ՆԵՐՈՂԱՄԻՏ ԸԼԼԱԼ ԲԱՅՑ ՉՄՈՌՆԱ՛Լ…
Ներողամտութիւնը առաքինութիւն է եւ նաեւ՝ վեհանձնութիւն, եւ ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին, եւ ո՛չ մէկ առարկութիւն անշուշտ, բայց…
Բայց, երբ արարքը մոռցուի, ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ զայն ներելը։ Եւ եթէ մոռցուի, ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ պիտի չկրկնուի նոյն արարքը։ Ուրեմն, այո՛, ներել բայց չմոռնալ… Եւ սակայն արարքը չմոռնալ երբեք ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան պատճառ ալ պէտք չէ ըլլայ։ Ահաւասիկ, մարդուս հմտութիւնն ալ այն ատեն յայտնի կ՚ըլլայ, երբ չի մոռնար արարքը, բայց երբեք ոխակալ եւ վրէժխնդիր չ՚ըլլար։
Դժուա՛ր է, այո՛, բայց հմտութիւնը դժուարութիւնները յաղթահարելով ձեռք չի՞ ձգուիր։ Հմուտ մարդը, արդարեւ, դժուարութիւններու եւ նոյնիսկ անկարելի նկատ-ւածներու արդար եւ գործադրելի լուծումներ գտնողը չէ՞։ Հմուտ մարդը՝ թէեւ անթերի չէ, բայց մեծ մասամբ կատարեալ է։
Արարքը չմոռնալ մարդուս փորձառութիւն կու տայ։ Նաեւ՝ չմոռնալ, պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ զգոյշ ըլլայ անակնկալներու եւ մանաւանդ վատ արարքներու դէմ. կը զօրացնէ, վստահութիւն կը ներշնչէ… եւ որքա՜ն վեհութիւն է՝ ներել, չմոռնալ եւ միանգամայն անոխակալ ըլլալ եւ վրէժխնդիր չըլլալ։
Մարդիկ, չըսելու համար միշտ, ընդհանրապէս իրենց շահը եւ իրաւունքները կը տեսնեն եւ կը հետապնդեն։ Իրենք զիրենք երբեք դիմացինին նժարին մէջ չեն դներ, ուրիշին կշիռով կշռուիլ եւ ուրիշին չափով չափուիլ չեն ուզեր։ Չեն ուզեր համակրական հասկացողութեամբ մօտենալ իրենց նմաններուն։ Իրենց աչքերուն գերանները շիւղի կը վերածեն եւ ուրիշներուն շիւղերը՝ գերաններու։
Եւ մարդիկ չեն ուզեր տեսնել եւ ծանօթանալ՝ դէմ յանդիման գալ իրենց յանցանքներուն, թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն հետ։
Մարդիկ իրենց ստացած եւ վայելած բաներուն, բարիք եւ գեղեցկութիւններուն համար պարտական են իրենց Արարիչ եւ Նախախնամին՝ Աստուծոյ։ Երբ չեն կրնար իրենց պարտքը կատարել՝ Աստուած մի՛շտ ներողամիտ է եւ կը ներէ։ Բայց եւ ընդհանրապէս մարդիկ իրարու հանդէպ անգութ եւ աններո՛ղ են։ Ներողամտութիւնը կարծես բացառութիւն մըն է եւ էականը՝ աններո՛ղ ըլլալը։ Մարդիկ, ընդհանրապէս, կը ջանան զիրար վիրաւորել, վարկաբեկել, ատել խօսքով եւ գործով։ Սէրը բոլորովին կորսուած կ՚երեւի մարդոց մէջ եւ տեղ գրաւած է նախանձը եւ ատելութիւնը։ Արդարեւ սիրելու համար նա՛խ պէտք է իրար ճանչնան, ծանօթանան եւ յետոյ պէտք է իրար հաս-կընան։ Ներելու համար ալ պէտք է յանցանքը գիտնալ եւ յանցաւորը հասկնալ, բայց մարդիկ ասիկա չեն կատարեր՝ առանց հասկնալու կը մեղադրեն եւ անշուշտ չեն ներեր։
Արդարեւ, իրար հասկնալու համար պէ՛տք է իրար ճանչնալ. ճանչնալ՝ ո՛չ միայն արտաքինով, այլ՝ ներքնապէս։ Դիմացինին անունը գիտնալ, դիրքին մասին տեղեկութիւն ունենալ՝ երբեք անիկա ճանչնալ չի նշանակեր։ Պէ՛տք է սիրտը ճանչնալ, սրտին թափանցել, որովհետեւ հո՛ն է բուն մարդը՝ ինք ամբողջ էութեամբ։
Սիրով լեցուն սիրտեր միա՛յն կրնան ներել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 20, 2023, Իսթանպուլ