ՔԵՍԱՊԻ ՎԷՐՔԵՐԸ՝ ԱՆՄՈՌԱՑ

Քեսապէն Ստեփան Ճ. Աբէլեան ընկերային ցանցերու վրայ մեծ ուշադրութիւն գրաւեց՝ «Ինը տարի անց…» վերնագրեալ գրառումով։ Ան կը պատմէր Սուրիոյ պատերազմի ամենաթէժ փուլերէն մէկուն՝ հայաբնակ Քեսապ աւանին մէջ պատահած տխուր դէպքերուն մասին։

Բոլորը կը յիշեն, թէ ի՛նչ կատարուած էր Քեսապի մէջ. անողոք ու ցաւալի դրուագ մը՝ Սուրիոյ արիւնալի համայնապատկերին վրայ՝ մինչ երկիրը ցայսօր չէ ձերբազատուած այդ տուայտանքներէն։

Տխուր է, որ Քեսապը շատ բան կորսնցուց իր հմայքէն եւ այս բանով չ՚աւարտիր այն ոդիսականներուն շարանը, որ կը խոչընդոտէ անոր գոյութենական բնական աճը։ Քեսապի մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցան, վարձկան զինեալները հեռացան, պղծուած եկեղեցիները վերանորոգուեցան, բայց եւ այնպէս, դէպքերուն հետեւանքով իրենց պապենական օճախը լքած հայորդիներէն շատերը չվերադարձան։

Հոգեւոր թէ աշխարհիկ մարմիններ ճիգ ու ջանք չեն խնայեր գիւղի վերականգնման համար, անոնց պատասխանատուները ոգի ի բռին կ՚աշխատին, բայց ամէն բան առաջուան պէս չէ Քեսապի մէջ։ Սա, ըստ էութեան, գիւղի երիտասարդ տարրի նօսրացումն է, ինչ որ ամենամտահոգիչը կը համարուի։

Արտագաղթի հարցը նոր չէ ու միայն Քեսապին չի վերաբերիր, բայց եւ այնպէս, Քեսապի նման փոքր աւանի մը պարագային ստեղծուած պատկերը եւ անոր երանգները ցոյց կու տան տագնապի խորունկ արմատները։ Գլխաւորը գիւղը հայաբնակ պահելն ու աճեցնելու գրաւականն է։

Այս բոլորէն անդին ուսուցանելի են Ստեփան Աբէլեանի տողերը՝ Քեսապի առկայ օրհասին մասին, տագնապին ու ցաւին մասին կ՚արժէ հաղորդ դառնալ իր գրածին։

*

Պիտի չմոռնանք եւ անոնք, որոնք կ՚ուզեն մոռնալ թող ներեն մեզ։

Ինը տարիներ առաջ, ճիշդ այս ժամերուն ամբողջ ժողովուրդ մը Քեսապ-Լաթաքիա ճամբուն վրայ՝ շշմած, շուարած, հիասթափուած, գրեթէ անխօս զիրար կը դիտէին հարցականով։ Ինքնաշարժներ, փոքր կառքեր, բեռնատար մեծ կառքեր՝ խճողուած ընտանիքներով, աչքերնին ետին նայելով ակամայ կը յառաջանային՝ փնտռելով հարազատներ, ազգականներ եւ բարեկամներ կարաւանին մէջ։ Ներկայութիւն ստուգելով, երբեմն առանց պատասխան ստանալու, մտահոգ, վարանոտ, դանդաղօրէն կը յառաջանային: Սիրելի Քեսապը եւ իր գիւղերը, ժողովուրդին տաքուկ բնակարանները կ՚ենթարկուէին վայրագ ռմբակոծումի, հրացանաձգութեան եւ անողորմ յարձակումի։

Վէրքեր կը բացուէին, վիրահատութեան կ՚ենթարկուէր ժողովուրդը առանց թմրեցուցիչի… Սուրիական դատարանները անձնական սեփականութիւնը եւ անձին հոգին համարժէք կը նկատեն։ Հետեւաբար, ժողովուրդը բաց վէրքեր կը ստանար… Ինչքերը, տարիներու աշխատանքի արգասիքը, հոգին մարմնէն զատուելու պէս կորուստի կ՚ենթարկուէին, ցաւ, անբացատրելի ցաւ կը պատճառէին այդ վէրքերը:

Վէրքեր կան, որոնք կը դարմանուին ու կը բուժուին առանց իսկ հետքեր թողելու։ Վէրքեր կան, որոնք կը բուժուին, բայց ակնյայտ սպիներ կը թողուն, իսկ կան նաեւ վէրքեր, որոնք անդարմանելի են, անբուժելի, ենթական ցմահ կը կրէ զանոնք։ Վէրքը երբեմն կը հանդարտի, կը մեղմանայ՝ այն զգացումը տալով, որ բուժումի մօտ է: Յանկարծ կը կարմրի, կը բորբոքի, կ՚արիւնի, կը կոտտայ, նոյնիսկ կրնայ ջերմութիւն յառաջացնել եւ ահա ենթական կը կորսնցնէ իր անդորրութիւնը, կը մտահոգուի եւ ցաւի մէջ է վէրքը ստացած օրուան նման… Քեսապցիին եւ Քեսապին վէրքերը այս վերջին տեսակին նման են՝ անբուժելի վէրքեր։ Բոլորս յօժար ենք տգեղ սպիներ կրել մեր մարմիններուն վրայ, բայց գէթ վէրքը բուժուի։ Բայց ի զուր այս վէրքը պիտի կրենք մինչեւ մահ։ Կան մարդիկ, որոնք անհրաժեշտ դիմադրականութիւնը չունին, հետեւաբար չեն կրնար կենակցիլ վէրքին հետ։ Եղան այդպիսիներ եւ այս դաժան վէրքը տարաւ ենթական։ Կան ուրիշներ, որոնք վէրքերը կ՚ուզեն բանալ, որպէսզի զովանան, ոմանք կը ծածկեն՝ խորհելով, որ այլք ինչ գործ ունին իրենց վէրքերուն հետ: Բնաւ չմեղադրենք վիրաւորները, յարգանք իրենց անձին: Չէ՞ որ, ամէն մարդ նոյնը չէ, Աստուած մեզ իւրայատուկ ստեղծած է: Հետեւաբար, հանդուրժողութիւնն ալ իւրայատուկ է ամէն անհատի: Այս որպէս հաւաքական ցաւ, հոգեկան վէրք,  խոր վէրքեր՝ պիտի տանինք հաւաքաբար։

Իսկ կան նաեւ բարոյական վէրքեր, ընկերային վէրքեր, տնտեսական վէրքեր, որոնք բնաւ հոգեկանին չեն նմանիր։ Ինչ որ անդարմանելի է՝ կամայ թէ ակամայ, ընդունինք կամ ո՛չ, անոնք հոն են, գիշեր ու ցերեկ մեզ կ՚անհանգստացնեն, մղձաւանջներ կը պատճառեն եւ մենք դարման չունինք: Իսկ միւս վէրքերը մեր աննկուն կամքէն կախեալ են: Եթէ ուզենք մեր բարոյական վէրքերը բաց պահել, մեր ընկերային վէրքերը խորացնել, տնտեսական վէրքերը ուրիշի խնամքին յանձնել, ապա պիտի մնան վէրքեր, արիւնահոսող վէրքեր, ցաւող վէրքեր, բորբոքող վէրքեր, ինչ որ մեր ազգային նկարագրին խոտոր է։ Մենք բարոյական բծախնդրութեամբ ազգ ենք, պիտի չյօժարինք այդ վէրքը բաց պահել, անպայման դարմանը պէտք է փնտռենք ու եթէ պէտք է` հաւաքաբար։ Եթէ հարկ է, երբեմն ճնշելով, պարտադրելով, նոյնիսկ ուժի դիմելով, որովհետեւ այս մարզը կը վնասէ մեր ազգային հաւաքական շահերուն եւ վարկին: Մենք չենք կրնար հանդուրժել՝ պատերազմի հետեւանքով բարոյական անկումի վէրքին պատրուակով: Մենք չենք կրնար ընկերային մարզի մէջ բացուած վէրքերը բաց պահել եւ կամ արիւնահոսող վէրքի վերածել: Մեր փոքր ածուն չի կրնար այդպիսի անկումներ հանդուրժել: Մեր մշակոյթի դիմագիծը անարատ պէտք է պահենք ի հեճուկս առկայ անողոք պատերազմին։ Մեր հաւատքի օճախները, մեր եկեղեցական կեանքը, ծանր վէրքեր կրեցին, բայց ժողովուրդը հարկ է դարմանէ այդ վէրքերը անյապաղ:

Մեր տնտեսական վէրքերը անբացատրելիօրէն ծանր էին, նոյնիսկ կրնանք ըսել՝ անդամահատուած էր ժողովուրդին այս մարզը: Այս վէրքը խիստ վտանգաւոր եւ մահացու է ու ճիշդ անոր համար մարդիկ նախ եւ առաջ այդ վէրքը ամէն գնով գոցելու, դարմանելու եւ անոր հետեւանքները կանխելու կը փութան: Հոս է վտանգը՝ մանաւանդ երբ նպատակիդ հասնելու համար կը դիմես ամէն միջոցի, արագ դարմանելու, կորսուածը շուտով վերագտնելու եւ այդ վազքին մէջ կը զոհուին բարոյականը, ընկերայինը, մշակութայինը, հաւատքը… ու շարքը երկար է այս վտանգաւոր վէրքին պատճառած բարդութիւններուն։ Քեսապցին պահելու է իր վեհանձնութիւնը, մեր նախնիք տառապած են, բայց աշխատանքով յաղթահարած: Ուրիշին ինչքը մեզ չեն կրնար հարստացնել, մեր արդար աշխատանքը միայն կրնայ մեր վէրքը բուժել: Չենք կրնար վստահիլ օժանդակութիւններու, այդ հարկաւոր է գէթ ֆիզիքական գոյատեւման համար, բայց վէրք չի բուժեր: Շատ լաւ հասկնալի է, որ վիրաւորը արագ դարմանում կ՚ուզէ, բայց կարելի չէ նոր վէրքեր բանալ՝ բացուած վէրք մը բուժելու համար:

Շատ ժողովուրդներ պատերազմներու կ՚ենթարկուին եւ անոր հետեւանքները անծանօթ չեն: Մենք՝ կարծես ազգովին այս անողոք ճակատագրին ենթակայ ենք, բայց այդ ալ մեզի սորվեցուցած է աննկուն կամք ունենալ, չընկրկիլ աշխատանքին եւ յոգնութեան բեռին տակ:

Պատահածը եւ ժամացոյցի սլաքները կարելի չէ ետ դարձնել։ Ճաբոնցիք մեզ նման շատ պատուհասներ կրած են եւ սորված են մոխիրէն ոտքի ելլել եւ նո՛ր աւելի լաւը կառուցել։ Անոնք միշտ կ՚ըսեն, որ պատուհասները՝ մանաւանդ տնտեսական կորուստները առիթ են մտածելու ընթացիկէն դուրս գալու համար, մտածելու՝ նորին մասին, արձակուրդ է, նոր կորով հաւաքելու:

Սիրելի համագիւղացի՛ք, եղբայրաբար կու գամ խնդրել՝ մէկը միւսին վէրքը խորացնել չփորձէ, ամէն մարդ իր տեսակաւոր վէրքերը ունի, բաւ է իրեն իր ցաւը. աշխատինք թեթեւցնել եւ ոչ հակառակը: Մեր վէրքերուն բուժումը ուրիշին վէրքը խորացնելու մէջ չփնտռենք, մեր ցաւերը թեթեւցնելու սիրոյն ազգին ցաւեր չպատճառենք, մեր ընկերային կառոյցը եւ վարկը բարձր պահենք, մեր բորբոքած վէրքերը ամոքելու համար մեր հաւատքը, բարոյականը չզոհենք։ Այս ձախորդ օրերը անպայման պիտի անցնին. համբերենք:

Մենք անպայման անդարմանելի հոգեկան վէրքեր պիտի կրենք մեր բոլոր կեանքի ընթացքին՝ միայն թէ ջանանք զիրար մխիթարելով մեր վէրքերուն հով տալ՝ զովացնելու անդարմանելին, որովհետեւ բոլորս անխտիր վիրաւոր ենք։

Քեսապի կարօտով եւ խոր ու անդարմանելի վէրքերով վիրաւոր…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023