ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու կազմի սիւներէն՝ Նուարդ Պարընը, Նատին Վանլըօղլու-Թաշն ու Սարվէն Սըրատաղը։ Նկատի ունենալով, որ այս կիրակի Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է՝ թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, խմբագրատունս այցելեցին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ հանրային կարծիքը լուսաբանելու նպատակով։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, որ այս տարի 203-րդ անգամ բացած է իր դռները, ունի շուրջ 9 միլիոն լիրայի պիւտճէի բաց մը։ Շաբաթավերջին, նախ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ առաւօտ տեղի պիտի ունենան տօնախմբութիւններ, իսկ օր մը վերջ՝ կիրակի, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները նախատեսուած են Գումգաբուի մէջ։
Երէկուան զրոյցի ընթացքին թաղականները տեղեկացուցին, որ դպրոցը այս տարի 87 աշակերտ ունի։ Տղաքը եօթ մասնաւոր փոխադրամիջոցով ամէն օր դպրոց կ՚առաջնորդուին՝ քաղաքիս զանազան հեռու թաղերէն։ Թաղային խորհուրդի ներկայ կազմը հազիւ տարիէ մը ի վեր գործի գլուխ է եւ այս ժամանակաշրջանին փորձած է ընել առաւելագոյնը։ Վարժարանի շէնքի ֆիզիքական պայմանները կատարելագործուած են եւ թեքնիք ենթակառուցուածքներու առումով նոր հնարաւորութիւններով օժտուած է դպրոցը։ Համացանցային բոլոր միջոցներէն օգտուելու կարելիութիւնը ստեղծուած է աշակերտներուն համար։ Այս առումով դրական համագործակցութիւն ալ մշակուած է «Բարեկամ» խմբակին հետ։ Դպրոցէն ներս նոր առարկաներ կը դասաւանդուին, նաեւ առանձնապէս ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի կրթական մշակներու զանազան հարթակներու վրայ եւ զանազան ուղղութիւններով վերապատրաստութեան նկատմամբ։ Վերջին շուրջ մէկ տարուան ընթացքին ուսուցչական կազմի 20 տոկոսը փոխարինուած է աւելի երիտասարդ ու աւելի խոր մասնագիտութեամբ դէմքերով։ Բացի ընթացիկ դասաւանդութիւններէն, աշակերտները կարելիութիւն կ՚ունենան ընկերային, գեղարուեստական եւ մշակութային ծրագիրներու հետեւելու։
Երէկուան զրոյցին ընթացքին թաղականները բացատրեցին, որ իրենք հակուած չեն տարեկան նուիրահաւաքման արշաւին՝ սիրոյ սեղանին արդիւնքը մէկ օրով չափելու։ Արդարեւ, անոնք կ՚առաջնորդուին այն սկզբունքով, թէ որքան ատեն, որ մեր վարժարանները կը գործեն, այնքան ատեն մեր համայնքը կրնայ յարատեւել։ Այս իրողութեան մեկնակէտով Թոփգաբուի ընտանիքը կը ջանայ կայուն պահել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երթը։ Արդէն ծանօթ է, որ դպրոցի աշակերտները կը հանդիսանան՝ մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակները, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դպրոցը աւարտելէ վերջ կը յաճախէ համայնքային լիսէ մը։ Դժբախտաբար, այդ ընտանիքները ի վիճակի չեն դպրոցի գանձանակին մէջ իրենց լուման դնելու, ուստի, Թոփգաբուի ընտանիքը տարիներէ ի վեր յամառ պայքար կը մղէ՝ այս կրթօճախը պատնէշի վրայ պահելու առաջադրութեամբ։ Թաղականները յայտնեցին, որ պիւտճէի բացի առիւծի բաժինը կը յառաջանայ՝ փոխադրամիջոցներու ծախսերէն, ամսաթոշակներէն եւ տուրքերէն։ Թաղային խորհուրդը դպրոցին համար նուիրաբերուած իւրաքանչիւր լուման կը յատկացնէ աշակերտներու ուսման նպատակին։ Թոփգաբուի պարագային ամէն ինչ շատ թափանցիկ է։ Միջոցները թէեւ սուղ են, սակայն կ՚օգտագործուին այն մօտեցումով, թէ դպրոցը տղոց երկրորդ տունն է, կրթական մշակները անոնց երկրորդ ծնողներն են եւ թէ՛ շէնքի եւ թէ մնացեալ պայմանները պէտք է ըլլան համապատասխան։
Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարագային նուիրատուութիւնները առաւել չափով կը կատարուին անհատ բարերարներու եւ համակիրներու կողմէ։ Թաղային խորհուրդը այսպէսով շօշափելիօրէն կը զգայ, թէ համայնքը այս դպրոցի կողքին է ու տէր կը կանգնի անոր։ Դժբախտաբար, ունեւոր հաստատութիւնները բաւական ժլատ կը վարուին Թոփգաբուի ընտանիքին նկատմամբ եւ լուրջ ներդրում մը չեն ունենար տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռման ճանապարհին։ Մինչդեռ, թաղային խորհուրդի ակնկալութիւնն է, թէ համայնքի միջոցները իրերանման առաքելութեամբ հաստատութիւններու համար բաժնուին հաւասար եւ արդար։ Մասնաւորապէս նորընտիր թաղականները, այս բոլորի լոյսին տակ անդրադարձած են, որ պէտք է աւելի շատ պատմել դպրոցին մասին եւ պէտք է աւելի շատ ծանօթացնել զայն։ Արդարեւ, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին սիրտը կը տրոփէ եւ ան կենդանի է, կենսունակ մարմին մը։ Թոփգաբուի ընտանիքէն ներս ներքին համերաշխութեան այնպիսի մթնոլորտ մը կը տիրէ, որ բոլորը իրենց ունեցածը բաժնելու պատրաստակամութեան մէջ են եւ այս երեւոյթը վարժարանի արժանացած զօրակցութեան թթխմորը կը հանդիսանայ։
Թաղականները երէկ տեղեկացուցին նաեւ, որ համավարակի շրջանին ստիպողաբար ջնջուած դպրոցի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելեանը յառաջիկային պիտի ջանան առաջին պատեհ առիթով նշել։
Կիրակի օրուան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Թոփգաբուի ընտանիքը կրկնեց համայնքին ուղղեալ իր կոչը, որպէսզի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դառնայ եւ կարենայ գոյատեւել՝ որպէս պոլսահայ կրթական համակարգի ուրոյն օղակներէն մին։