ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ռաշիտը, որ երէկ երեկոյեան հասաւ Երեւան։ Ռաշիտ ձեռնարկած է տարածաշրջանային ուղեւորութեան մը, որու ծիրէն ներս պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Այս առաւօտ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական արարողութեամբ դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Պետական արարողակարգով, զինուորական շքերթով Ռաշիտը դիմաւորելէ վերջ, Խաչատուրեան առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ անոր հետ։
Երեւան-Պաղտատ առանցքին վրայ այս շրջանին լուրջ աշխուժութիւն կը նկատուի՝ բարձր մակարդակի շփումներով։ Այս բոլորը կը բնորոշուի տարածաշրջանի նոր համայնապատկերին վրայ, ուր համագործակցութեան նոր առանցքներ կը ձեւաւորուին։
Ռաշիտ, որ այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, օրուան տեւողութեան կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։