ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՄԷՋ ԱՍՏՈՒԱԾ ՏԵՍՆԵԼ ԵՒ ԱՊՐԻԼ ՆԵՐԿԱՆ
Հաւատքի հարցին մէջ, յաճախ մարդիկ կը դիմաւորուին դժուարութիւններու՝ որոնք կը կանգնին հաւատացեալներուն առջեւ։ Հաւատացեալին հաւատքի կեանքի ընթացքին առաջացող եւ գործօն դեր խաղացող երկրորդական պատճառներ արգելք կը հանդիսանան հաւատքի կեանքին։
Այս վիճակը ապրողներ պէտք է հասկնալու աշխատին, թէ՝ Աստուած այդ արգելքներուն մէ՞ջն է, թէ ոչ։
Այս հարցով, կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ այս շփոթ վիճակի մէջ գտնուողներ իրենք զիրենք կատարելապէս մութ տեղ մը կը զգան, եւ կը տեսնեն, թէ դէպի իրենց առաջացող լուսեղէն ամպ մը կայ, որ իր քովը հասնելով զիրենք եւ իրենց շուրջը գտնուող ամէն ինչ կը շրջապատեն եւ այդ լուսեղէն ամպին մէջէն ձայն մը կը լսուի.- Այս Աստուծոյ ներկայութի՛ւնն է։
Մինչդեռ, արդէն իրենք շրջապատուած էին այդ «Աստուած» Նախախնամութեէն, բայց խնդիրը այդ իրողութեան անդրադառնալն է։ Ահա, մարդկային կեանքի մէջ պատահող ամենամեծ եւ սարսափազդու բաները կարծես մարդուս առջեւէն կ՚անցնին. չար մարդիկ՝ կատղած գազաններու նման կը հալածեն մարդիկ, նաեւ մեղքեր եւ ախտեր սարսփ կը պատճառեն…
Երբ մարդ շրջապատուած է «Աստուծոյ ներկայութեամբ», իր առջեւ երեւցած կեանքի ամէն տեսակ անհանգստացնող եւ նեղութիւն պատճառող բաները եւ ոչ մէկ «ծուռ նայւածք», ոչ մէկ «վիրաւորող խօսք» եւ ոչ ալ զինք անհանգստացնող փոքր փորձութիւններ իրեն չեն մօտենար՝ մինչեւ որ Աստուծոյ զինք շրջապատող ներկայութիւնը ատոնց ճամբայ բանալով ներս գալու թոյլ տայ։ Բայց Աստուած երբեք թոյլ չի՛ տար, որովհետեւ Ան հաւտարիմ է իր ուխտին եւ երբեք չի՛ թողուր իր արարածները։
Ազատ կամքով օժտուած է մարդ, այս պատճառով ալ երբեմն կը շեղի իր ճամբայէն, եւ նոյնիսկ անհաւատարիմ կ՚ըլլայ իր ուխտին, բայց Աստուած գիտէ ապագան, կը տեսնէ որ մարդ ի՛նչ կ՚ընէ եւ պիտի ընէ, ահաւասիկ, «ճակատագիր» ըսուածը ա՛յս է, որ մարդ ինք կը գծէ, իր իսկ պատասխանատուութեանը ներքեւ…
Աստուած մի՛շտ ներկայ է. Աստուած անժամանակ է, Անոր համար անցեալ եւ ապագայ չկա՛յ բայց միայն ներկայ, որուն մէջ է թէ՛ անցեալը եւ թէ՛ ապագան։ Ուստի, իրեն պատկանող երկրորդական պատճառներու հարցը լուծուած կ՚ըլլայ, այս ճշմարտութեան երբ անդրադառնայ մարդ։
Աստուծոյ ներկայութեան երբ անդրադառնայ մարդ, այն ատեն պատասխանուած կը տեսնէ իր աղօթքը։ Աստուած իսկապէ՛ս ամէն բանի մէջ, ամէն տեղ է. եւ այս իմաստով ամէն բան Աստուծոյ ձեռքէն եւ Անոր թոյլտուութեամբ կու գայ։ Ուստի, մարդ անդրադառնալու է, որ ամէն ինչ, հետզհետէ օրէ օր, ժամէ ժամ ուղղակի՛ Աստուծոյ ձեռքէն կու գայ, առանց ի նկատի ունենալու, թէ ի՛նչպիսի միջոցներով կը յայտնուի Աստուծոյ կամքը։ Եւ այլեւս մարդ երբեք դժուարութիւն չի զգար Աստուծոյ կամքին համաձայնելու՝ Անոր հոգատարութեան վրայ անխախտ, հաստատ վստահութեամբ։
Ամէն բանի մէջ զԱստուած տեսնելը՝ կատարեալ հանգիստ եւ երջանիկ կեանքի բանալին է։
Ամէն բանի մէջ զԱստուած տեսնելը՝ հաւատացեալին հնարաւորութիւն կու տայ, որ ան ապրի ներկայ րոպէին համար, առանց վաղուան համար հոգ ընելու, չէ՞ որ «այսօրուան հոգը իրեն կը բաւէ, վաղուանը ինք կը հոգայ»։ Նոյնպէս, ամէն բանի մէջ զԱստուած տեսնելը, մեզ անհանգստացնող եւ նեղութիւն պատճառող անձերու հանդէպ միշտ սիրալիր, հանդուրժող եւ համբերատար կը դարձնէ՝ կը կատարելագործէ, հասուն մարդ կ՚ընէ։ Այն ժամանակ, մեզի դէմ՝ մեզ նեղութիւն պատճառող, նեղացուցիչ անձեր, Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած գորովալից, սիրալիր եւ իմաստուն նպատակներուն կատարման համար միայն միջոցներ՝ գործիքներ պիտի նկատենք։ Եւ վերջապէս, նոյնիսկ ներքնապէս այդ անձերուն առաջացուցած օրհնութիւններուն համար, Աստուծոյ գոհութիւն պիտի մատուցանենք։
Ուրիշ ո՛չ մէկ բան մեր տեւապէս գանգատող, դժգոհ եւ ապստամբող խորհուրդներուն եւ արարքներուն կատարելապէս վերջ կրնայ տալ, եթէ ոչ ամէն բանի մէջ զԱստուած տեսնելը՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելը։ Եւ այս ձեւով ամէն բանի մէջ Հայրը տեսնելը հաւատացեալին կեանքը՝ գոյապահպանող եւ գոյատեւող զօրութեան մը մէջ երջանիկ կեանքի կը վերածէ. անոր սրտի խաղաղութիւնը եւ անդորրութիւնը կ՚ապահովէ, կը հաստատէ եւ աւելին՝ անբացատրելի հոգեկան հրճուանքով կը լեցնէ։
Ապա կատարեալ վստահութեամբ իրենք զիրենք Աստուծոյ յանձնողներուն ներսիդին, Աստուած՝ ամենագութ եւ ամենողորմ Հայրը անպայմա՛ն պիտի գործէ, անոնք առաջնորդելով ներքին խաղաղութեան կանանչաւէտ արօտներու մէջ եւ ներքին թարմացում եւ վերակենդանացում տուող օրհնեալ հանդարտ ջուրերուն մօտ։ Այն հաւատացեալը, որ Աստուծոյ կողմնակից կը մնայ, ան ամէն բանի մէջ կը շահի եւ հետեւանքը կ՚ըլլայ երանութիւն՝ բարձր տրամադրութիւն, ուրախութիւն ամէն պարագաներու մէջ։
Գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ յաղթող կ՚ընէ մեզ միշտ Քրիստոսի մէջ։
Ուստի անդրադառնանք Աստուծոյ ներկայութեան մեր կեանքին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024