ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Եկեղեցին եւ ընտանիքը՝ երկու կարեւոր հաստատութիւններ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու, որպէս հոգեւոր եւ մարմնական կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ ազդակներ։ Մարդկային կեանքի ամէն ժամանակաշրջանին՝ այս երկու հաստատութիւնները գործօն դեր կատարած են ընկերային-հասարակական կեանքին բարւոք աճման եւ յառաջդիմութեան գործին մէջ։ Եւ այս ուղղութեամբ՝ մեզի համար անբաժա՛ն են եկեղեցին եւ ընտանիքը։

Բայց, դժբախտաբար, ամէն ժամանակէ աւելի վտանգուած կը տեսնուի այսօր եկեղեցի-ընտանիք միութիւնը եւ նաեւ անոնք, վստահաբար կարելի է ըսել, թէ կորսնցուցած կ՚երեւին նաեւ իրենց կարեւորութիւնը եւ ազդեցութիւնը անջատաբար։ Այսօր, մարդիկ, եկեղեցին կը տեսնեն որպէս պարզ եւ հասարակ հաստատութիւն մը՝ անջատուած իր հոգեւոր վեհ նկարագրէն։ Այսօր, շատեր եկեղեցին կը տեսնեն պարզապէս կարգ մը ձեւականութեան եւ ձեւապաշտական «վայր» մը. հոն կը կատարուին կարգ մը «արարողութիւն»ներ՝ որոնք միայն աւանդուած եւ աւելին՝ պարտադրուած են, որ ստիպողաբար կը կատարուին ձեւականօրէն։ Եւ դժբախտաբար ա՛յս է մեր ժամանակի մտայնութիւնը շատերու մօտ։

Արդարեւ, աշխարհիկ մտայնութիւններ, մոլար վարդապետութիւններ եւ «սատանայական» չար դաւեր եկեղեցիին կենսունակութեան դէմ կը սպառնան։ Եւ այս բոլորին կը միանան «հոգեւոր տգիտութիւն» մը՝ հոգեւոր ուսուցման պակասին, եւ կամ սխալ ուսուցումներու պատճառով։

Ուստի, որեւէ բան սիրելու, անոր հանդէպ համակրանք ունենալու համար, նա՛խ պէտք է, որ ճանչնայ զայն, ծանօթանայ անոր հետ եւ ապա կատարէ իր նախընտրութիւնը՝ սիրէ կամ չսիրէ։ Եւ ասիկա կարելի է իրականացնել ազդու ուսուցումով։ Եւ այդ ալ հոգեւորականին առաջնակարգ եւ անյետաձգելի պարտականութիւնն է։ Մարդոց եկեղեցին չճանչնալու եւ հեռանալու, զայն պարզ եւ հասարակ, միայն կարգ մը ձեւակերպութիւններ կատարուող տեղ մը նկատուելու հարցին պատասխանատո՛ւ է հոգեւորականը։ Անշուշտ այս մասին, ժողովուրդի անտարբերութիւնն ալ դեր կը խաղայ իրենց «հոգեւոր տգիտութեան» մէջ։ Բայց այդ անտարբերութիւնն ալ հետաքրքրութեան վերածել հոգեւորականին հմտութեան կը կարօտի։ Իր կոչումին հաւատարիմ հոգեւորականը ա՛յդ ալ պէտք կատարէ։ Եկեղեցին հրապուրիչ դարձնել հոգեւորականի պարտականութիւնը եւ պատասխանատութիւնն է։

Նիւթապաշտութիւն, հաճոյամոլութիւն անտարբերութիւն կը ստեղծեն հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ։

Նիւթապաշտութեան եւ հաճոյամոլութեան հոսանքներ, նորաձեւութեան օտարամուտ բարքեր, սովորութիններ եւ ապրելակերպեր կը վտանգեն եկեղեցին եւ անոր անմիջական գործակիցը՝ ընտանիքը, տո՛ւնը։ Կասկածներ, խռովութիւններ, անհաւատարմութիւններ, ընտանեկան քայքայումներ, անամօթ դատումներ, սխալ տիպարներ, մոլորութիւններ, սխալ վարդապետութիւններ, սխալ հայեացքներ… բոլոր այս ազդակները մեծ համեմատութիւններ կը ստեղծեն մարդուս վրայ՝ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական-ընկերային կեանքին մէջ։ Եւ հոս, պատասխանատուութեան մեծ բաժին մը կ՚իյնայ նաեւ մայրե՛րուն ուսերուն վրայ։

Դարերու ընթացքին ընտանիքը անհատին միջնաբերդը՝ կեդրոնական ամրոցը, ամուր կառոյցը եղած է. իսկ այսօր «թշնամի» ներխուժումներ եւ թափանցումներ տեղի կ՚ունենան հոն եւ աւերներ կը գործուին ծնողներու անգիտակից հաճոյասիրութեան, անհոգութեան, անհաւատարմութեան եւ անտարբերութեան պատճառով։

Ժամանակին երբ հեթանոս՝ կռապաշտ եւ բարբարոս հորդաներ ներխուժումներ կը կատարէին քաղաքակիրթ երկիրներէն ներս, երկրի իշխաններ կեր ու խումի, հաճոյքի ետեւէ էին, իսկ եկեղեցականներ եւ հոգեւորականներն ալ մեծ ժողովներ կը գումարէին՝ ուր բուռն վիճաբանութիւններ, հակաճառութիւններ, ընդդիմախօսութիւններ տեղի կ՚ունենային, թէ «արդեօք ասեղի մը սուր ծայրին վրայ քանի՞ հրեշտակներ կրնային կայնիլ. թէ Հաղորդութեան Սեղանի վրայ հացը եւ գինին ե՞րբ Յիսուսի Մարմնին կը վերածուէին՝ Սեղանին վրայ դրուելո՞ւն պէս, թէ՝ հաղորդուողին բերանը մտնելէն յետոյ…»

Ձեւապաշտութիւնը, արդարեւ, անտեսանելի կը դարձնէ բունը՝ արտաքինը կը տիրապետէ ներքինին, ինչպէս երբ մարդ ծրարարի մը արտաքին տեսքէն հրապուրուելով՝ կ՚անտեսէ ներքին արժէքը…

Որպէսզի կարենանք ճշմարտութեան հասնիլ, պէտք է թափանցել իմաստին՝ ներքին արժէքին եւ ներգործել, խոր ըմբռնել։

Եւ այսօր եկեղեցին եւ ընտանիքն ալ ըմբռնուած կը տեսնուի միայն արտաքին, ձեւական հաստատութիւններ՝ առանց թափանցելու խորը, անոնց ներքինը։ Այսօր, կը վկայենք ամուսնութիւններու՝ որոնք կ՚անտեսեն ընտանիքի սրբութիւնը, եւ ցաւալի է ըսել, որ այսօր ոմանք կ՚ամուսնանան, պարզապէս ամուսնութեան փորձ մը կատարելու համար եւ եթէ «չյաջողին», պատրաստ են անմիջապէս ամուսնալուծուելու։ Անոնք, կարծես կ՚ամուսնանան ամուսնալուծուելու համար…

Եկեղեցին եւ ընտանիքը՝ անբաժան երկու արժէք են մարդուս թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ մարմնաւոր կեանքին համար, եւ զանոնք անտեսել՝ կեանքին արժէք չտալ կը նշանակէ։

Ուստի, որպէսզի կարենանք Աստուծոյ դատաստանէն զերծ մնալ, անհրաժե՛շտ է, որ ճշմարիտ արժէքներու նկատմամբ անհոգ եւ անտարբեր չըլլանք. ապաշխարութիւնով Աստուծոյ՝ Ճշմարտութեան դառնանք եւ Անոր ողորմութիւնը եւ շնորհքը խնդրենք, մեր ընտանիքներուն, մեր եկեղեցիին եւ մեր ժողովուրդին, ե՛ւ համայն մարդկութեան համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2023