ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԴ.)
ԳԱՂՏՆԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
Պատանիներուն եւ իրենց ծնողներուն միջեւ մեծագոյն հարցերէն մին գաղտնիութեան իրաւունքն է. դժբախտաբար շատ մը ծնողներ իրենց պարտաւորութիւնը եղող հետեւողականութիւնը կը շփոթեն անվստահութեան հետ, որ իրականութեան մէջ ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ:
Մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, թէ իւրաքանչիւր ծնող պարտաւոր է հետեւիլ իր զաւակին կեանքին, շրջապատին եւ շարժուձեւերուն, սակայն այդ մէկը անվստահութենէն չի բղխիր: Ծնողներու կողմէ ի գործ դրուած հսկողութիւնը նուրբ ու դժուար խնդիր է, որովհետեւ ծայրայեղ հսկողութիւնը կրնայ քայքայել նաեւ վստահութիւնը. մենք մեր զաւակները կրնանք «կորսնցնել» ծայրայեղ հսկողութիւն եւ կամ հակառակը՝ ամբողջովին չհսկելով. այդ իսկ պատճառով պէտք է հաւասարակշռութիւն դնել երկուքին միջեւ:
Հսկողութիւնը բացի ծայրայեղութենէն կը պահանջէ նաեւ գաղտնիութեան հանդէպ հասկացողութիւն. որպէս ծնողք, ինչքան լաւ հաղորդակցութիւն ալ հաստատած ըլլանք մեր զաւակներուն հետ, չենք կրնար ակնկալել, որ անոնք ամբողջութեամբ յայտնեն ու խօսին իրենց սեփական կեանքի մասին՝ այնպէս ինչպէս մենք չենք ընել յաճախ մեր կողակիցներուն համար ալ. հսկողութիւն-վստահութիւն եւ հսկողութիւն-գաղտնիութիւն հասկացողութիւնը պէտք է միշտ նկատի ունենալ: Հսկողութեան հիմնական նպատակը մանուկներուն անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնն է: Հսկողութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի ծնողը առաջնորդութեան պարտականութիւնը կատարէ. պէտք չէ սպասել, որ մանուկը ինք իր հարցերուն համար արտայայտուի՝ որպէսզի ծնողքը օգնէ անոր, որովհետեւ շատ անգամ մանուկներ արտայայտուելու փոխարէն կը նախընտրեն իրենց խնդիրները լռութեամբ ապրիլ եւ հո՛ն է, որ հսկողութեան կարեւորութիւնը կը զգանք: Յայտնենք, որ առաջնորդելու համար յաճախ մանրամասնութիւն գիտնալու կարիք ալ չունի ծնողը, որովհետեւ պատանին եւ երիտասարդը կարեւորութիւն կու տայ գաղտնիութեան. պարզապէս պէտք է հետեւիլ անոնց շարժուձեւերուն, որովհետեւ իր զաւակը իսկապէս ճանչցող ծնող մը կրնայ անոր շարժուձեւերէն զգալ ու վերլուծել եւ այս կապակցութեամբ ամէն մայր ու հայր պարտաւոր է «հոգեբան» ըլլալ իր սեփական մանուկը վերլուծելու եւ հասկնալու համար:
Գաղտնիութեան սահմանները կը կարեւորենք, որովհետեւ ինչպէս նախապէս խօսեցանք, թէ՛ մանուկները, թէ՛ պատանիները եւ թէ երիտասարդները միշտ ալ կ՚ուզեն իրենց «անկախութիւն»ը հաստատել եւ ծնողներու կողմէ ծայրայեղ միջամտութիւնները անոնց մօտ ազատութեան հասկացողութիւնը սահմանափակուած ըլլալու զգացումին կ՚առաջնորդէ: Անկախութեան ոտնակոխումը մանուկը կրնայ առաջնորդել ինքնավստահութեան պակասի, ազատ որոշումներ կայացնելու ունակութեան, ինչպէս նաեւ վստահութեան: Բոլորը իրար աղերսուած զգացումներ են եւ այս է պատճառը, որ կը հաւատանք, թէ ամէն մարդ չի՛ կրնար ծնողք եւ կամ ուսուցիչ դառնալ, որովհետեւ պէտք է նկատի ունենալ բոլոր նրբութիւնները, որովհետեւ պարզ սխալ մը անգամ անոնց ներաշխարհին մէջ մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:
Գաղտնիութեան յարգանքը անոնց մօտ կը զօրացնէ ինքնավստահութիւն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ կը զօրացնէ անոր ինքնավար ըլլալու զգացումը, ինչ որ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ իր դպրոցական, ընկերային եւ ապագայ կեանքին մէջ: Այն պատանին եւ մանուկը, որ կը զգայ, թէ ծնողներուն կողմէ կը վայելէ կատարեալ վստահութիւն, կ՚ունենան ինքնավստահութիւն եւ ապահովութեան զգացում: Այդ վստահութիւնն է, որ զաւակ եւ ծնողք կը մօտեցնէ՝ անոնց մէջ ստեղծելով ամուր ու առողջ հաղորդակցութիւն եւ ամուր ընտանեկան կապ: Կատարեալ վստահութիւն ունենալով հանդերձ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ պատանին յաճախ առողջ որոշումներ կայացնելու պատրաստ չէ եւ յաճախ վտանգաւոր որոշումներ կրնայ կայացնել. չափազանց վստահութիւնը անոնց մօտ հակառակ ազդեցութիւն ունենալով յաճախ մարտահրաւէրներու դիմաց առանձին ըլլալու զգացումը կրնան արթնցնել:
Վերոյիշեալ բոլոր կէտերը դարձեալ ո՛չ պարտադրանքով եւ ո՛չ ալ բռնութեամբ ճամբով կարելի է հաստատել. զանոնք առողջ ձեւով ի գործ դնելու լաւագոյն ձեւը առողջ հաղորդակցութիւնն է: Եթէ կը բողոքէք որ «խօսք մտիկ չ՚ըներ» խնդիրը ո՛չ թէ անոր, այլ ձեր մէջ փնտռեցէք, որովհետեւ ամէն բան ունի պատճառ եւ այդ խօսք մտիկ չընելը եւս անցեալին ձեր կողմէ ի գործ դրուած սխալներուն հետեւանքը կրնայ ըլլալ, այդ իսկ պատճառով մանուկը լոյս աշխարհ գալու օրէն պէտք է օրինակելի ծնողք դառնալ. մինչեւ հինգ տարեկան մանուկը անհոգութեամբ մեծցնող ծնողները ժամանակ մը ետք գիտակցութեան գալով կրնան չյաջողիլ, որովհետեւ ծիլ տուած վայրկեանէն պէտք է կատարեալ ծնողքի պարտաւորութիւնները ի գործ դնել եւ ո՛չ թէ ժամանակ մը յետոյ խելքի գալ:
Ցաւ ի սիրտ, այսօր մեր զաւակները իրենց ընկերային կեանքէն բացի ունին համացանցային գաղտնի աշխարհ մը, որ մեր ծնողներու կողմէ այնքան ալ հսկողութեան ենթարկել կարելի չ՚ըլլար: Այստեղ դարձեալ կու գայ կրթութեան կարեւորութիւնը. եթէ դուք լաւ ու կատարեալ կրթութիւն փոխանցած էք ձեր մանուկներուն՝ մանկավարժական բոլոր սկըզ-բունքներով, վախնալու կարիքը չունիք, սակայն եթէ թերացած էք, պէտք է լրջօրէն մտածէք անոնց մասին: Ձեր մանուկը համացանցէն աւելի ձեր սխալ վերաբերմունքէն է որ կը շեղի. եթէ դուք տան մէջ անդադար կը վիճիք ու կը կռուիք, կ՚անտեսէք իր անկախութիւնն ու կը վիրաւորէք իր ինքնավստահութիւնը, ապա լրջօրէն մտահոգուելու պէտք ունիք:
Այսպիսով կրնանք հասկնալ, որ մանուկին սխալ ընթացքը կախեալ է ծնողքէն. եթէ խնձորի ծառ ցանէք, ձեզի ժամանակին խնձոր պիտի տայ. եթէ այդ ծառը տուաւ այլ պտուղ, ուրեմն պէտք է քննութեան ենթարկէք ձեր ցանածը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Աշխարհի վրայ կը նուազի ուսուցիչներուն թիւը. արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Պատասխան.- Ուսուցչութեան հանդէպ հետաքըրք-րութեան պակասը կրնայ ունենալ հետեւանքներ թէ՛ կրթական համակարգին եւ թէ հասարակութեան մէջ: Ուսուցիչներու թիւի պակասը կ՚առաջնորդէ որակեալ ուսուցիչներու պակասի: Ուսուցիչներու թիւի նուազումը կը ծանրաբեռնէ գործող ուսուցիչներուն աշխատանքը եւ կը դժուարացնէ կրթական չափանիշներու պահպանումը: Ուսուցիչներու պակասը կ՚ազդէ ուսանողներուն տրամադրուող ուսման որակին վրայ. ծանրաբեռնուած ուսուցիչները աւելի քիչ ժամանակ կ՚ունենան տրամադրելու անհատական ուշադրութիւն եւ կ՚ունենան նուազ արդիւնաւէտ ուսուցման ընթացք:
Հմուտ մանկավարժներու եւ ուսուցիչներու պակասը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ուսման արդիւնքին: Այդ պակասը ինքնաբերաբար կը դժուարացնէ գործող ուսուցիչներու աշխատանքը եւ անոնց համար կը ստեղծուի գերբեռնուած աշխատանքային պայմաններ:
Ուսուցիչներու պակասը կ՚ազդէ նաեւ կրթութեան զարգացման, որովհետեւ նոր ուսուցիչներու շնորհիւ նորութիւններ մուտք կը գործէ ուսուցման ոլորտ: Ուսուցիչներու պակասը կ՚առաջնորդէ աշխատանքային պայմաններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներու իրականացումի:
Պետութիւններ պէտք է գիտակցին ուսուցման կարեւորութեան եւ գրաւող միջավայր մը ստեղծեն ուսուցչական ոլորտէն ներս, ինչպէս օրինակ, աշխատավարձը, պայմանները եւ արժէքները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան