ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔ…
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան յայտարարեց, որ ոչ-իսլամ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութեան կանոնադրութեան թողարկման համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք։
Ծանօթ է, որ վերջին շրջաններուն Թորոս Ալճանի գրասենեակը կարգ մը հաղորդագրութիւններ հրապարակեց փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան հարցին շուրջ։ Պատկան իշխանութիւններուն կողմէ ընտրական նոր կանոնադրութեան մը պատրաստութեան մթնոլորտին մէջ առկախուած են համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւնները։ Այս հարցը ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու բոլոր համայնքներու կեանքէն ներս արտասովոր ու խնդրայարոյց կացութիւն մը յառաջացուցած է՝ նկատի ունենալով, որ սպասման շրջանը արդէն բաւականաչափ գերազանցած է տրամաբանութեան սահմանները։ Այս պայմաններուն ներքեւ Թորոս Ալճանի գրասենեակը վերջերս տեղեկացուցած էր, որ փոքրամասնութիւններու գլխաւոր աշխարհական վարիչները միաձայնութեամբ ճանապարհային քարտէս մը որդեգրած են՝ այս խնդրի լուծման հասնելու համար։ Ակնյայտ է, որ յառաջիկայ շրջանին թափ պիտի ստանան համապատասխան համատեղ ջանքերը, յաղթահարելու համար ընտրութեան հիմնախնդիրը։ Մենք ալ փափաքեցանք այդ որդեգրուած ճանապարհային քարտէսի մանրամասնութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններ ստանալ Թորոս Ալճանէն, որ այս կապակցութեամբ յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։ Ան մեզի փոխանցեց շահեկան բացատրութիւններ, ըստ որոնց յառաջիկայ շրջանին փոքրամասնական համայնքները նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գան պետական աւագանիին մօտ։
Թորոս Ալճան մեզի յայտնեց, որ ընտրական կանոնադրութեան հարցին հետամուտ են ինն ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներ։ Ճիշդ է, որ բոլոր համայնքները առանձին-առանձին հարցականներ ունին այս կապակցութեամբ, սակայն ընդհանրապէս ընտրութիւնը հասարակաց խնդիր մը կը նկատուի անոնց համար։ Թորոս Ալճան դիտել տուաւ, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ փոքրամասնական համայնքներու իրաւաբաններուն հետ խորհրդակցութիւն մը կազմակերպած էր՝ թեքնիկ իմաստով առաւելագոյն իրազեկման հասած ըլլալու համար։ «Ընտրական խնդիրը գործընթաց մըն է, որ կը շարունակուի։ Միեւնոյն ժամանակ, օրակարգի վրայ կու գան քննադատութիւններ, թէ փոքրամասնական համայնքները չեն կրնար համաձայնութեան մը հասնիլ իրարու միջեւ։ Արդէն երկուքուկէս տարիէ ի վեր այս խնդիրը գոյութիւն ունի եւ անորոշութիւնն ալ կը մնայ ի զօրու։ Առկայ մթնոլորտին մէջ մարդիկ կը փորձեն այլընտրանքներ արտադրել։ Ոմանք կը մտածեն դատ բանալու մասին, ուրիշներ կողմնակից են սպասելու, ոմանք հին դրութիւնով ընտրութիւն ընել կ՚ուզեն, եւայլն», ըսաւ Թորոս Ալճան եւ ընդգծեց, թէ իրենք այս կացութենէն դուրս գալու համար հանգրուանային լուծման ճանապարհ մը որդեգրած են։ Իրաւաբաններու կողմէ տրուած խորհուրդներու լոյսին տակ վաքըֆներու վարչական պատասխանատուները բոլոր վարկածները դրած են սեղանի վրայ։ Թորոս Ալճան այս ամբողջ աշխատանքները յառաջ կը տանի՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ շփում պահելով։ Անոր հետ կատարուած համակարգումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ Ատնան Էրթէմ շատ դրական վերաբերմունք ունի այս նիւթին շուրջ եւ յաճախ միջամտութիւններ կը կատարէ, քայլեր կ՚առնէ ի նպաստ փոքրամասնական համայնքներուն։ Ուստի, ինչպէս իրաւաբաններուն, այնպէս ալ աշխարհական ղեկավարներուն հետ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն շուրջ Թորոս Ալճան տեղեակ պահած է ընդհանուր տնօրէնը։
«Կանոնադրութեան թողարկման համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք», ըսաւ Թորոս Ալճան եւ աւելցուց, թէ Ատնան Էրթէմ երեք տարբեր նախագիծ պատրաստելով արդէն յանձնած է պետական աւագանիի բարձրաստիճան դէմքերուն։ Նկատի ունենալով, որ անոնք տակաւին նախագիծեր են, Ալճան հնարաւորութիւն չէ ունեցած տեսնելու այդ բոլորը, սակայն չի կասկածիր, որ պետութեան քաղաքականութիւններու շրջագծին մէջ գտնուած է յարմարագոյն լուծումը։ «Մեր տեսանկիւնէն յուսադրիչ է եւ մեզի լաւատեսութեան կը մղէ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ կատարուած շեշտադրումը՝ առաջին դասակարգի համահաւասար քաղաքացիութեան մասին», ըսաւ Թորոս Ալճան։ Իր բացատրութիւններուն մէջ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչը կանգ առաւ նաեւ ուրիշ կարեւոր հանգամանքի մը վրայ։ Արդարեւ, այսօրուան դրութեամբ իւրաքանչիւր փոքրամասնական համայնք ունի գոյատեւման տարբեր ռազմավարութիւն մը։ Հետեւաբար, ընտրութեան խնդիրը պէտք է լուծուի այդ ռազմավարութիւններու հասարակաց կէտին վրայ։ Ընտրութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի բոլոր համայնքներուն համար։ «Ընտրութիւնները պէտք է կատարուին փութով։ Փոքրամասնական համայնքները համբերատար ուղղութեան մը կը հետեւին, սակայն գոնէ յայտնի պէտք է ըլլայ ճանապարհային քարտէս մը», ըսաւ Թորոս Ալճան եւ ընդգծեց, թէ բոլոր համայնքներու ընտրութեան համար հասարակաց կանոնադրութեան մը անհրաժեշտութիւնը չկայ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնները։ Կանոնադրութիւնը պէտք է ճկուն լուծում մը բերէ առկայ խնդրին։ «Հայ համայնքը շրջանային ընտրութեան մը դրութեան կողմնակից է։ Յոյն համայնքը շարք մը հաստատութիւններու համար հասարակաց ղեկավարման դրութեան հաստատման կը ձգտի՝ սահմանափակ մարդուժի խնդրին հետեւանքով։ Այսինքն, այդ բոլոր հնարաւորութիւնները, վարկածները առանց սահմանափակելու կարելի է ճկուն կանոնադրութիւն մը ունենալ։ Մենք Ատնան Էրթէմի հետ ունեցած մեր շփումներուն բերումով գիտենք, որ այս ուղղութեամբ պատկան մարմիններուն կողմէ գոյութիւն ունի բարեացակամ վերաբերմունք։ Հետեւաբար, փափաքեցանք նաեւ, որ խորհրդակցական միջավայր մը ստեղծուի վերջնական որոշումներէ առաջ։ Իրաւաբաններու կողմէ փոխանցուած թեքնիկ մանրամասնութիւնները բաժնեցինք աշխարհական ղեկավարներուն հետ, որովհետեւ վերջնական խօսքը անոնց կը վիճակի։ Փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը իրականութեան մէջ շատ պարզ նիւթ մըն է, սակայն ունի կշիռ մը եւ զանազան ցոլացումներ», դիտել տուաւ Թորոս Ալճան եւ տեղեկացուց, թէ փոքրամասնական համայնքները յառաջիկայ շրջանին պիտի պատրաստեն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին ուղղեալ նամակներ։ Այս նամակները մինչեւ Սեպտեմբեր պատրաստուած պիտի ըլլան եւ փոքրամասնութիւններու կողմէ չորս-հինգ հոգինոց պատուիրակութիւն մը զանոնք պիտի յանձնէ նախագահին ու վարչապետին։ Սա որդեգրուած ճանապարհային քարտէսի առաջին հանգրուանն է եւ Թորոս Ալճան կը յուսայ, թէ միւս հանգրուանները կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը արդէն չի ստեղծուիր։
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024