ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ

Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վերաբերեալ ճակատագրական իրադարձութիւնները կը շարունակեն տագնապեցնել հայ իրականութիւնը։ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ՝ մասնաւորապէս «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալման պայմանագրի չեղարկումէն վերջ։ Թէեւ Սուրբ Քաղաքի հոգեւոր առաջնորդները համատեղ յայտարարութեամբ մը զօրակցութիւն յայտնած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, սակայն, սա բաւարար չէ տեսանելի ապագային շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար։

Բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կը հետեւին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան իրադարձութիւններուն, համոզուած են, թէ Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ պէտք է յստակ աջակցութիւն ցուցաբերել այս բարդ շրջանին։ Միեւնոյն ժամանակ, իրատեսութեամբ պէտք է առաջնորդուիլ առկայ փակուղիէն դուրս գալու համար։ Իրատեսութիւնը կ՚ենթադրէ նախ եւ առաջ հրապարակայնացնել առարկայական բոլոր տուեալները։ Հայաշխարհի համատարած զգայնութենէն սկսեալ, մինչեւ հոգեւոր առաջնորդներու համատեղ զօրակցական յայտարարութիւնը, այս բոլոր գործօնները պէտք է յստակ ռազմավարութիւնով մը օգտագործուին։ Սաղիմահայութիւնն ալ այս շրջանին ոտքի կանգնած է աննախընթաց միասնականութեամբ, սակայն, բոլորին ծանօթ է, որ անոր ներուժը բաւական սահմանափակ է եւ պէտք է շատ խնայողութեամբ օգտագործուին՝ այս բարդ տագնապի յաղթահարման ճանապարհին։ «Կովերու պարտէզ»ի եւ ընդհանրապէս հայկական թաղամասին մէջ՝ մանաւանդ սաղիմահայ երիտասարդներ ներկայիս կ՚արտայայտեն իրենց վճռակամութիւնը, նոյնիսկ ատեն-ատեն դէմ յանդիման մնալով իրաւապահ մարմիններուն հետ։

Այս բոլորի լոյսին տակ, բանիմաց շրջանակները առանձնապէս կը կարեւորեն խնդրի իրաւական եւ օրինական ծալքերը եւ հակուած են առաջին հերթին հետեւելու իրաւապահներու շրջահայեաց խորհուրդներուն։ Այս ամբողջին մէջ ներկայիս խնդրին հետամուտ շրջանակները անհրաժեշտ կը նկատեն, որ անցեալի մէջ կնքուած եւ վերջերս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ չեղարկուած վարձակալութեան համաձայնագիրը հրապարակուի։ Արդարեւ, այդ փաստաթուղթը հանրային կարծիքի սեփականութիւնը պէտք է դառնայ, որպէսզի այդ հիման վրայ հնարաւոր ըլլայ հետեւութիւններ ընել, թէ օրինական-իրաւական ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան Սուրբ Աթոռի գերակայ իրաւունքներուն հետամուտ ըլլալու համար եւ ի՞նչ գործօններ այս փուլին այդ պայքարը կրնան խոչընդոտել կամ դժուարացնել՝ չեղարկեալ պայմանագիրով վարձակալին վերապահուած իրաւունքներուն տեսակէտէ։

Հայ Երուսաղէմի խնդիրները, ըստ երեւոյթին, տեսանելի ապագային առաջնահերթօրէն պիտի զբաղեցնեն հայկական հանրային կարծիքը, իսկ Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ պատերազմը, անտարակոյս, դրական գործօն մը չի համարուիր այս ամբողջին մէջ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023