ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Զ.)
ԿՈՂԱԿԻՑՆ ՈՒ ԾՆՈՂՔԸ
Ներկայ աշխարհը որքան ալ «ազատութիւն» քարոզէ եւ փորձէ համոզել, թէ իւրաքանչիւր մարդ ազատ է իր որոշումները առնելու մէջ, անուրանալի է ընտանիքի անդամներուն դերը կողակիցի ընտրութեան մէջ, ինչ որ շատ անգամ կը փրկէ եւ կամ ամբողջութեամբ հակառակը՝ կը քանդէ ճշմարիտ սէրը: Ընտանիքները՝ մանաւանդ հայկական իրականութենէն ներս մինչեւ օրս վճռորոշ դեր կը խաղան կողակիցի ընտրութեան կարեւոր որոշումին մէջ եւ այդ մէկը ունի դրական եւ ժխտական կողմեր:
Ծնողներ յաճախ սեփական փորձառութեան հիման վրայ խորհուրդներ կու տան իրենց զաւակներուն։ Այդ փորձառութիւնները պատճառ կ՚ըլլան զաւկի աւելի յստակ հեռանկար ունենալուն՝ մանաւանդ կողակիցի ընտրութեան պարագային: Յաճախ անոնք աւելի արդար քննադատութիւն կատարելու ի վիճակի կ՚ըլլան, որովհետեւ սիրոյ վարդագոյն վարագոյրը շատ անգամ արգելք կը հանդիսանայ, որ «սիրող» զոյգեր նկատի չունենան շատ մը կարեւոր յատկութիւններ եւ բնաւորութեան գիծեր, ինչ որ կրնայ լուրջ խնդիրներ յառաջացնել ապագային: Ընտանիքի անդամները ի վիճակի կ՚ըլլան առողջ քննադատութիւն մը կատարել (թէեւ ո՛չ միշտ), այդ իսկ պատճառով կը կարեւորենք ծնողքին կարծիքը՝ ընդգծելով նաեւ սեփական կարծիքի կարեւորութիւնը:
Կը տեսնենք, թէ ընտանիքներ յաճախ կը փորձեն իրենց կարծիքն ու որոշումը բանեցնել իրենց զաւակներուն վրայ։ Ծնողքի մը դերը միայն ու միայն խրատելու եւ կարծիք յայտնելու մէջ է, այլ ո՛չ թէ այդ որոշումներն ու մտածումները պարտադրելու մէջ:
Ընտանիքը կրնայ աւելի շատ քննել կողակից դառնալու թեկնածու անձին մօտ ընտանեկան արժէքները, մշակութային ծագումը, կեանքի հանդէպ համոզումներն ու սկզբունքները, որոնք մեծապէս կը նպաստեն ապագայ երջանիկ ու ներդաշնակ յարաբերութեան: Անոնք ձեր ունեցած սիրոյ ազդեցութենէն դուրս գտնուելով կրնան աւելի արդար դատել ու քննել թեկնածուի յուզական աշխարհը, նիւթական կարողութիւնը, մտային հասունութիւնն ու զոյգերու համապատասխան ըլլալը կամ չըլլալը:
Երիտասարդները՝ որպէս զիրար «սիրող» անձեր, յաճախ վարդագոյն երազներով տարուելով կը մոռնան խոկալու եւ կեդրոնանալու աւելի կարեւոր ու անհրաժեշտ արժէքներու մասին. ինչպէս՝ աւանդութեան, մշակոյթի, կրօնի, ազգութեան ու մարդկային նկարագրի տարբեր ըմբռնումներ ու համոզումներ:
Յայտնենք, սակայն, որ ընտանիքները իրենց այս պարտականութեան մէջ կամաց-կամաց կը սկսին նահանջ արձանագրել՝ վերոյիշեալ կարեւոր արժէքները փոխարինելով ժամանակաւոր ու անցաւոր արժէքներով. օրինակ՝ նիւթական հարստութիւն, ընկերային կարգավիճակ եւ այլն:
Այժմ խօսինք ընտանիքներու ժխտական ազդեցութիւններու մասին: Բազում ընտանիքներ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան իրենց զաւակներուն վրայ՝ այն աստիճան, որ անձը իր հոգիին ու կամքին համաձայն կողակից մը ընտրելու փոխարէն կը փորձէ իր ընտանիքը գոհացնող մէկը գտնել, ինչ որ յաճախ ամբողջութեամբ հակառակ կ՚ըլլայ անձի չափանիշներուն: Յաճախ մեր «սիրած»ը կրնայ չուրախացնել մեր ընտանիքը, փոխադարձաբար մեր ընտանիքին «ընտրած»ը՝ մեզ չ՚ուրախացներ, այսպիսով մեր եւ «ընտրեալ»ին դիմաց մեծ դժբախտութիւններու դռներ կը բացուին: Նման պարագաներու յաճախ անձի մէջ կը բացակայի ամուսնութեան ու կողակից ունենալու նկատմամբ հոգեկան բաժինը եւ այս վիճակը կը վերածուի ընտանիքը գոհացնելու «պարտաւարութեան»՝ քաղցր թուելու համար անոնց, սակայն անձին համար այդ վիճակը կը վերածուի դժուարին պայքարի մը…:
Պէտք է ընդունիլ, որ յաճախ ընտանիքին ակնկալիքներն ու մերը կրնան նոյնը չըլլալ, որովհետեւ ժամանակը՝ փոխելով ամէն բան, փոխած է նաեւ մեզի համար կարեւորութիւն ներկայացնող արժէքներն ու սկզբունքները եւ իսկապէս բախտաւոր է ան, որ կը յաջողի հաւասարակշռութիւն պահել իր եւ իր ծնողքին պատկերացումներուն միջեւ: Ընտանիքներու ճնշումները կը խեղդեն անձի նախասիրութիւններն ու ինքնավարութեան իրաւունքը:
Ընտանիքներու կողմէ բանեցուած ճնշումները պատճառ կ՚ըլլան երիտասարդներու իրենց կամքէն անկախ ամուսնութիւններ կնքելուն։ Այսօր աշխարհի՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի հին մտածողութեամբ ընտանիքներու մէջ բազմաթիւ են այդ դժբախտութեան զոհերը:
Մեր կարծիքով այստեղ մեծ դեր կը խաղայ կրթութիւնը, որովհետեւ ընտանիք մը, որ լաւ դաստիարակած ու անսխալ կրթութիւն փոխանցած է իր զաւակին, կարիքը չունի մտահոգուելու, որովհետեւ արտաքին աշխարհը որքան վտանգաւոր ըլլայ, լաւ արմատ դրած դաստիարակութիւնը կարելի չ՚ըլլար քանդել:
Ծնողներ պէտք է հասկնան, որ իրենց զաւակները, ինչպէս նաեւ անոնց ընտրած կողակիցները իրենց երազները իրականացնելու կոչուած չեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ, ինքնիշխան ու ազատ ըլլալով ունի իր երազները, համոզումներն ու ակնկալիքները։ Ընտանիքի կամքին հակառակ, սակայն զոյգերու կամքին համաձայն ամուսնութիւն մը աւելի ընդունելի է՝ քան հակառակը, որովհետեւ կարելի չէ երիտասարդ մը զոհել ընտանիքը ուրախ պահելու գնով: Քննեցէք հին ամուսնութիւնները։ Կարդացէ՛ք հին գիրքեր ու վէպեր եւ տեսէք արդիւնքը, երբ երիտասարդը զոհելով իր պատկերացումներն ու համոզումները, հլու հնազանդ կ՚ենթարկուի այլոց կամքին:
Որպէս երիտասարդներ՝ պէտք է լաւ ականջ տալ ընտանիքի կարծիքներուն, սակայն այդ բոլորը անգիր ու անսխալ «օրէնք» չընդունիլ, որովհետեւ մեր ընտանիքները եւս սխալական են: Մանաւանդ մերօրեայ ընտանիքները հիմնական արժէքներու փոխարէն՝ տուն-տեղ, դրամ ու պատիւը աւելի առաջնահերթ կը նկատեն: Իւրաքանչիւր ծնողք կ՚ուզէ, որ իր զաւակը նիւթական դժուարութիւններ չունենայ. ամէ՛ն ծնող կ՚ուզէ, որ իր զաւակը վարձով չապրի եւ ունենայ իր սեփական տունը, սակայն այդ մէկը կեանքի ուրախութիւն չ՚ապահովեր։ Այսօր աշխարհ լեցուն է հարըստութեան մէջ ապրող տխուր եւ դժբախտ կիներով, որոնք հարստութեան սիրոյն, զոհելով ամէն սկզբունք, ուրախ կարծեցեալ դժբախտութեան ճամբան բռնած են:
Ընտանիքներ յաճախ հոգեկան արժէքները քննելէ առաջ կը խօսին թեկնածուի արտաքինին մասին. կը ծաղրեն անոր այս կամ այն թերութիւնը՝ մոռնալով, որ իրենց զաւկին համար աւելի լաւ է մարդկային ազնիւ արժէքներով արտաքնապէս ոչ-սիրուն փեսացու մը՝ քան հակառակը, որովհետեւ տմարդի ու անտաշ բնաւորութեան մը դիմաց ո՛չ մէկ արժէք կ՚ունենայ հարստութիւնն ու արտաքին գեղեցկութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, երիտասարդներ իրենց ընտանիքներուն հետ պէտք է կարեւորեն մարդկային արժէքները, որովհետեւ այդ իսկ արժէքներով պիտի դաստիարակուին իրենց թոռները եւ այդպէս պիտի շարունակեն իրենց ընտանիքի շառաւիղը:
Հետեւաբար, ծնողներ, յարգեցէ՛ք ձեր զաւակներուն նախասիրութիւններն ու նախապատուութիւնները, իսկ դուք երիտասարդներ մի՛ անտեսէք ձեր ծնողներու կատարած նկատումներն ու քննադատութիւնները, որովհետեւ լաւ սերտելով կարելի կ՚ըլլայ ճիշդ արդիւնքի մը հասնիլ։ Ձեր եսը յառաջ քշելու փոխարէն լսեցէ՛ք նաեւ ձեր բարեկամներուն կարծիքը, որովհետեւ նման պարագաներու կարելի է կոյր ըլլալ ու չտեսնել շատ մը երեւոյթներ, որոնց համար կրնաք ապագային մեծապէս զղջալ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Ինչո՞ւ շատեր հոգեբանի դիմելը ամօթ կը համարեն:
Պատասխան.- Շատերու մօտ հոգեբանին դիմելը կը պատճառէ ամօթի եւ անբաւարարութեան զգացում, որովհետեւ ոմանք այդ մէկը կը նկատեն՝ որպէս անձնական անզօրութիւն եւ կամ սեփական հարցերը ինքնուրոյն լուծելու անկարողութիւն, ինչ որ իրենց մէջ տկարութեան զգացում կը յառաջացնէ:
Շատեր այդ մէկը ամօթ կը նկատեն, որովհետեւ կը վախնան ուրիշներու կողմէ քննադատուելէ եւ այս երեւոյթին մեծագոյն պատճառը հոգեբանութեան հանդէպ ճիշդ տեղեկատուութեան եւ բացատրութեան պակասն է: Հոգեբանութեան հանդէպ սխալ հասկացողութեան փոփոխութիւնը կ՚օգնէ հոգեկան առողջութեան մասին քննարկման բնականոն դառնալուն եւ կը խթանէ հասնիլ բարելաւման եւ բարեկեցութեան:
Հոգեբանէ մը օգնութիւն ստանալը ամօթ ըլլալէ աւելի սեփական անձին եւ հոգեկան վիճակին հանդէպ բարիք մըն է։ Մերօրեայ կեանքի շատ մը խոչընդոտները վերցնելու համար անհրաժեշտ է հոգեբանի մը դիմելը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024