ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գալֆայեան տան խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայտանէ Տուլքատիրեան։

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, դեկտեմբերի 10-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան սիրոյ սեղանը, ուստի խնամակալները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելեցին՝ եկեղեցական ու աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահելու խնդրանքով։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին վարժարանի ի նպաստ կատարուած աշխատանքներուն առընչութեամբ։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց համար։ Ան ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց խնամակալներու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2023