ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԱՍԻՆ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ԼՈՒՐԵՐ ԵՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Սապահ» օրաթերթի առցանց տարբերակին մէջ երէկ արձագանգ գտան՝ Գատըգիւղի ընտանիքին իսկապէս մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն պատճառած՝ շուրջ մէկուկէս տարուան վաղեմութեամբ իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պարագային խնդրոյ առարկայ դարձած է դրամաշորթութիւն մը, որ թէ՛ թաղեցիներուն եւ թէ համայնքային շրջանակներուն արդէն ծանօթ էր, սակայն մամուլին մէջ արձագանգ չէր գտած։ Այսպէս, նախկին թաղականներէն Արման Թովմաս Հ. (48) եկեղեցապատկան կալուած մը վարձած է զբօսաշրջութեան ընկերութեան մը սեփականատէր Սալիմ Ա.-ին (47)։ Վարձակալութեան փոխարժէքը կազմած է 9 հարիւր 9 հազար լիրա։ Վարձակալը այդ փոխարժէքը թաղային խորհուրդի դրամատան հաշիւին փոխանցելու փոխարէն՝ մաս առ մաս փոխանցած է խնդրոյ առարկայ թաղականի հաշուեհամարին։ Երբ առաջին դէպքը պարզուած է, խնդրոյ առարկայ թաղականը գումարը վերադարձուցած է վարձակալին, սակայն 2 հարիւր 39 հազար լիրան մնացած է իր հաշուեհամարին մէջ։ Թաղային խորհուրդը վարձակալը կալուածէն դատարանի միջոցաւ դուրս դրած է՝ վարձքը վճարած չըլլալու բերումով։ Երէկ մամուլին կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, խնդրոյ առարկայ թաղականը օգտագործած է ժամկէտանց փոխանորդագիր մը եւ կեղծ փաստաթուղթեր։ Այդ թաղականը ընթացքին պարտաւորուած է իր պաշտօնէն հրաժարելու։ Թաղային խորհուրդը անմիջապէս խնդիրը պատկան մարմիններու նկատառման յանձնած է եւ անոնք ալ ձեռնարկած են հարցաքննութեան։ Այժմ պաշտօնի չարաշահման եւ պաշտօնական փաստաթուղթեր կերծելու մեղադրանքով դատ մը բացուած է՝ մինչեւ տասն տարի բանտարկութեան պահանջով։
Շուրջ ամիս մը առաջ դատախազութիւնը հետա-քըննութիւնը աւարտելով դատ բացած է եւ այս փուլէն սկսեալ այս թղթածրարին տուեալները հրապարակայնացած են, ինչ որ հարցը հասանելի դարձուցած է նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։
Գատըգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի շրջանակները կը նշեն, որ այսպէսով հարցը հանրային կարծիքի սեփականութիւնը դարձած է։ Թաղականները ստեղծուած իրավիճակին մէջ անմիջապէս ձեռնարկած են հանրային կարծիքը լուսաբանելու գործին։
*
Ծ.Խ.- Գատըգիւղի ընտանիքին եւ ամբողջ համայնքին տեսակէտէ կարեւոր այս հարցին պարագային հիմնական առաւելութիւնը այն է, որ նոյն կորիզով թաղային խորհուրդը վերջին ընտրութիւններուն վերընտրուած է եւ այդ ժողովրդական աջակցութիւնը անոր բաւարար ներուժ կը վերագրէ այս հարցի օրինական լուծման հետամուտ ըլլալու եւ կորուստները հատուցելու տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, քննադատելի է, որ թաղային խորհուրդը օրին հանրային կարծիքը լուսաբանելու կարիք չէ զգացած։ Արդարեւ, որեւէ վարչական խորհուրդի մէջ ընտրեալ վարչայինի մը հրաժարականէն պէտք է տեղեակ պահուի համայնքը։
Եթէ այդ ժամանակ աւելի արհեստավարժ մօտեցում մը ցուցաբերուէր այս խնդրին նկատմամբ, ապա համայնքը այս փուլին տեղական մամուլէն վերահասու պիտի չդառնար հարցին եւ այժմու թաղային խորհուրդն ալ պիտի չպարտաւորուէր բռնկիլ՝ ոչ-համայնքային աղբիւրի մը մէջ արձագանգ գտած տեղեկութիւնները յաչս համայնքին պարզաբանելու եւ այդ կապակցութեամբ իր դիրքորոշումը արդարացնելու կապակցութեամբ։