«ԿՈՄԻՏԱՍ»Ը ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ԷՐ, ԻՍԿ ԱՅԺՄ Կ՚ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԻ ԴԷՊԻ ԱՆԳԱՐԱ

«Եոլճու» թատերախումբը շաբաթավերջին «Կոմիտաս»ը ներկայացուց Իզմիրի մէջ։ Այս ծրագիրը, որ Լուսաւորիչ երգչախումբի մասնակցութեամբ յառաջ կը տարուի տարիներէ ի վեր, աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրած է եւ ներկայիս այդ յաջողութիւնը կը թեւակոխէ նոր հարթութիւն մը։

Իզմիրի մէջ եւս գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին «Կոմիտաս»ի նկատմամբ։ Քարշըեաքայի մէջ կազմակերպուած փառատօնի մը ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Այսպէս, Պոսթանլըի «Սուատ Թաշէլ» թատերասրահի երդիքին տակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Լուսաւորիչ երգչախումբի տասն անդամները յաջողութեամբ գործադրեցին յայտագրի երաժշտական բաժինը։ Հարկ է նշել, որ երգչախումբի տղաքը արդէն միօրեայ այցելութեան մը ձեւով Իզմիր մեկնեցան ու վերադարձան։

Մինչ այդ, գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ երկուշաբթի՝ նոյեմբերի 27-ին ալ «Կոմիտաս»ը պիտի կրկնուի Անգարայի մէջ։ «Եըլմազ Կիւնէյ» թատերասրահի երդիքին տակ նախատեսուած է ձեռնարկը, որ պիտի բնորոշէ փառատօնի մը փակումը։ Տոմսերը արդէն այժմէն սպառած են։ Լուսաւորիչ երգչախումբը դարձեալ տասն հոգինոց կազմով մը պիտի մեկնի Անգարա եւ պիտի իրականացնէ երգեցողութիւնները՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Յակոբ Մամիկոնեան մեզի յայտնեց, որ Իզմիրի ձեռնարկէն բաւարարուած են, իսկ Անգարայի պարագային ալ բոլոր տոմսերուն այժմէն վաճառուած ըլլալը կը յուսադրէ զիրենք։ Մամիկոնեան նշեց, որ միջոցներու սղութեան պատճառով երգչախումբի անդամներէն բաղկացեալ փոքր կազմերով կ՚իրականացուին քաղաքէ դուրս այս ձեռնարկներուն երգեցողութիւնները եւ յանուն արդարութեան այդ անդամները կ՚ընտրուին հերթափոխութեամբ։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023