ՕԿԻՒՆ ՍԱՄԱՍՏ ԵՐԷԿ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ԲԱՆՏԷՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամաստ երէկ դուրս եկաւ բանտէն։ 19 յունուար 2007 թուականին լուսահոգի Հրանդ Տինքը նահատակած Օկիւն Սամաստ այդ ժամանակ 17 տարեկան էր։ Դէպքէն անմիջապէս վերջ Սամսունի մէջ ձերբակալուած էր Օկիւն Սամաստ, որ Քանտըրայի կալանավայրէն անցեալ փետրուարին փոխադրուած էր Պոլուի բանտը։ 16 տարի 10 ամիսէ ի վեր բանտի մէջ կը գտնուէր Օկիւն Սամաստ, որ իր «լաւ վարքին բերումով ազատ արձակման» ծիրէն ներս դիտարկման տակ առնուած էր։ Կալանավայրի ղեկավարութիւնը այս գործընթացի արդիւնքը արժեւորեց դրական եւ երէկ երեկոյեան ժամերուն՝ 19.50-ին Օկիւն Սամաստ արդէն դուրս եկաւ բանտէն։ Կը հաղորդուի, որ ան կալանավայրի ելքին դիմաւորուած է իր ընտանիքի անդամներուն կողմէ։
Օկիւն Սամաստի ազատ արձակումը լայն արձագանգ գտած է հանրային կարծիքին մօտ, զանգուածային լրատուութեան միջոցները առաջնահերթօրէն անդրադարձած են այս իրադարձութեան։ Ընդհանուր առմամբ, հանրային կարծիքին մէջ մեծ խաւ մը վերապահութեամբ կ՚ընկալէ այս իրադարձութիւնը։