ձիրքերով առաջինը կ՚ըլլայ Արտաշէսի վրայ ներգործող եւ անոր ուղղութիւն տուող:
Արտաշէս Յարութիւնեան գրական ասպարէզ մտած է Կարօ անունով, բայց ունեցած է նաեւ Մանիշակ, Ուրուական, Շահէն-Կար, Պան գրչանունները: Ինք՝ Արտաշէս Յարութիւնեան, իր մասին գրած է.
Ծնած եմ 3 հոկտեմբեր 1873-ին՝ Մալգարա, մենաւոր, աղքատ, աղտոտ ու մեռած՝ արեւելեան գիւղաքաղաք մը, որուն գարնանային արշալոյսերն ու աշնանային վերջալոյսերը հրաշալի են սակայն։ Ուսումս առած եմ շատ անկանոն եղանակով՝ ծննդավայրիս նախակրթարանը, շրջան առանց բոլորելու։ Դպրոցը թողելէս անմիջապէս յետոյ՝ մտած եմ հօրս խանութը, իբր կենսաշահութիւն։ Ամբողջ բռնապետութեան շրջանին՝ դուրս չեմ ելած Մալգարայէ. չեմ ճամբորդած։
Գրականութիւն ըրած եմ իբր սիրող։ Կարծեմ թէ գրած եմ, որովհետեւ չէի կրնար չգրել. բայց ըրածիս վրայ հաւատք չունիմ։ Երկասիրութիւններս են՝ քերթուածներու 2 հատոր, «Լքուած քնար» (1902) եւ «Երկունք» (1906). տեսակ մը վարանումով կու տամ անոնց անունները։ Պատրաստ ունիմ հատոր մը, «Նոր քնար»՝ որուն վրայ երկարօրէն աշխատած եմ, կարելի է ըսել՝ տարիներով. քիչ մը կը յուսամ, թէ լաւագոյն գործս պիտի ըլլայ ան։
Ընդարձակ առումով, գրականութեան շահը կը նկատեմ գերագոյնը բոլոր կարելի շահերուն։ Աշխարհի տեսարանն՝ ըստ գեղեցկութեան զգալու պայմանով միայն՝ ապրելուն մէջ շահեկանութիւն կը գտնեմ։ Թերեւս՝ բոլոր պարապութիւններուն լաւագոյնը Գեղեցիկին պարապութիւնն է. անտարակոյս ճաշակի խնդիր. այս՝ իմ ճշմարտութիւնս է։
Մահէն յետոյ իր գրութիւնները լոյս տեսած են զանազան տեղեր, գրողը արժեւորուած է յետմահու. նշենք նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ալ 2016 թուականին լոյս տեսած է անոր «Ընտրանի» հատորը («Անտարէս»էն), ուր ընտրովի ամփոփուած են քերթուածներ, գրական դիմաստուերներ, քրոնիկներ եւ իր բանաստեղծական գիրքերէն «Նոր քնար»ը՝ ամբողջութեամբ: «Նոր քնար»ը, ինչպէս տեսանք իր գրածին մէջ, կը նկատէր իր լաւագոյն գիրքը:
Արտաշէս Յարութիւնեան երկար ժամանակ աշխատած է մամուլին, որ յայտնի անուն ապահոված է իրեն: Իր արձակ էջերէն կը ներկայացնենք մամուլին վերաբերող գրութիւն մը, որ լոյս տեսած է 1908 թուականի հոկտեմբերին: Յատկանշական է, որ այդ յօդուածը լոյս տեսնելու օրը տակաւին լոյս չէր տեսած ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին թիւը եւ միայն օրեր յետոյ պոլսահայ մամուլը պիտի համալրուէր անունով մը եւս: Ուստի, այդ պատճառով Արտաշէս Յարութիւնեան, այդ օրուայ մամուլը գրաքննելու ժամանակ չէ նշած ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որ առաջին օրէն մեծ տեղ տուած է գրականութեան եւ քննադատութեան:
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Սահմանադրական ռէժիմին հաստատումէն ի վեր, լրագրական գրականութիւնը մեռաւ մեր մէջ։ Բոլոր գրական հանդէսները շիջան, եւ այսօր հրապարակի վրայ իբր տեղական ապրանք ունինք «Հայրենիքի Քնար» մը։ Ատոր փոխարէն նոր լրագիրներ ծնան, հիներ կերպարանափոխուեցան, վերակազմուեցան։ Աւելցուցէք ծաղրաթերթերը, զաւեշտական թերթերը, աճպարարութիւնները, լարախաղացութիւնները, եւ ցուցակագրութիւնը կ՚ունենաք պոլսահայ լրագրութեան։
Պատճառն այն է որ, ազատ մամուլի հիմնարկութեամբ, եւ ընկերային ու քաղաքական կեանքին մէջ առաջ եկած անակնկալ փոփոխութիւններու բերմամբ, լուրը միայն հասարակաց հետաքրքրութեան հանդէպ վարկ ունենալ սկսաւ։ Դէպքերու գահավէժ ընթացքը, հինուց ի վեր չըսուած ու չլսուած բաներ՝ այսօր ըսելու եւ լսելու կարելիութիւնը, եւ նոր դէպքերու ու նոր պէտքերու մասին համարձակօրէն վճիռ մը կարենալ արձակելու անսանձ ազատութիւնը, տեղ չէին թողուր գրականութիւն ընելու, գրականութիւն լսելու։ Այսօր՝ լափիչ անհամբերութիւն մը կը համակէ ընթերցողը դէպի քաղաքական կեանքի անակնկալ դիմայեղումները գիտակցելու, վայրկեանը վայրկեանին։ Լուրին տենդն ունինք։ Ահա՛ հիւանդութիւն մը, որ բոլոր միւսները կը մոռցնէ։ Նկատեցէք ասոր վրայ արշաւանքն արգիլուած պտուղներուն։ Հասարակութիւնն ի՛նչ հետաքրքրութեամբ ու խանդավառումով խոյացաւ անոնց վրայ։ «Դրօշակ», «Հնչակ», «Բռօ Առմէնիա», «Ռազմիկ» եւ արգիլուած թերթերու ուրիշ անհամար բազմութիւն մը, թերթեր՝ որոնց անունը միայն տալ բաւական էր, աքսորներու մէջ փճանալու համար։ Եւ ապահովապէս «Դրօշակ»ի կամ «Հնչակ»ի թիւի մը կը պարտինք բազմութիւն մը հերոսներու կամ մարտիրոսներու, որք այսօր, շնորհիւ ընդհանուր ներման, մեր գիրկը վերադարձան։ Հրաշալի բան չէ՞ր ուրեմն այդ արգիլուած պտուղները ճաշակել, արձակ համարձակ, առանց աստուածային վրէժխնդրութիւններու վախին։ Այն ատեն ո՞վ գրականութիւն պիտի ընէր։ Ո՞վ մանաւանդ գրականութիւն պիտի կարդար այս պայմաններուն մէջ։
Յետոյ նաեւ, ճառին գրականութիւնը խիստ փայլուն վերածաղկում մը ըրաւ։ Ամէն ոք հռետոր դարձեր էր մէկ օրէն միւսը։ Բոլոր հռետորութիւնները զարմանալի են ինծի համար։ Բոլոր հռետորութիւնները վիրաւորելի ու զուարճալի են։ Օրինակի համար, ոչինչ պատճառով մը, կեցած տեղերնին, յանկարծ կը յուզուին, կը բարկանան կամ տարօրինակ բաներ մը կ՚ըլլան կոր այդ մարդիկը, -հռետորները, - եւ ի՜նչ բարկութիւն, Աստուած իմ։ Օդին հետ կռուելու իրենց հերոսական անկեղծ եղանակին մէջ՝ թօհաֆ ու անդիմադրելի բան մը կայ, որ վերջապէս կը խնդացնէ։
Բայց կը զգամ ասոնց ամէնուն պէտքը, քաղաքական ու ընկերային կեանքին մէջ, որ շատ անգամ ինքն իսկ աւելի քան սնամէջ խոշոր հռետորութիւն մը չէ։ Ճառը խուժանին գրականութիւնն է, իր ուժը, իր տարողութիւնը՝ անվիճելի են։ Ճառ մը կրնայ տիեզերք մը յեղաշրջել։ Յիշեցէք պատմութեան մեծ հռետորները։
Գալով մեր արդի ճառախօսներուն, մէջերնին հմուտ, կարող, պերճաբան մարդիկ կենալու են, կ՚երեւի։ Կրնայ առարկուիլ, թէ միեւնոյն բանը քիչ մը շատ կը կրկնեն։ Ատիկա շատ ձանձրալի է, պիտի ըսէի, եթէ չխորհէի որ ճառը ռամկին գրականութիւնն է, ռամկին դասախօսութիւնը, եւ ռամիկը մէկ անգամէն խօսք չի հասկնար։ Թող խօսին ուրեմն, ինչպէս արդէն կը խօսին այդ մեր նոր հռետորները, մեզի հաւաստիքը կամ պատրանքը տալով, թէ նաեւ կը գործեն։ Եթէ նոյնիսկ Պոլիս ճառէն կշտացած է, ինչպէս հաւանական պիտի կրնար ըլլալ, անշուշտ գաւառը տակաւին պէտք ունի այդ սնունդին։ Գէշ չպիտի ըլլար որ առաքելութիւններ կազմուէին, - ինչպէս գուցէ տեղի կ՚ունենան արդէն, - ազատութեան աւետարանը քարոզելու, կամ մանաւանդ՝ ազատութեան աւետարանին պահպանման միջոցները քարոզելու Հայաստանի խաւարամիտ գիւղացիներուն։
Խուժանին գրականութիւնը՝ լա՛ւ։ Բայց մի՞ւսը։ Մէկը միւսին պէտք է զոհուի՞։ Յետոյ, ընթերցող հասարակութիւնը պիտի սահմանափակուի՝ իր լուրերով միայն հետաքրքրուելու թշուառութեան մէջ։ Մամուլի ազատութիւնը շահ մը չպիտի՞ բերէ ի նպաստ բուն գրականութեան։ Հայրենասիրական աւելի կամ նուազ խանգարուած ջութակիկ մը լսելո՞վ պէտք պիտի ըլլայ ուրեմն այսուհետեւ ժամանակ անցընել։ Ի՞նչ ընելու է հասարակաց ուշադրութիւնն արթնցնելու համար դէպի մաքուր ու ազնուական գրականութիւնը։
Բայց ես ուրիշ վախ մ՚ալ ունիմ։ Հասարակաց ուշադրութիւնը գրական երեւոյթներէ հեռանալու ոչ նուազ լուրջ պատճառ մ՚ալ ունի վերջին պահուս, երկրին քաղաքական տագնապալի կացութեան հետեւանքով։ Մասնաւորապէս հայը, ենթակայ ու հանդիսատես՝ Սահմանադրական ռէժիմին ներքեւ գործադրուող այն սահմանազանց խժդժութիւններուն, կոտորածներուն, արեան ու մահուան գիներբուքին, որոնց լուրերը մեր սրտերուն մէջ կը մխուին երկսայրի դաշոյններու նման, հայը, որ իր հինաւուրց պատմական մթին ճակատագրին հետ պայքարելու կացութեան մը առջեւ կը գտնէ յանկարծ ինքզինքը նորէն, թոյլ ու շնորհազուրկ կառավարութեան մը՝ բարբարոս ու քաղաքակրթութեան անընդունակ խուժանի մը հետ մշակած Սահմանադրական մեղսակցութիւններուն հետեւանքով, - հայը, կը խորհիմ, ժամանակ, սիրտ, ախորժակ ունի՞ գրականութեամբ հետաքրքրուելու։
Բայց հակառակ ամէն բանի, կարելի չէ ըսել, թէ շահեկան հրատարակութիւնները կը պակսին. ընդհակառակն նոր ռէժիմի հաստատումէն ի վեր բազմաթիւ գիրքեր լոյս տեսան, արձակ թէ ոտանաւոր, որոնց վրայ խօսող մը չգտնուեցաւ։ Եւ այս կամ այն տեսակէտէն՝ ուշադրութեան արժանի գիրքեր չէին որ կը պակսէին անոնց մէջ։ Այդ բոլոր գրական ձայները խեղդուեցան Սահմանադրական Կեցցէ՜ներու երջանիկ աղմուկին մէջ։ Ասիկա անիրաւութիւն մ՚է անշուշտ, զոր ամէն ճշմարիտ գրասէր կը զգայ, հակառակ ամէն բանի։
Որեւէ գրական արտադրութիւն, որ վաճառականական մտահոգութեան մը մեղադրանքը կարող է հեռացնել իրմէ, իր տեսակին մէջ մեծ արժէք մ՚ունենայ կամ ոչ՝ պէտք է ըստ իս ուշադրութեան առարկայ դառնայ։ Գէշ աղէկ՝ պէտք է խօսեցնել իր վրայ։ Գրական քննադատութեան պարտքն է այդ։
Ու գրական քննադատութիւնն ալ իր սովորական ըմբռնումին անձուկ շղթայումէն պէտք է ազատագրուի այլեւս։ Իրաւացի չէ ո՛րեւէ գործ դատել անձնական կամ վարդապետական տեսակէտներու համեմատ։ Գրական գործ մը՝ արուեստի գործ մ՚է, ստեղծագործութիւն մը. եւ ո՛րեւէ արուեստի գործ, տրուած անհատական զգացողութեան մը ընդմէջէն ցոլացած իրականութիւն մ՚է, ինչպէս կարծեմ կ՚ըսէր Զօլա։ Արուեստի ազատութեան սկզբունքը՝ կը բղխի անհատական զգացողութեան մը անկախութեան անկապտելի իրականութենէն։ Իրաւունք չունինք, եւ ասիկա բացարձակ արդարութիւն մ՚է, հեղինակի մը քով փնտռելու, հեղինակէ մը գրեթէ պահանջելու, -ինչպէս կ՚ընեն միամիտ ու խըս-տասիրտ մարդիկ, որք անպատճառ սկզբունքի մը կը կարծեն ծառայել, - ինչ որ ինքը չի խոստանար տալ մեզի։ Որեւէ գործ՝ իր խոստումներուն, կամ թէ՝ իր յաւակնութիւններուն մէջ պէտք է ընդունիլ, եւ անոր համեմատ քննել ու դատել։ Քննադատութիւնը, այդ վայրկեանէն, կանխորոշութիւններով, դրութենական կամ հաւատաքննական սկզբունքներով գործող սրտառուչ ու յամառ անմտութիւն մը չէ, այլ՝ ճարտար, բանգէտ, ձեռնհաս գնահատիչի փափուկ աշխատութիւն մը։ Ներկայացուած մետաղին զտութեան աստիճանը պէտք է ճշդել։ Մնացեալին խառնուելու կարծեմ թէ իրաւունք չունինք։ Օրինակի համար՝ շատ իրաւունք չունինք բարկանալու, թէ ինչո՞ւ մեզի կապարի կտոր մը կը ներկայացնեն. կամ թէ ինչո՞ւ արծաթի կտոր մը՝ ոսկիի կտոր մը չէ անպատճառ. կամ թէ ինչո՞ւ սաչափ առ հարիւր պղինձ խառնուած է սա ոսկիէ ապարանջանին խմորին մէջ։
Բայց նկատենք նաեւ թէ՝ մետաղներու գնահատիչի մը եւ գրական քննադատի մը մէջ գտնուած հանգիտութիւնը բացարձակ ու գիտականօրէն ճիշդ չէ։ Այդ նմանութիւնն՝ առ առաւելն փոխաբերական է։ Վասն զի, արուեստի գործին մէջ ոչինչ կայ կշռելի կամ չափելի, ոչինչ կայ բնագիտական կամ տարրալուծական։ Այս պայմաններով, քննադատին աշխատութեան մէջ, հակառակ ամէն բանի, կը մտնէ ենթակայականութեան կարեւոր ու անխուսափելի բաժին մը։ Ահա՛ վեր ի վերոյ այն սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուելով կը ձեռնարկեմ նոր գրքերու քննութեան այս շարքին, Բիւզանդիոնի մէջ։ Մեծ եւ աղմկալից խոստում մը չեմ համարձակիր ընել. բայց աւելորդ չէ թերեւս բացատրել թէ՝ իմ անձնական ծանօթութիւններս կամ բարեկամութիւններս բնաւ նշանակութիւն չունին իմ գրական դժուարապահանջութիւններուս առջեւ, - այդ անողորմ ջլատիչ դժուարապահանջութիւնն՝ որուն կործանարար բռնութեան ես ինքս ենթակայ եմ՝ իմ հանապազօրեայ գրական աշխատութիւններուս մէջ։ Շօփէնհաուէրի հետ կ՚ընդունիմ, թէ լաւ գիրքերուն համեմատութիւնն ահռելիօրէն նուազ է բաղդատմամբ յոռի գրքերուն։ Գրքերու մեռելահամարը (mortalité) մեռելահամարներու ամենէն եղերականն է։ Քիչեր միայն ծերութեան կը հասնին. իսկ անմահ գրքերը՝ միջազգային մը-տաւորականութեան մէջ մատի վրայ կը համրուին։ Լաւ գրքերը, ըստ իս, լաւ մարդոց չափ հազուագիւտ են, եւ քիչ մ՚ալ աւելի։ Եւ եթէ վստահելի ճանաչողութեամբ զինուած կարող քննադատ մը հազուագիւտ բան մ՚է, ոչ նուազ հազուագիւտ են մեծարժէք ադամանդներն ու մարգարիտները, ինչպէս կ՚ըսէ Լա Պռիւյէռ։ Բայց աշխարհ լայն է եւ արեւին ջերմութիւնն ու լոյսը՝ բարի։ Ամէնուն համար տեղ մը կայ հոն։
«Բիւզանդիոն»
Հոկտեմբեր 25-7 նոյեմբեր 1908
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ