ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Ժ.
ՋՂԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ
Մեր «ջղային դարը»: Հասարակական կեանքի զարգացումն ու մտաւոր մրցումը, իբրեւ գլխաւոր պատճառ ջղային տկարութեան, կամ ջղաթուլութեան: Ջղաթուլութեան եւ անոր բնորոշ գիծերը: Արգանդախեղդ (hysteria) եւ անոր նշանները: Ընկնաւորութիւն: Խելագարութիւն: Ջղային դրութիւնները եւ անոնց բացատրութիւնը: Ախոնդացաւ (hypochondria) եւ մելամաղձոտութիւն: Ջղայնոտը եւ ամուսնութիւն:
Արգանդախեղդը (hysteria) այդ եսազրկութեան ծայրայեղ արտայայտութիւնն է: Ատիկա վերին աստիճանի բազմանշան հիւանդական դրութիւն մըն է, որու գլխաւոր բնորոշ գիծը արտաքին ազդեցութիւններու գերակշռումն է ուղեղի (կամքի) վրայ: Ուղեղը այդ դղրդիւնը կանգնեցնելու անզօր է, որ արտաքին դրդիչները (impulse) կը նետեն անոր ամբողջ ջղային դրութեան մէջ. ան կորսնցուցած է, ինչպէս կ՚ըսեն, արգելաուժը, որով առողջ մարդը ընդունակ կ՚ըլլայ իր շարժումները կանգնեցնել, կամ անոնց որոշ ուղղութիւն տալ ու որոշ սահմաններու մէջ պահել: Օրինակ, երբ բարկութիւնը կը բարձրացնէ անոր ձեռքը հարուածի համար, ուղեղը կրնայ կանգնեցնել զինք, այն ինչ հիստերիկը անկարող է այդ ընել, այս պատճառով յաճախ (ըսենք գրեթէ միշտ) հիստերիկը վայրկեանի ազդեցութեան տակ կը գործէ, նոյնիսկ եթէ հասկնար իր վարմունքին անտեղիութիւնը: Այսպէս, այդ ազդեցութեան տակ անոնք յանցանքներ կը կատարեն, կամ ինքնասպանութիւն կը գործեն, եւ այլն:
Հիստերիկը ընդհանրապէս դիւրութեամբ կը գրգռուի, զարմանալիօրէն նրբազգաց է, ենթակայ բռնկումներու, քմահաճ, պահանջող, դիւրութեամբ յուսահատուող ու դիւրութեամբ ոգեւորուող: Ան յաճախ ու յանկարծակի կը փոխէ իր տրամադրութիւնը, մէկ ծայրայեղութենէ ուրիշ ծայրայեղութեան մը մէջ իյնալով, միշտ զանազան տարօրինակ բաներ կ՚ընէ՝ մէկը ուտելէն կը հրաժարի, միւսը՝ ինքզինք միշտ սիրահարուած կը կարծէ, մէկ ուրիշը՝ կը յափշտակուի, օրինակ՝ երաժշտութեամբ, կամ տարօրինակ զգեստ կը հագուի, կամ ծայրայեղ բարոյականութիւն ու անբարոյականութիւն ցոյց կու տայ, եւ այլն, եւ այլն:
Կամքի թուլութիւնը նկատի չառած, հիստերիկները զարմանալի ստախօս ու խորամանկ մարդիկ են: Ատոնք ընդունալ են երկար պատմութիւններ հնարել եւ անոնց հաւաստիութեան այնպիսի ձեւ տալ, որ նոյնիսկ դատաստանատուները կը համոզուին եւ անոնց սխալ վկայութիւններու հիման վրայ կը դատապարտեն անմեղ մարդոց:
Հիստերիկը իրապէս անդադար տանջանքներու մէջ է. ամէն տեսակ (գլուխի, անդամներու, ստամոքսի, կուրծքի, ներքին անորոշ) ցաւեր հանգիստ չեն տար անոր, այն ինչ մարմինը տեղ-տեղ միանգամայն անզգայ է: Աւելի բարդ պարագաներու հիստերիկ ցնցումներ, կարկամումներ, ջղաձգութիւններ կը յառաջանան: Խեղճերը վար կ՚իյնան, կը թփռտան. անոնց ոտքերն ու ձեռքերը կը ձգձգուին, կը կարկամին, եւ այլն: Պակաս չեն նոյնպէս եւ հիստերիական կուրութիւն, խլութիւն, անդամալուծութիւն:
Ատոնք զանազան խաբէական լսողական ու տեսողական ցնորքներ ունին: Տարօրինակ ձայներ կը լսեն, օտարոտի բաներ կը տեսնեն, եւ այլն:
Հիստերիայով կը հիւանդանան կիները եւ այր մարդիկը, հիմնականին մէջ երիտասարդ հասակին:
Հիւանդութիւնը ժառանգական է (25 առ հարիւր). կրնայ յառաջանալ նաեւ ուրիշ զանազան տեսակի պատճառներէ, որոնք մեծ դղրդիւն կը ձգեն կնոջ կամ այր մարդուն ջղային համակարգին մէջ. սաստիկ յուզմունք, վախ, սիրահարութիւն, կամ կսկիծ, վիշտ, յետոյ հիստերիկ կը դառնան յղի կամ զաւակատան հիւանդութեան տէր կիներ, թոքախտաւորներու զաւակները, եւ այլն:
Լուսնոտութիւն (epilepsy). Հեղինակները հասած են այն եզրակացութեան, որ լուսնոտներուն գրեթէ կէսը կը սերին ջղային ծնողներէ: Ալքոհոլիկ ծնողներու զաւակները յաճախ լուսնոտ կ՚ըլլան (գրեթէ 12 առ հարիւր). պէտք է գիտնալ, նաեւ, որ արբած ժամանակ բեղմնաւորութիւնը յաճախ լուսնոտներ կու տայ: Յետոյ իբրեւ պատճառ պէտք է յիշել չափազանց հասակաւորներու եւ մօտ ազգականներու ամուսնութիւնը, յղիութեան ժամանակ երկիւղ, կամ փորին հարուած, եւ այլն: Ինչ ալ ըլլար պատճառը, հիւանդութեան բնորոշ գիծը (որով ան հիստերիայէ կը տարբերի)՝ ուշագնացութիւնն է:
Երբեմն, յանկարծ հիւանդը ուշքը կը կորսնցնէ, կ՚իյնայ՝ ուր որ պատահի (երբեմն ինկած ատեն ինքզինք կը վնասէ եւ նոյնիսկ կը մահանայ), եւ կը սկսի կարկամումները եւ ամբողջ մարմինի ձգձգոտումը, բոլոր մկաններու կծկումը: Շրթունքներու վրայ արիւնախառն փրփուր կ՚երեւի, հիւանդը կ՚իյնայ եւ որոշ ժամանակ մը անզգայ՝ կիսաշունչ դրութեան մէջ կը մնայ, յետոյ ուշքի կու գայ, առանց որեւէ յիշողութիւն պահպանած ըլլալու պատահածի մասին: Երբեմն ամբողջ հիւանդութիւնը կը կայանայ վայրկենական ուշագնութեան մէջ: Յանկարծ հիւանդը ձեռքին իրերը կը նետէ, կամ խօսակցութիւնը կ՚ընդհատէ, առանց իսկ նկատելու: Ընդմիջումներու ժամանակ այդ հիւանդները ամբողջովին առողջ են, թէեւ ջղային, շտապող, այսէպս ըսած, տենդային. Նափոլէոնը, Մուհամմէտը, Կեսարը, Ժ. Ժ. Ռուսսոն, Տոսթոեւսկին եւ բազմաթիւ ուրիշ հանճարեղ մարդիկ լուսնոտներ էին:
Գրեթէ անբուժելի հիւանդութիւն ըլլալով, այն վերջ ի վերջոյ մտաւոր ուժը կը թուլցնէ, եւ մարդիկ թուլամիտներ, ապուշներ, նոյնիսկ խելագարներ կը դառնան:
Ասոնք, առհասարակ, ցնորքներ ունին եւ սարսափելի կրքոտ են: Լուսնոտի կիրքը անսանձ է, կատաղի, իսկապէս գազանային, եւ այդպիսի վայրկեաններու ան սոսկալի ոճիրներ կը գործէ:
Խելագարութիւն. անկասկած, ամուսնութեան տեսակէտէ խելագարութիւնը իւրաքանչիւր ջղային անկանոնութիւններէ կարեւորագոյնն է, եւ ան մեծաւ մասամբ ժառանգական է (ըստ ոմանց մինչեւ 90 առ հարիւր), այսինքն՝ խելագարները հիւանդոտ ծնողներու զաւակներ են:
Սարսափելի բան է, երբ ընտանիքի անդամներէն մէկը խելագար է, եւ երբեք պէտք չէ յոյս դնել ժամանակաւոր ընդմիջումներու վրայ: Այսպիսի հիւանդները կրնան առ ժամանակ առողջ երեւնալ, եւ յուսալով, որ ամբողջութեամբ ազատուած են իրենց ցաւէն, ամուսնանալ, բայց մի քանի ամիսներ ու տարիներ կ՚անցնին եւ օր մը հիւանդութիւնը կը նորոգուի:
Ահա՛ այն գլխաւոր հիւանդական ջղային դրութիւնները, որոնք մեծ դեր կը խաղան ամուսնութեան մէջ:
Այս հիւանդութիւններու տէր ծնողները, անկասկած, որ հիւանդոտ զաւակներ կ՚արտադրեն:
Պէտք է նկատել, որ հիւանդութիւնը կրնայ իսկապէս չանցնիլ սերունդին, այլ՝ փոխանցնիլ իբրեւ ջղային տրամադրութիւն: Այս տրամադրութիւնը զանազան ազդեցութիւններու տակ կրնայ փոխուիլ ամէն տեսակ ջղային դրութիւններու, քանի որ բոլոր ջղային խանգարումներուն մէջ տեսակ մը ազգակցութիւն կայ:
Ժառանգական ջղային հիւանդներու զաւակները իրենց հիւանդ ծնողներէն կիսազարգացած, ինչպէս կ՚ըսեն, մանկայնութեան մէջ մնացած ջղային դրութիւն կը ստանան, որ նոյնպէս անկատար կերպով կը գործէ, ինչպէս մանուկներու ջղային դրութիւնը:
Այսպէս պէտք է բացատրել այն զարմանալի դիւրազգածութիւնը, վախկոտութիւնը, ինքնասիրութիւնը, կամքի ուժի թուլութիւնը, տոկունութեան եւ դիմացկոտութեան բացակայութիւնը, կամ յանկարծակի, դիւրագրգիռ գործողութիւնները, կիրքով վերաբերիլը իւրաքանչիւր գործի, որոնք բնորոշ են ջղային տկարութիւն ունեցողին:
Հոգեկան հիւանդական կազմը շատ կանուխ կ՚արտայայտուի, տակաւին մանուկ հասակին: «Ըստ երեւոյթին, -կ՚ըսէ հոգեբան մը-, երեխաները բոլորովին առողջ են, սակայն քունի մէջ անհանգիստ են եւ դիւրաւ գրգռուող: Անոնք հակում ունին դէպի կարկամումներ եւ յաճախ լուսնոտ կը դառնան: Որոշ ժամանակ ետք զարմանակի հակում մը կը նկատուի դէպի զառանցանք՝ ամենայն թեթեւ տաքութիւնն իսկ զառանցանքի մէջ կը նետէ զանոնք: Սեռական կեանքը շատ կանուխ կը զարթնի. ակնբախ կը դառնան միտքի զանազան տարօրինակութիւններ եւ սեռական բնազդի շեղումներ: Անոնց միշտ հոգեկան հիւանդութիւններ կը սպառնան. կսկիծը, ծննդաբերութիւնը, հոգեկան ու մարմնական ուժերու լարումը կրնան այս հիւանդութիւններէն մէկը կամ միւսը յառաջացնել: Անոնք շատ զգայուն են, ցնորական միտքերով տոչորուող, անոնց սէրն ու զզուանքը ո՛չ մէկ հիմք ունին, բայց չափազանց հեշտասէր են:
«Ժառանգական ծանր պարագաներուն աչքի կ՚իյնայ զաւակներու բնաւորութեան այլասերումը (dégénération). անոնք ծոյլ ու կրքոտ կ՚ըլլան, միշտ անբաւական ու ըստ բնականին հակուած դէպի չարը, անսիրտ ու հպարտ ըլլալով: Ամենամատաղ հասակին իսկ անոնք առանձին հակում ցոյց կու տան դէպի սուտը, գողութիւնը: Ո՛չ մէկ կարգապահութեան կ՚ենթարկուին, շատ դժուար կը դիմանան ֆիզիքական ցաւերու եւ անտարբեր կը մնան դէպի ուրախութիւնն ու կսկիծը, այն ինչ առանձին բաւականութիւն կը զգան կենդանիներու տանջանքները դիտած ժամանակ: Մտաւոր ընդունակութիւնները շատ վառ են եւ յիշողութիւնները լաւ, բայց երբ որ սեռական զարգացումի կը հասնին, անըդնունակ կը դառնան ու վատ կը սորվին»:
Մտաւոր զարգացման շեղումները բնականօրէն իսկ շատերուն վերին աստիճանի անմխիթար եւ անբուժելի ջղային տանջալից դրութիւններու մէջ կը նետէ՝ ախոնդացաւութեան, մելամաղձոտութեան (hypochondriacism) մէջ:
Մելամաղձոտը միշտ զբաղուած է իր սեփական անձով, ո՛չ իբրեւ անձնասէր, որ կը ձգտի ամէն ինչի եւ ամէն մէկը ծառայեցնել իրեն, իր բարօրութեան, այլ՝ իբրեւ երեւակայական հիւանդ մը, որ միշտ որեւէ մէկ հիւանդութիւն եւ անկանոնութիւն կը գտնէ իր կազմուածքին մէջ. անոնք ամենէն շատը մարսողութենէ կը գանգատին: Սակայն, մտաւոր ուժը, տոկունութիւնը աշխատանքի մէջ երկար ժամանակ պահպանուած է, մինչեւ որ այն կասկածանքը, թէ ան հիւանդ է, ամբողջութեամբ չի՛ տիրապետեր անոր. այն ատեն ան կը ծուլանայ, կամ աւելի ճիշդ ըսած, կը զբաղի միմիայն երեւակայական հիւանդութիւններով:
Մելամաղձոտութիւնը աւելի լուրջ հիւանդութիւն է: Առաջին երեւոյթը այն է, որ հիւանդը ամբողջովին անտարբեր կը դառնայ դէպի այն բաները եւ մարդոց, որոնք անոր համար անհրաժեշտ էին նախապէս: Աշխատանքը, զուարճութիւնները, հասարակութիւնը անոր համար կը կորսնցնեն իրենց արժէքը եւ հանգստացնող ազդեցութիւնը: Ան սառնասիրտ կը դառնայ դէպի այն անձերը, որոնց կը սիրէ: Ան կը կորսնցնէ զուարճանալու եւ տխրելու ընդունակութիւնը: Անոր համար աշխարհը կը կորսնցնէ իր հրապոյրը, իր գոյութեան իմաստը: Երթալով այս տրամադրութիւնը կը զարգանայ, առօրեայ կեանքը սաստիկ տաղտկալի կը դառնայ. մելամաղձոտը կը կորսնցնէ հաւատքը դէպի գործը, այս պատճառով ալ ան կը կորսնցնէ աշխատելու աշխուժութիւնը, եւ կը դառնայ «սառած էակ մը, որ զուրկ է սկզբնաւորութեամբ, որու բոլոր միտքերն ու հոգերը կը պտտին իր՝ իբրեւ թէ, փճացած, քայքայուած անձի եւ շրջապատի ոչնչութեան շուրջը»: Այսպիսի հոգեկան դրութիւնը խեղճ մելամաղձոտը յաճախ կը մղէ դէպի անձնասպանութիւն:
Այդպիսի հիւանդութեան տէր մարդիկ (կինարմատ թէ այր մարդ) ամուսնանալու իրաւունք չունին. առաջինը այն պատճառով, որ անոնց ջղայնախտային դրութիւնը անդադար յուզումի եւ անհանգստութեան մէջ կը պահէ ամուսինը:
Հիստերիկ կնոջ ամուսինը ո՛չ մէկ օր հանգիստ ունի. ջղային տկարութիւն ունեցող այր մարդու կինը ամենաանբախտ արարած մըն է: Այլեւս չեմ խօսիր խելագար եւ ընկնաւոր ամուսիններու մասին:
Այստեղ, սակայն, մեզ աւելի կը հետաքրքրէ սերունդներու վիճակը:
Մենք գիտենք, որ ժառանգական ջղայնախտութիւնը բազմաթիւ ձեւեր կ՚ընդունի: Գիտենք, նոյնպէս, որ ջղայնախտային ժառանգականութիւնը (atavism) կրնայ թռչիլ ամբողջ սերունդ մը:
Սերունդը կրնայ ջղախտաւոր, հիստերիկ, ապուշ, յիմար, թուլախել կամ ուղղակի խելագար, եւ այլն ըլլալ, ու իր վրայ կրել այն բազմաթիւ ֆիզիքական արատները, որոնք մենք նկարագրեցինք իբրեւ այլասերումի յատկանիշներ ժառանգական սիֆիլիսի, հիւծախտի եւ ալքոհոլիզմի մասին խօսած ատեն:
Սակայն, ըսենք, ի մխիթարութիւն արդէն ամուսնացածներու, որ կանոնաւոր եւ ուշադիր, զգոյշ կրթութիւնը կրնայ, գոնէ մասամբ, ժառանգական արատը ուղղել, եւ (քանի որ զաւակաները ընդհանրապէս տրամադրութիւն կը ժառանգեն դէպի հոգեկան հիւանդութիւններ) նոյնիսկ ոչնչացնել այդ բնածին տրամադրութիւնը:
Նախորդող գլուխներուն մէջ մենք մանրամասնօրէն նկարագրեցինք այն մեծ հիւանդութիւնները, որոնք անպայման պէտք է արգելք ըլլան ամուսնութեան:
Բայց ասոնցմով, անշուշտ, չի՛ սպառիր այդ ցաւերուն շարքը: Կան նաեւ ուրիշները, որոնց մասին երկար կ՚ըլլար խօսիլ այստեղ, միայն կ՚ըսենք, որ որեւէ լուրջ հիւանդութիւն ունեցող անձը պէտք չէ առանց բժիշկի խորհուրդի ամուսնանայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 23
Վաղարշապատ