ԳԱՆՏԻԼԼԻ ՆՈՐԱՕԾ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Գանտիլլիի նորաօծ Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ առաւօտուն մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան ու քահանայ հայրեր։ Արարողութեան ընթացքին օրուան պատգամը տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ Գանտիլլիի եկեղեւոյ հանգուցեալ քարոզիչներու, հովիւներու, սատարողներու, թաղային խորհուրդի հանգուցեալ անդամներու, նաեւ բարերարներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի անդամներու։ Ապա, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդրանը, ուր արարողութիւնը աւարտին հասաւ վերջին օրհնութեամբ։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։