ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ԱՆԸՆԴՀԱՏ ԼՍԵԼ ՆՈՅՆ ԵՐԳԸ

Մարդիկ կը սիրեն լսել երգ մը, քանի որ մեր ուղեղի մէջ կը զարգանայ այդ երգերու հետ յուզական կապ մը: Այդ երգերը լսելը շատ աւելի քիչ ջանք կը պահանջէ՝ քան նոր երգեր գտնել փորձելը:

Վերջերս կատարուած է ուսումնասիրութիւն մը՝ հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ մարդիկ կրկին ու կրկին կ՚ուզեն նոյն երգը լսել: Որոշ մարդիկ իրենք զիրենք երջանիկ կը զգան, իսկ ուրիշներու մօտ կը յառաջանայ «դառն-քաղցր» զգացում: Արդիւնքին կը յայտնուի, թէ մենք շատ աւելի ամուր կապեր կրնանք ստեղծել մեր սիրելի երաժշտութեան հետ։

Լաւ երաժշտական ​​ստեղծագործութիւն մը կ՚արթնցնէ զանազան զգացումներ եւ սա չի նշանակեր, որ մենք մեզ միշտ երջանիկ կը զգանք: Կրնանք սիրել երգ մը, որ մեզ կը տխրեցնէ, կը զայրացնէ կամ կ՚անհանգստացնէ: Իրականութեան մէջ երաժշտութիւնը կապուած է տոփամինի կամ «լաւ զգալու» հորմոնի արտադրման հետ։ Այլ խօսքով, մեր սիրած երգը լսելը կրնայ աշխուժացնել մեր ուղեղի պարգեւատրման համակարգը եւ կախուածութիւն յառաջացնել այդ երգի հանդէպ: Ամէն ինչ աւելի հետաքրքրական կը դառնայ, նոյնիսկ եթէ երգը մեզ տխրեցնէ։ Այդ պարագային եւս մեր ուղեղը կը թողարկէ որոշ չափով տոփամին:

Երբեք նկատա՞ծ էք, որ որոշ երգեր ձեզի համար երբեք ձանձրալի չեն թուիր: Եթէ ​​դուք այդ երգը լսած էք ձեր կեանքի կարեւոր իրադարձութեան մը ժամանակ, այդ երգը կը խրուի ձեր յիշողութեան խորքին եւ երբեք չի հիննար: Մարդու ուղեղը իր բնոյթով «զուգորդական» է, ուստի երաժշտութիւնը կրնայ յիշեցնել այն ժամանակի մասին, ինչ որ մենք կը փափաքինք վերապրիլ:

Մեր երկարաժամկէտ յիշողութիւնը կարելի է բաժնել երկու տարբեր տեսակի՝ անուղղակի յիշողութիւն եւ բացայայտ յիշողութիւն: Վերջինս անցեալը գիտակցաբար յիշելն է եւ կը ներառէ փորձառական յիշողութիւնները: Անուղղակի յիշողութիւնը մեր անգիտակից յուշերը կը պարունակէ: Յիշողութեան մեծ մասը տեղի կ՚ունենայ ենթագիտակցօրէն: Անուղղակի յիշողութիւնը դասական պայմանաւորուածութեան ձեւ մըն է: Իրադարձութիւնը, յոյզը եւ երգը իրարու կը կապուին անուղղակի յիշողութեան միջոցով:

Երբ երաժշտական ​​ստեղծագործութիւնը կը զուգորդուի իրադարձութեան մը հետ, սա կրնայ վերադարձնել այդ պահու ուժեղ յոյզերը: Օրինակ՝ «Candle in the Wind» երգը յաճախ կը զուգորդուի արքայադուստր Տանայի հետ, քանի որ Էլթըն Ճոն այդ մէկը երգած է անոր յուղարկաւորութեան ժամանակ։

Երաժշտութիւնը կը նպաստէ ստեղծել նաեւ ինքնակենսագրական յիշողութիւն: Երաժշտութեան հետ զուգորդուած յիշողութիւնները յաճախ կու գան մեր կեանքի յստակ ժամանակներէն: Մարդոց մեծամասնութիւնը հակուած է չափազանցել 10-30 տարեկանի յիշողութիւններու մասին: Հոգեբանները սա կ՚անուանեն «յիշողութեան բախում»:

Բազմաթիւ երգեր կը յօրինուին ըստ մեր հոգեբանութեան։ Անոնք յաճախ կը պարունակեն «կեռեր»՝ գրաւելու համար մեր ուշադրութիւնը զանոնք յիշարժան դարձնելու համար: Գրաւիչ երգերը կը մնան մեր ուղեղի մէջ եւ մեզ կը մղեն կրկին կրկին, անընդհատ երգել զայն: Ձեռնարկութիւններու, ապրանքանիշերու մեծամասնութիւնը կը նախընտրեն գրաւիչ երգեր կցել իրենց գովազդին, որպէսզի մարդիկ կապ հաստատեն իրենց արտադրանքի հետ: Այդ երգը կը շարունակէ մեր գլխու մէջ եւ կը յիշեցնէ սոյն ընկերութեան ապրանքի մասին:

Եթէ այս բոլորը համառօտ ձեւով արտայայտենք, ապա կարելի է ըսել, որ մարդիկ կը գերադասեն այն, ինչ որ իրենց ծանօթ է եւ գոյութիւն ունի անտեսանելի կապ մը անոնց միջեւ։ Երաժշտութիւնը այս առումով բացառութիւն չէ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023