ՍՊԱՍՈՒՄԸ ՄՆԱՑ Ի ԴԵՐԵՒ

Ա­ւե­լի քան եր­կու շա­բաթ ժա­մա­նակ ան­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած միւ­ռո­նօրհ­նու­թե­նէն ի վեր։ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ ար­դէն վե­րա­դար­ձած է քա­ղաքս։ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տի ֆո­նին վրայ՝ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպա­սուէր իր այ­ցե­լու­թեան։ Ծա­նօթ է, որ Ան­թի­լիաս կը պա­հան­ջէ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին ի­րեն վե­րա­դար­ձուի­լը, այս քայ­լը 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ կը մա­տու­ցէ որ­պէս հա­տուց­ման մեծ ծրագ­րի մը սկզբնա­կան քայ­լը եւ ա­ւե­լի՛ն, ի­րա­ւունք հե­տապն­դե­լէ ան­դին՝ հե­տա­մուտ է ամ­բո­խա­վա­րա­կան քա­ղա­քա­կան շոուի մը։

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ան­հան­գիստ է այս ըն­թաց­քէն։ Նա՛խ, Ան­թի­լիաս իր քայ­լին մա­սին նոյ­նիսկ պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղեակ չէ պա­հած Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը։ Յե­տո՛յ, Գում­գա­բու կը մտա­հո­գուի Ան­թի­լիա­սի ձեռ­նար­կած ան­հե­ռա­տես քա­րոզ­չու­թեան մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ յա­ռա­ջաց­նե­լիք հա­ւա­նա­կան ան­բա­րեն­պաստ ազ­դե­ցու­թե­նէն։ Ե՛ւ ի վեր­ջոյ, Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս գտնուող կա­լուա­ծի մը հա­մար, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կը կա­տա­րուի ոտնձ­գու­թիւն մը։ Երբ այդ տա­րած­քէն ներս բուն ժա­ռան­գոր­դը կը հա­մա­րուի Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը, ա­պա այս պա­րա­գա­յին կը յայտ­նուի ի­րա­ւա­յա­ջոր­դի ու­րիշ թեկ­նա­ծու մը՝ այդ ալ ա­ռանց ա­նոր գի­տակ­ցու­թեան, հա­ւա­նու­թեան ու յօ­ժար կամ­քին։

Այս ի­րե­րա­մերժ հան­գա­մանք­նե­րը պատ­ճառ դար­ձած են, որ Գում­գա­բուի եւ Ան­թի­լիա­սի մի­ջեւ ստեղ­ծուի ցրտու­թիւն մը։ Հա­կա­ռակ այս վի­ճա­կին, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յանձն ա­ռած է մաս­նակ­ցիլ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան, կան­խե­լու հա­մար շփո­թու­թիւն­նե­րը ե­կե­ղե­ցա­կան եւ վար­չա­կան խնդիր­նե­րուն մի­ջեւ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, իր այ­ցե­լու­թիւ­նը հան­րա­յին կար­ծի­քին կող­մէ ըն­կա­լուած էր՝ որ­պէս հնա­րա­ւո­րու­թիւն այդ ցրտու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար։ Բայց եւ այն­պէս, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այդ սպա­սում­նե­րը չեն ար­դա­րա­ցած։ Թէ՛ Ան­թի­լիա­սի եւ թէ Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րը կը պա­հեն քար լռու­թիւն, ինչ որ էր նաեւ պա­րա­գան այ­ցե­լու­թե­նէն ա­ռաջ։ Այ­սինքն, չկայ նո­րու­թիւն մը

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015